
ՄԱՐԻ ՀԱՅԹԱՅԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 25 Յունիս 1932ին, Քաւալա, Յունաստան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ մօր, մեծ մօր, մօրաքրոջ եւ հարազատին՝ Մարի Հայթայեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 19 Մարտ 2023ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երեքշաբթի, 4 Ապրիլ 2023ին, կէսօրուան ժամը 12ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Old North Church մատրան մէջ (կարմիր եկեղեցի), ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Դուստրը՝ Հռիփ եւ Տաճատ Երէցեան
Թոռները՝ Սարգիս եւ Ժագօ Երէցեաններ
Քրոջ զաւակները՝ Սիմոն եւ Գեղուհի Պօղոսեան եւ զաւակները
Յակոբ եւ Վարդուհի Բալեան եւ զաւակները
Եւ համայն Երէցեան, Պօղոսեան, Բալեան, Մանիկեան, Յակոբեան եւ Օհանեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ (St. Garabed Armenian Apostolic church, 1614 N. Alexandria Ave., Los Angeles, CA 90027):
ՄԱՐԻ ՀԱՅԹԱՅԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, հոգաբարձութիւնը, երեսփոխանական կազմն ու յարակից մարմինները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի փեսային՝ եկեղեցւոյ երեսփոխաններէն Տաճատ Երէցեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՄԱՐԻ ՀԱՅԹԱՅԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի դստեր՝ իրենց ընկերուհիներէն եւ կոմիտէի անդամներէն Հռիփ Երէցեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։