ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Ըստ հայկական մեր բարի սովորութեան, ազգ ու բարեկամութիւն եկած էին մեր խնամիին՝ Պանտազեաններուն բնակարանը, նորեկներուս բարի գալուստ մաղթելու: Այստեղ, գրեթէ ամէն առանձնատուն, մեծ կամ փոքր տարածութեամբ, գեղեցիկ բնութեան մէջ հպարտօրէն բարձրացող պալատի տեսք ունի: Ապագային մեր գնելիքը նոյնպէս: Եւ ամէնէն անհաւատալին՝ Քալիֆորնիայի տուներուն կէս գինը…
Ծանօթ իրողութիւն է, որ ընկեր Պետրոսն ու իր գործունեայ կողակիցը՝ Սթելլան, գաղութին ազդեցիկ ու նուիրեալ ղեկավարներէն են: Եղբայր, այդ մէկը հասկցանք, սակայն այս ի՜նչ ջերմութիւն… ի՜նչ հոգեթով պահեր վերապահուած էր նորեկներուս: Սեդան ու ես զարմացած, յանկարծակիի եկած, շշմած էինք տիրող տաքուկ մթնոլորտին ազդեցութեան տակ: Սակայն մեր տեսածը տակաւին ոչինչ էր գալիքին դիմաց…
Քառասուն տարիէ աւելի, Քալիֆորնիայի հայահոծ տարբեր քաղաքները մեր բնակութեան ընթացքին, Ռիչմոնտի մէջ մեր զգացած ու այս նոր միջավայրին մէջ մեզի վերապահուած ջերմութիւնը չէինք զգացած: Ափրիկէ մեր կեցութեան ընթացքին, որպէս Հայ Դատի պատասխանատու, բոլոր սրտով ու ամբողջութեամբ նուիրուած էինք մեր արդար դատը այդ աշխարհամասի ղեկավարութեան ու մտաւորականութեան ծանօթացնելու աշխատանքին: իսկ Ռիչմոնտի մեր կուսակցական ընկերները, թէեւ ուշացումով, մեծապէս գնահատեցին անցեալին յանձն առած մեր զոհողութիւնները:
Ասոր կողքին, իրար օգնութեան հոյակապ մթնոլորտ մը կը տիրէ հեռաւոր այս գաղութի հայորդիներուն մօտ, եւ այդ մէկը՝ առանց հրէի-հեթանոսի զատողութեան, առանց նորեկի ու տեղացիի միջեւ տիրող տարբերութիւններուն:
Դրական ու ժխտական երեւոյթներու անդրադառնալէ առաջ, կ՛ուզէի մատնանշել, թէ Ռիչմոնտի նման հայկական փոքր գաղութէն ներս տիրող ազգային ու հայրենասիրական հոյակապ մթնոլորտի գոյացման մէջ, մեծ դերակատարութիւն վերապահուած է հայ եկեղեցիին ու ՀՅԴ կուսակցութեան շարքային ընկեր-ընկերուհիներուն ու անոնց կողքին ամուր կանգնած համակիրներու բանակին:
Ինչպէս կարելի է այսպիսի փոքր գաղութ մը ազգային ոգիով տրոփել տալ, երբ հայկական դպրոց ու կուսակցական ակումբ ու սրահ գոյութիւն չունին: Ահա այստեղ կը շեշտուի դերը յաճախ ոմանց կողմէ արհամարհուած Հայ եկեղեցիին իր նուիրեալ հովիւներով:
Չմոռնանք նաեւ նշելու գաղութէն ներս, ՀՅԴի հովանիին տակ աշխուժօրէն գործող «Քեմփ Հայաստան»ի ազգանուէր, հոյակապ դերը: Արդարեւ անոր պատասխանատուները ամէն ճիգ կը թափեն նոր սերունդը իրարու մօտ բերելու եւ անոր մէջ ազգային ոգի ու գիտակցութիւն սերմանելու: Ռիչմոնտի եկեղեցւոյ երիտասարդ հովիւը՝ հայր Սամուէլ Ռիթ Նաճարեանն ու իր երեցկինը՝ Տանիէլը, ազնուական տեսքով, երիտասարդ ու մարդամօտ, հեզաբարոյ եւ ընկերային զոյգ մըն է, բարեբախտաբար, որ իր սիրտն ու եկեղեցւոյ ամբողջ կառոյցը բաց կը պահէ նոյնիսկ խառն ամուսնութիւն կնքած զոյգերու եւ անոնց զաւակներուն առջեւ:
Ի տես երիտասարդ այս զոյգին նուիրումին, մեզմէ անոնք, որոնք եկեղեցւոյ ապագայով մտահոգ են, հարց պիտի տային, թէ մինչեւ երբ պիտի քաշկռտուի խեղճ կղերին մարդկային բնական պահանջները կուսակրօնութիւն կոչուող տոհմիկ դրոյթի կիրառումով սանձահարելու փորձը…
Այստեղ, տեղին կը գտնեմ, իբրեւ հայ հաւատացեալ, իմ ալ կարծիքս յայտնելու ամուսնացած կղերին ու կուսակրօնութեան կապակցութեամբ:
Երբ այս տողերը կը գրէի, յանկարծ Հռոմի Ֆրանսիս պապին կուսակրօնութեան հայող ու եկեղեցւոյ պատմութիւնը յեղաշրջելու կոչուած մէկ յայտարարութեան ականջալուր եղանք, որ անմիջապէս սփռուեցաւ լրատուական գործակալութիւններու կողմէ, ոգեւորելով կրօնական աշխարհը, կուսակրօն կղերն ու հաւատացեալները: Քահանայապետը անկարելի չէր գտներ ու չէր բացառեր մօտաւոր ապագային Կաթողիկէ եկեղեցիէն ներս ամուսնացած կղեր ունենալու կարելիութիւնը:
Արդարեւ, Պետրոս առաքեալի կողքին, առաջին հինգ քահանայապետները ամուսնացած կղերականներ եղած են: Ասկէ առաջ, շատերու կարգին մենք ալ անդրադարձած ենք կնճռոտ այս հարցին ու վկայակոչած Ափրիկէ մէջ տեսած հետաքրքրական մէկ երեւոյթը, երբ Սուրբ Փաթրիքի տօնակատարութեան երեկոյին, իրլանտացի միսիոնարները, մայրապետներու հետ «թանկօ» եւ «սլօ» կը պարէին, իսկ ներկայ հաւատացեալները իրենց աչքերը չէին թարթեր:
Իսկ մենք ալ, մեր կարգին, իբրեւ աշխարհով մէկ ցրուած ու տարտղնուած ժողովուրդ, պէտք է միջոցներ խորհինք ամուսնացած կղերին եւս յանձնելու Հայ եկեղեցւոյ ղեկը: Թող որ անոնք իրենց ընտրեալներու հետ կարգուին ու կանգուն պահեն եկեղեցին: Այժմ տիրող սեռային այլանդակութիւններու այս դարուն, կարելի չէ միջազգային կղերականութիւնը այպանել… Անոնց շուրջ տիրող սեռային ախտավարակ մթնոլորտն է սայթաքումներու բուն պատճառը:
Անկեղծ ըլլանք, կղերականն ալ միսէ ոսկորէ շինուած է վերջին հաշուով: Ան ալ զգացում ու ֆիզիքական պահանջներ ունի: Ան ալ բոլորիս նման տկար արարած է ու ենթակայ՝ գայթակղութիւններու… Մեզմէ ոչ ոք կատարեալ է: Ուրեմն կարելի չէ կղերը այպանել:
Չեմ ուզեր աւելի խորանալ կնճռոտ այս հարցին մէջ, ընկերաբաններու եւ եկեղեցւոյ պետերուն թողնելով անոր լուծումը:
Գալով Ռիչմոնտի մէջ տիրող լաւ ու վատ, դրական ու ժխտական երեւոյթներուն, պէտք է նշել որ կալուածային ու քարիւղի գիներու մատչելիութեան կողքին, ոգելից խմիչքներու անհաւատալի սղութիւն կը տիրէ: Քալիֆորնիայի մէջ կիրարկուող գիներուն կրկնապատիկը, պիտի վճարես, շիշ մը նախասիրած խմիչքիդ համար: Եղբայր այս ի՜նչ ահռելի գիներ են…
Մեզմէ անոնք, որոնք օրական մէկ երկու բաժակ կը խմեն, իրենց ստեղծագործական թռիչքը պահպանելու համար, տիրող գիներու դիմաց, իրենք զիրենք կը գտնեն անյաղթահարելի անելի առջեւ: Ճաշկերոյթի եւ այլ տօնական երեկոներու ընթացքին, այս գաղութէն ներս հիւրերը մեծ զգուշութեամբ խմիչքը կուլ կու տան: Իսկ մեզի պէս «մոլիները», խմանի կոչումին կ՛արժանանան եթէ զգոյշ չըլլան…
Երեւոյթ մըն ալ յիշատակութեան արժանի է․ հակառակ տիրող սղաճին (խօսքս ըմպելիքի մասին է…), տեղացիները ազնուատեսք, բարեսիրտ մարդիկ են, որոնց երբ որ հանդիպիս, քեզի հետ այնպէս մը կը վերաբերին, կարծես թէ հին ծանօթներ են… Իսկ մեր կեցութեան քանի մը ամիսներուն, երթեւեկութեան հսկող ոստիկանի չհանդիպեցանք… Կարծէք ինքնաշարժի վարիչները մէյ մէկ թեւաւոր հրեշտակներ են… Իսկ գողութեան ոչ մէկ դէպք: Դուռդ բաց, հանգիստ կրնաս պառկիլ:
Կը թուի, թէ ամէն երկիր ու նահանգ իր լաւ ու վատ կողմերը ունի:
Պիտի համակերպիլ ու վայելել գիտնալ…
Ռիչմոնտ, Վըրճինիա