
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ
Արմէն Գարոյի անունը մեր ենթագիտակցութեան մէջ կապուած է Պանք Օթոմանի գործողութեան հետ իբրեւ այդ գործողութեան կազմակերպիչներէն եւ Բաբգէն Սիւնիի եւ Հրաչ Թիրեաքեանի հետ երեք ղեկավարներէն մէկը, հակառակ այն իրողութեան, որ դաշնակցական այս գործիչը տարբեր ժամանակներու, տարբեր աշխատանքներու ուղղակի եւ անուղղակի մասնակից եղած է։ Ան նաեւ ՀՅԴի այն գործիչներէն է, որոնք ունեցած են յեղափոխական գործունէութիւն եւ կատարած են մտաւորական աշխատանք, ինչպէս Ռուբէն Տէր Մինասեան, Նիկոլ Դուման, Գարեգին Նժդեհ եւայլն։
Բուն անունով Գարեգին Փաստրմաճեան, ծնած է Կարին 9 Սեպտեմբեր 1872ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Կարնոյ Սանասարեան վարժարանին մէջ, որ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է յեղափոխական ոգիի զարթնումին մասնաւորաբար Կարնոյ հայութեան եւ անոր երիտասարդութեան մէջ։ Ապա կ՛երթայ Ֆրանսա եւ կ՛ուսանի գիւղատնտեսութիւն։ Համալսարանի ուսանողութեան շրջանին՝ 1895ին, կ՛անդամագրուի ՀՅԴ շարքերուն եւ անոր կեանքը կը դառնայ մէկ մասնիկը հայ յեղափոխութեան եւ հայ ժողովուրդին։
Ուսումը կիսատ ձգելով կը նուիրուի յեղափոխական գործունէութեան։ Առաջին հերթին կը փորձէ օգնութեան հասնիլ Զէյթունի ինքնապաշտպանութեան։ Իսկ 1896ին Բաբգէն Սիւնիի հետ կը կազմակերպէ եւ կը ղեկավարէ Պանք Օթոմանի գրաւման գործողութիւնը՝ իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն հայկական նահանգներուն մէջ սուլթանին կազմակերպած ջարդերուն, որոնց զոհ գացին 300,000 հայեր։ Ան իր յուշերուն մէջ («Ապրուած Օրեր») հետաքրքրական եւ հարազատ կերպով կը նկարագրէ դրամատան գրաւումը եւ անոր յաջորդող իրադարձութիւնները։
Պանք Օթոմանի գրաւումէն ետք, երբ գրաւման մասնակիցները կը տեղափոխուին Ֆրանսա, Արմէն Գարօ կը մեկնի Զուիցերիա եւ կը շարունակէ ուսումը մասնագիտանալով քիմիագիտութեան մէջ, ստանալով դոկտորական աստիճան։ 1900ին կը մեկնի Թիֆլիս եւ կը հիմնէ տարրալուծարան։ 1905-1906 թուականներուն կը կազմակերպէ եւ կը մասնակցի հայ-թաթարական կռիւներուն, դառնալով Թիֆլիսի հայութեան ինքնապաշտպանութեան ոգին։ 1908ին, Օսմանեան սահմանադրութեան պատճառով կ՛անցնի հայրենի քաղաք՝ Կարին եւ կը դառնայ օսմանեան խորհրդարանի հայ երեսփոխան։ Այս ժամանակաշրջանին աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ հայկական նահանգներու մէջ բարեփոխումներ կատարելու համար։ 1914ի աշնան կը գործուղուի Թիֆլիս, ուր կ՛անդամակցի Ազգային Խորհուրդին եւ կը մասնակցի կամաւորական գունդեր կազմակերպելու աշխատանքին եւ կը մասնակցի անոնց մղած կռիւներուն, ռուս-թրքական սահմանին։ 1917ին կը մեկնի Ամերիկա իբրեւ Ազգային Խորհուրդի եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչ։ Հանրապետութեան հռչակումէն ետք, կը նշանակուի Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան եւ կը տանի դիւանագիտական աշխատանք։

1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ծանր ազդած է անոր առողջութեան վրայ, իսկ Հայաստանի անկախութեան անկումը աւելի կը ծանրացնէ անոր վիճակը։ Ան բուժման համար կը մեկնի իր զաւակին՝ Հրանդ Փաստրմաճեանի մօտ Ժընեւ, ուր կը մահանայ 1923 Մարտ 23ին։
Արմէն Գարօ, աւելի քան քառորդ դար իր գործունէութեամբ հանդերձ, մնացած է ստուերի մէջ։ Դաշնակցութեան պատմութեան կարեւորագոյն հանգրուաններուն դերակատարութիւն ստանձնած, միաժամանակ թէ՛ զէնքի եւ թէ գրիչի ծառայելով հանդերձ, անոր գործունէութեան գլխաւոր առանցքը կազմած է հայ ժողովուրդի ֆիզիքական ապահովութիւնը։ Այդ կը վկայեն Պանք Օթոմանի գործողութեան անոր մասնակցութիւնը, հայ-թաթարական կռիւներու սկիզբէն հայկական թաղամասերու ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպելու անոր աշխոյժ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ կամաւորական գունդերու կազմակերպչական աշխատանքներուն անոր եռանդուն եւ ամբողջական նուիրուածութիւնը։ Ան հասկցած էր, որ ՀԱՅ մարդը գերագոյն արժէք է եւ ամէն գնով պէտք է փրկել զայն եւ պաշտպանել անոր գոյութիւնը։ Այս համոզումը եւ իր ընտանիքին ցեղասպանուելու փաստը պատճառ դարձան անոր հիւանդութեան եւ վաղահաս մահուան։
Արմէն Գարօ նաեւ ունեցաւ քաղաքական բաւական կարեւոր աշխատանք թէ՛ օսմանեան խորհրդարանին մէջ եւ թէ Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան ժամանակ, երբ նշանակուած է Միացեալ Նահանգներու մօտ դեսպան։ Երկու պարագաներուն ալ, ան ինքզինք դրսեւորեց որպէս քաղաքական եւ պետական հասուն գործիչ։
Արմէն Գարոյի գործունէութեան եւ անոր քաղաքական, գաղափարական աշխարհը լաւապէս ճանչնալու եւ հասկնալու համար պէտք է կարդալ անոր աւանդը՝ «Ապրուած Օրեր»ը։ Այս հատորին աւարտին կայ բաժին մը՝ «Եթէ Հայերը Չկռուէին» վերնագիրով։ Այս բաժինը անոր գործունէութեան, ապրած կեանքին եւ քաղաքական փորձառութեան եզրակացութիւնը կարելի է նկատել։ Ան հարց կու տայ, թէ ինչ կրնար պատահիլ, եթէ հայ ժողովուրդը չկռուէր ռուսերու կողքին, այլ թուրքերու։ Այս թէականութիւնը զարգացուցած է եւ աւելի նպաստաւոր նկատած է քաղաքական նման ուղղութեան մը որդեգրումը։ Ռուսերու լծակից ըլլալու այդ օրերու քաղաքական վարքագիծին ափսոսանք կամ ինքնաքննադատութիւն կարելի է համարել իր մտորումը։ Այս բաժինը, մասնաւորաբար այս օրերուն յաւելեալ այժմէականութիւն ունի եւ քաղաքական մտածողութեան նոր հորիզոններ կրնայ բանալ հայ քաղաքական միտքին համար։
Իր մահէն հարիւր տարի ետք, Արմէն Գարոն, որպէս յեղափոխական, մտաւորական եւ քաղաքական գործիչ, ուսանելի է թէ նորահաս սերունդներուն համար եւ թէ մասնաւորաբար անոր փոխանցած ջահը կրողներուն համար, որոնք պարտաւոր են ականջալուր մնալ Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին անսակարկօրէն ծառայելու անոր կտակին։