Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի հետ:
Անոնք քննարկեցին Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի փակման պատճառով շարունակուող ճգնաժամին վերաբերողող հարցեր, միտքեր փոխանակեցին վերջին զարգացումներուն, Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային գործընթացին, խաղաղութեան օրակարգին շուրջ՝ կարեւոր նկատելով տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան ապահովման ուղղութեամբ հետեւողական ջանքերը: