ԴՈԿՏ. ՅԱՐՈՒԹ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Ստորեւ՝ Շաբաթ, Մարտ 25ին, Ֆրեզնոյի «Կարօ եւ Ալիս Կիւրէղեան» Հայ մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴի Օրուան տօնակատարութեան ընթացքին ՀՅԴի Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ դոկտ. Յարութ Մկրտիչեանի ներկայացուցած պատգամը․
Տասնամեակներէ ի վեր, շնորհիւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կազմակերպութեան յղացած գաղափարին, աշխարհի տարածքին, հոն՝ ուր Դաշնակցութիւնը ունի կազմակերպութիւն, տարին անգամ մը կը նշուի Դաշնակցութեան Օրը: Այսօր՝ այդ օրն է, որ հիմնականին մէջ կը յատկանշուի Դաշնակցութեան անցած ուղիին մասին խոկումներով եւ հայ քաղաքական կեանքին մէջ անոր կատարած աշխատանքին եւ ունեցած ներդրումին արժեւորումով, միաժամանակ անոր էութիւնը ընդգծել փորձերով։
Եւ իսկապէս, ՀՅԴ Օրուան առիթով իւրաքանչիւրիս միտքին մէջ պէտք է յստականայ, թէ ի՞նչ է Դաշնակցութիւնը։ Այս հարցումին իբրեւ պատասխան կարելի է ոչ միայն երկար խօսիլ, այլեւ հատորներ գրել։
Իբրեւ առաջին հաստատում յստակօրէն կարելի է ըսել, թէ Դաշնակցութիւնը դասական հասկացողութեամբ կուսակցութիւն չէ։ Թիւր կարծիք կայ տարածուած, թէ Դաշնակցութիւնը իր Կանոնագիրն է։ Միանշանակ կրնանք ըսել, որ Կանոնագիրը Դաշնակցութիւնը չէ։
Առաջին հերթին, ըսենք որ Դաշնակցութիւնը իր 132 տարիներու, տարբեր մակարդակներու վրայ, զանազան ձեւերով կռիւ մղող պատմութիւնն է։ Պատմութիւն մը, որ շաղախուած է հազարներու արիւնով, հաւատքով, նուիրումով եւ զոհաբերութեամբ։ Պէտք է ընդգծել, որ այդ կռիւը, եթէ ոչ միշտ, յաճախ մղած է անհաւասար պայմաններու տակ, բայց Դաշնակցութիւնը երբեք չէ ընկրկած, չէ նահանջած եւ ամէնէն էականը՝ երբեք չէ բարոյալքուած, նոյնիսկ երբ պարտութիւններ կրած է։
Դաշնակցութիւնը բարոյական իր արժէքները, ըմբռնումներն ու հասկացողութիւններն են։ Ամէնէն դաժան կռիւներուն մէջ անգամ ան առաջնորդուած է յեղափոխական-բարոյական իր սկզբունքներով եւ անոր հերոսներն ու նուիրեալները կրողը եղած են այդ արժէքներուն եւ շատ յաճախ իրե՛նք իրենց օրինակով ստեղծած են այդ արժէքները եւ հարստացուցած են Դաշնակցութեան բարոյականի կերպարը։ Այլ խօսքով, իր պատմութիւնը ստեղծած է բարոյական կերպարը եւ միաժամանակ բարոյական բարձր նկարագիրի տէր իր նուիրեալները կերտած են ՀՅԴ պատմութիւնը։ Այս փոխադարձ հարստացումը ամէնէն յատկանշական գիծն է անոր գործունէութեան, որ վստահութիւն տուած է հայ ժողովուրդին եւ ներշնչարանը դարձած է նորագիրներու գաղափարական դաստիարակութեան եւ զոհաբերութեան ոգիին։
Դաշնակցութեան թէ՛ պատմութիւնը, եւ թէ անոր բարոյական հոյակերտ շէնքը հիմք ունին ՀՅԴ Ծրագիրը, որ խարսխուած է երկու նշանակալից արժէքներու վրայ՝ որոնք են, ազատութիւն եւ արդարութիւն։
Դաշնակցութիւնը ձգտած է ազատագրել հայ մարդը եւ հայ հողը։ Ազատութեան անոր ընկալումները կը մեկնին ընկերվարական իր համոզումներէն եւ դաւանանքէն։ Անիկա կտրականապէս դէմ է ամէն տեսակ խտրականութեան։ Սակայն անոր պայքարը միմիայն դասակարգային չէ։ Ամէնէն ընդգծելին մարդ արարածին ազատագրումն է, ամէն տեսակի կաշկանդումներէ, կաղապարումներէ, նախապաշարումներէ, հարստահարումներէ եւ վերջապէս ամէն տեսակի շահագործումներէ։ Դաշնակցութիւնը մարդ անհատին․ այս պարագային՝ հայ մարդուն մէջ կը տեսնէ ընկերային այն էակը, որ ազատ, անկաշկանդ եւ արդար միջավայրի մէջ պիտի ունենայ ազատօրէն ապրելու, արտայայտուելու, ինքզինք դրսեւորելու, ստեղծագործելու եւ կեանքին լիարժէք մասնակից դառնալու անհատականութիւն։
Հանեցէք ՀՅԴ Ծրագիրէն ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ հասկացողութիւնը իբրեւ արժէք, Դաշնակցութիւնը կը դառնայ սովորական կուսակցութիւն մը։
Հանեցէք Դաշնակցութեան ծրագիրէն ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ իբրեւ նպատակ, Դաշնակցութիւնը կը պարպուի իր էութենէն։
Որովհետեւ,
Առանց ազատութեան անհասկնալի կը դառնայ անոր գոյութիւնը։
Առանց ազատութեան կ՛աղաւաղուի անոր էութիւնը։
Առանց ազատութեան կ՛այլափոխուի անոր դիմագիծը։
Առանց ազատութեան անիկա կը պարպուի իր բովանդակութենէն։
Հետեւաբար, ամէն փորձ Դաշնակցութիւնը ներկայացնել իբրեւ ԱՆԱԶԱՏ կուսակցութիւն, նպատակ ունի նսեմացնելու անոր պայքարը, անոր դերակատարութիւնը եւ անոր առաքելութիւնը։
Դաշնակցութիւնը գաղափարական իր համոզումներէն մեկնած միշտ ալ ձգտած է ՀԱՅ մարդուն եւ Դաշնակցականին ազատագրումին, որովհետեւ միայն ազատ մարդն է, որ կրնայ խիզախութիւն ունենալ պայքարելու այլոց ազատութիւններուն համար։ Միայն ազատ մարդն է որ կրնայ ձգտումը ունենալ արդար հասարակարգի մը ստեղծման։ Արդար հասարակարգի ստեղծումը Դաշնակցութեան ներազգային եւ գլխաւոր նպատակներէն մէկն է։
Դաշնակցութեան ազատութեան ըմբռնումն ու դաւանանքն են պատճառը, որ աւելի քան հարիւրամեայ այս կուսակցութիւնը քաղաքական մտածողութեան նոր հորիզոններ բացաւ հայ քաղաքական կեանքին մէջ։ Այդ դաւանանքին շնորհիւ է, որ ձեւաւորուեցաւ նոր աշխարհահայեացք, նոր մտահորիզոններ եւ քաղաքական նոր ուղիներ։
Դաշնակցութեան ազատութեան ընկալումը դպրոց մըն է, ուր կը դարբնուին ազատ մտածողութիւնն ու ազատօրէն արտայայտուելու կամքը։
Ազատութեան այս ըմբռնումը կու գայ հայ ժողովուրդի ազատատենչութեան դարաւոր երազներէն։ Այդ պատճառով ալ Դաշնակցութիւնը դարձաւ հարազատ թարգմանը հայութեան իղձերուն, դարձաւ ժողովուրդին սիրելին։ Ժողովուրդը զինք ընտրեց իրեն առաջնորդ, թէ՛ ազգային իղձերու հասնելու իր պայքարին համար եւ թէ ինքնակազմակերպման եւ ներքնապէս ուժ դառնալու համար։
Ուրեմն, անգամ մը եւս կը շեշտենք. Միայն նուիրեալ Դաշնակցականն է, որ կրնայ խիզախութիւնն ունենալ պայքարելու հայ մարդուն եւ Դաշնակցականին ազատագրումին համար։ Ասոր համար է որ կը պայքարինք բոլոր անոնց դէմ, որոնք դաշնակցութեան մէջ ներածեցին ու արտօնեցին փտախտը. որոնք՝ Դաշնակցութեան մէջ գտնելով անլուրջ եւ քմահաճ մարդիկ, անոնց միջոցաւ եւ զանազան միջոցներով կը փորձեն Դաշնակցութիւնը շեղել իր Ծրագիրէն, բարոյական արժէքներէն եւ ժողովուրդին ծառայելու սկզբունքէն: Դաշնակցական նոր մտածելակերպ զարգացնելու համար չէ որ կը պայքարինք, այլ՝ հարազատը պահելու. կը պայքարինք Դաշնակցութիւնը թունաւորող եւ անոր փառահեղ գործունէութեան ճամբուն վրայ գտնուող տարրերը վերացնելու:
Հետեւաբար, այսօր՝ այս բեմէն, կոչ կ՛ուղղենք բոլորին, անոնք ըլլան շարքայիններ կամ համակիրներ, եկէ՛ք մտածենք եւ խօսինք ազատ, պայքարինք ու գործե՛նք միասին, որպէսզի վերադառնանք մեր ակունքներուն, որպէսզի Դաշնակցութիւնը վերադարձնենք հոն՝ ուր ան արժանի է ըլլալ:
Որովհետեւ, ահաւասիկ, իր հիմնադրութենէն 132 տարի ետք, Դաշնակցութիւնը կը մնայ հայութեան ազատութեան տենչանքի եւ հայ ժողովուրդին ծառայելու ջահակիրն ու առաջնորդը:
Որովհետեւ՝ Դաշնակցութեան բարոյական ըմբռնումին ուղին է՝ տալ ժողովուրդին եւ ոչինչ ակնկալել անկէ:
Կեցցէ հայ ժողովուրդը,
Կեցցէ Հայաստան աշխարհը,
Կեցցէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը։