Մայիս 30, 2007ին, Սպիտակ տան բանբեր Թոնի Սնօ լրագրողներուն յայտնեց թէ նախագահ Ճորճ Պուշ Իրաքի մէջ ԱՄՆի զինուորական ներկայութեան հեռանկարով նկատի ունի քորէական տարբերակը։ Այդ տարբերակին համաձայն, բացատրեց ան, ԱՄՆի ներկայութիւնը կ՚ապահովէ Իրաքի անվտանգութիւնը, «տարիներու ընթացքին Հարաւային Քորէայի մէջ զարգացաւ յաջողակ ժողովրդավար համակարգ մը, եւ, հետեւաբար, ԱՄՆը այնտեղ ներկայ է որպէս կայունացման ուժ»:
Նախագահ Պուշի տեսակէտին անմիջապէս արձագանգեցին պաշտպանութեան քարտուղար Ռապըրթ Կէյթս եւ Իրաքի մէջ ամերիկեան զինեալ ուժերու գործողութիւններու վերահսկիչ զօրավարի տեղակալ Ռէյմընտ Օտիերնօ։ Մայիս 31ին, Հաուայիի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Կէյթս ըսաւ, թէ «երկար ժամանակի համար ծրագրուած ներկայութիւն մը Միջին Արեւելքի մէջ ԱՄՆի դաշնակիցներուն կ՚երաշխաւորէ, թէ ԱՄՆը Իրաքէն պիտի չքաշուի՝ այնպէս ինչպէս քաշուեցաւ Վիեթնամէն»: Պաղտատի լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով, Օտիէրնօ իր կարգին դիտել տուաւ, թէ երկարաժամ ներկայութիւն մը կը նշանակէ օգնել Իրաքի կառավարութեան, որ ինքզինք հաստատէ։ Իրաքեան ուժերն են, ըսաւ զինուորականը, որ անվտանգութիւնը պիտի ապահովեն, սակայն ամերիկեան զինուորական ներկայութիւնն է, որ անոնց պիտի տայ անհրաժեշտ զօրակցութիւնը տագնապներու ժամանակ։ Այդուհանդերձ ան ընդգծեց, որ մինչ Քորէայի մէջ ԱՄՆի զինուորական ներկայութիւնը արտաքին վտանգի կանխարգիլման նպատակին կը ծառայէ, Իրաքի մէջ մարտահրաւէրը ներքին թշնամին է։
ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐԱՊԱՅՔԱՐԷՆ ԱՆԴԻՆ
Գործադիր իշխանութեան մակարդակով կատարուած այս յայտարարութիւնները առաջին հայեացքով կը մեկնաբանուին ԱՄՆի 2008ի նախագահական ընտրութիւններու տրամաբանութեան ոլորտին մէջ։ Փաստօրէն, Պուշ կը բացառէ Իրաքէն քաշուելու ժամակացոյցի դեմոկրատներու պահանջը։ Եւ, ամէն պարագայի, Քոնկրէսը 24 Մայիսին արտօնած էր 100 միլիառ տոլարի յաւելեալ յատկացում մը Աֆղանիստանի եւ Իրաքի մէջ պատերազմական գործողութիւններուն համար, առանց այդ յատկացումը պայմանաւորելու դեմոկրատներու առաջարկով։
Սակայն Իրաքի մէջ ԱՄՆի երկարաժամկէտ ներկայութեան հեռանկարին մասին հանրային այս առաջին յայտարարութիւնները կը յուշեն Սպիտակ տան համար արդէն ծայր առած ընտրապայքարի գործընթացէն աւելին։ Ցարդ Իրաքի մէջ ԱՄՆի զինուորական ներկայութեան հեռանկարին մասին պաշտօնական յայտարարութիւնները ընդհանրապէս անորոշ եւ վերացական կ՚ըլլային։ Հիմա արդէն յստակ է, որ որոշ բնորդ մը կայ Պուշի վարչակարգի մտքին մէջ, եւ քաղաքական մարտահրաւէրը անոր մասին դեմոկրատներու հետ համաձայնութեան հասնիլն է։ Ի վերջոյ, Պուշ Սպիտակ տունէն պիտի հեռանայ 2008ին եւ պատմութեան անցնելու իր գլխաւոր խաղաքարտը Իրաքն է։
Աւելի՛ն, դեմոկրատները իրե՛նք տակաւին չունին միանշանակ կեցուածք, եւ քիչ չէ թիւը դեմոկրատ այն ղեկավարներուն, ներառեալ նախագահական թեկնածու Հիլըրի Քլինթընի, որոնք ոչ միայն իրաքեան զինուորական միջամտութեան թեր քուէարկեցին 2002ին, այլեւ իրենց յայտարարութիւններով ոչ մէկ կասկած կը ձգեն Միջին Արեւելքի մէջ վերիվարոյ նոյն քաղաքական ու ռազմավարական ուղեգիծի շարունակման իրենց մտադրութեան մասին։ Փաստօրէն, Քոնկրէսի մէջ մեծամասնութիւն ըլլալով հանդերձ, եւ հակառակ որ Մայիսին ժողովրդային վերջին հարցախոյզը, որ կատարուեցաւ Քոնկրէսի մէջ Պուշի պահանջած յաւելեալ 100 միլիառ տոլարի քուէարկութեան օրերուն, ցոյց կու տար, որ հանրային կարծիքին 61 տոկոսը կը նախընտրէր, որ ԱՄՆը դուրս մնացած ըլլար Իրաքէն, առանց որոշ դեմոկրատներու քուէին Պուշի պահանջած գումարը չէր կրնար տրուիլ առանց պայմանաւորումի։
«ՍԸՐՃ»Ի ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՅԱՉՈՂՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՈՎ
Յունիսի կէսերուն կ՚ամբողջանայ Պուշի Իրաքի կայունացման ծրագրին, ծանօթ՝ «Սըրճ» անուանակոչումով, վերջին հանգրուանը, ընդ որում 8 հազար յաւելեալ զինուորներ պիտի ժամանեն հոն, տարեսկիզբէն ի վեր Իրաքի մէջ արդէն գործող զինուորներուն թիւը 28,500 նոր զօրքերով աւելցնելով։ Յիշեցնենք, որ Պուշ այս ծրագիրը յղացաւ, եւ դեմոկրատ Քոնկրէսին հաւանութիւնը ստացաւ, որպէս այլընտրանք հանրապետական Ճէյմս Պէյքըրի եւ դեմոկրատ Լի Համիլթընի գլխաւորած երկկուսակցական «Իրաքի ուսումնասիրութեանց խմբակի» ներկայացուցած ծրագրին։ Այս վերջինը կ՚առաջադրէր աւելի հաւասարակշուած եւ տարածաշրջանային մօտեցում, որ ԱՄՆի ուժերու Իրաքէն հեռացման ժամանակացոյցի հաստատման առընթեր կը նախատեսէր Սուրիոյ եւ Իրանի ընդգրկումը Միջին Արեւելքի կացութեան կայունացման նպատակով տեղի ունենալիք բանակցութիւններու մէջ, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան հարցին լուծում մը։ Ի տարբերութիւն այս մօտեցման, «Սըրճ»ի ռազմավարութիւնը կը նպատակադրէ հիմնականին մէջ մեծ քաղաքներու, եւ առաջին կարգին՝ Պաղտատի կայունացումը, որմով եւ կը պայմանաւորուի Իրաքի զինուորական միջամտութիւնը որպէս քաղաքական յաջողութիւն ներկայացնելու հեռանկարը։
Մինչեւ ընթացիկ տարուան Դեկտեմբերը, Պուշի վարչակարգին համար անհրաժեշտ է այդ քաղաքական յաջողութիւնը հաւատալի ձեւով ներկայացնել հանրային կարծիքին։ Ատոր յաջողութենէն կախեալ է Միջին Արեւելքի մէջ ԱՄՆի ներկայութեան մշտական բնոյթ տալու համընդհանուր համաձայնութիւն մը՝ Ուաշինկթընի քաղաքական շրջանակներուն մէջ։ Եւ ամէն պարագայի, մինչ քաղաքական գործընթացը այս ուղղութեամբ արդէն ծայր առած է, զինուորական գետնի վրայ Փենթակոնի մէջ արդէն կը ծրագրուին Միջին Արեւելքի մէջ երկարաժամկէտ կեցութեան ռազմավարութեան մարտավարական մանրամասնութիւնները։
ՊԱՂ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԷՉԸ ՓԱԿԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Փաստօրէն, յաջորդ ամիսները ճակատագրական պիտի ըլլան ԱՄՆի «յետ-պաղ պատերազմեան մեծն ռազմավարութեան» վերջնական հաստատագրման իմաստով։ Անով ալ վերջնականապէս պիտի փակուի Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմէն ետք Ճորճ Քենընի ներշնչումով ձեւաւորուած եւ ԱՄՆի քաղաքական դասին մօտ լայն համախոհութիւն գտած համայնավարութեան ծաւալումը զսպելու նպատակը հետապնդող Քոնթէյնմընթ անուանակոչումով ծանօթ «Մեծն ռազմավարութիւնը»։ Փոխարէնը, առնուազն 21րդ դարու առաջին կիսուն, Ուաշինկթընի միջազգային քաղաքականութիւնը պիտի հիմնուի Փրայմըսի անուանակոչումով ծանօթ Մեծն ռազմավարութեան վրայ, որուն նպատակն է երաշխաւորել ԱՄՆի համաշխարհային տիրապետումը։ Եւ եթէ Քոնթէյնմընթի ռազմադաշտը հիմնականօրէն ՆԱԹՕի եւ Վարշաւիոյ Ուխտին միջեւ բաժնուած Եւրոպան եղաւ, Փրայմըսին հիմնականօրէն տեսանելի պիտի ըլլայ Հիւսիսային Ափրիկէէն մինչեւ Կեդրոնական Ասիա երկարող ցամաքամասին վրայ, եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ։ Այդ աշխարհագրական տարածքին մէջ է, որ կը գտնուին աշխարհի ուժանիւթի երկու գլխաւոր աղբիւրներու՝ քարիւղի եւ բնական կազի պահեստները։ Այդ աշխարհագրական տարածքն է նաեւ, որ ծննդոցն է (եւ պիտի մնայ) ԱՄՆի անվտանգութեան ամէնէն մեծ սպառնալիքին՝ իսլամ ծայրայեղականութեան։
«ՅԵՏ-ԳՐԱՒՄԱՆ» ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ԾՐԱԳՐՈՒՄԸ
Կիրակի, 10 Յունիս 2007ի «Ուաշինկթըն փոսթ»ի համարով կը բացայայտուի ԱՄՆի երկարաժամկէտ ներկայութեան զինուորական երեսին ծրագրումը։ Ըստ Թամըս Ռիքսի Պաղտատէն ուղարկուած թղթակցութեան, որ պատրաստուած է աւելի քան երկու տասնեակ բարձրաստիճան սպաներու, հրամանատարներու եւ ռազմագէտներու հետ կատարուած հարցազրոյցներու հիման վրայ, 2008ի աւարտին կամ 2009ի սկզբնաւորութեան, ներկայիս Իրաքի մէջ գործող մօտ 150 հազար ամերիկեան զինուորներու երկու երրորդը պէտք է հեռացած ըլլայ։ Մնացեալ մէկ երրորդին համար կը նախատեսուի տարիներու վրայ երկարող առաքելութիւն։ Աւելի իրապաշտ քան Ուաշինկթընի քաղաքական դէմքերը, որոնք ուժերու ճակատագիրը կ՚որոշեն բացարձակ չափանիշներով, ռազմաճակատի վրայ գտնուող զինուորականները գիտեն, որ նոյնիսկ ամբողջական հեռացում մը չի կրնար անմիջական ըլլալ, տրուած ըլլալով, որ առնուազն տասը ամիս անհրաժեշտ է ամբողջ կայքերն ու զինամթերքը Իրաքէն դուրս բերելու համար։ Սակայն նոյն այդ զինուորականները նաեւ կը պնդեն, որ Իրաքի մեծամասնական շիի տարրին նոյնիսկ ամէնէն հակա-ամերիկեան տիպարները, ինչպիսին է իմամ Մոքթատա Սատր, հազիւ թէ իսկապէս փափաքին ամերիկեան ուժերու ամբողջական հեռացումը։
Ինչ կը վերաբերի աւելի սահմանափակ թիւով զինուորներու երկարաժամկէտ կեցութեան, ան կը յատկանշուի չորս հիմնական տարրերով։ Անոնցմէ առանցքայինը 20 հազար հաշուող զինուորական գումարտակ մըն է, որուն առաքելութիւնը պիտի ըլլայ Իրաքի կառավարութեան անվտանգութեան երաշխաւորումը եւ իրաքեան ուժերու օժանդակութիւնը։ Երկրորդը, 10 հազար հաշուող գումարտակ մը, մարզելու համար Իրաքի զինեալ ուժերն ու ոստիկանութիւնը։ Աւելի փոքր թիւով «Յատուկ գործողութիւններու» միաւոր մը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ սիւննի ըմբոստներու եւ «Քայիտա»ի հետեւորդներու դէմ պայքարին մէջ։ Վերջապէս, այլ 10 հազար զինուորներու պիտի վստահուի խարիսխներու եւ կեդրոնամասերու անվտանգութեան հսկողութիւնը։
Սպասելիօրէն, այս աւելի փոքրաթիւ ներկայութեան ուշադրութեան հիմնական առանցքը պիտի ըլլայ մայրաքաղաք Պաղտատը, որ արդէն «Սըրճ»ի ռազմավարութեան գլխաւոր թիրախն է։ Նախապէս քաղաքներէ հեռու եւ մեկուսացած խարիսխներու մէջ կեդրոնացած ամերիկեան զինուորական ներկայութեան բնոյթը արդէն փոխուած է։ Բաժնուած 60 փոքր յառաջապահ դիրքերու, որոնք հաստատուած են Պաղտատի շրջակայքը, ամերիկեան զինուորներ աւելի խոցելի են ըմբոստներու յարձակումներուն, սակայն աւելի մօտ՝ բնակչութեան, որոնց համակրանքը, եթէ ոչ գործակցութիւնը շահիլը արդէն մաս կը կազմէ ռազմավարութեան։ Առանց մեծ քաղաքներու, յատկապէս Պաղտատի կայունացման, կարելի չէ քաղաքական կամ զինուորական յաջողութեան մը մասին խօսիլ։
(Վերջը յաջորդով)
(*) Խ. Տէր Ղուկասեան քաղաքական գիտութեանց դասախօս է Պուէնոս Այրէսի մէջ եւ ծանօթ հրապարակագիր: