Մեծ հաճոյքով եւ գոհունակութեամբ է, որ թղթատեցի «Ասպարէզ»ի 2007ի Նոր տարուան թիւի յօդուածները: «Բացառիկ»ը իրաւ բացառիկ էր թէ՛ ծաւալով՝ բայց մանաւանդ բովանդակութեամբ: Կարգ մը յօդուածներ անշուշտ միւսներէն աւելի հետաքրքրեցին զիս, որուն համար կ’ուզեմ «խօսիլ» ձեր հետ:
Նախ՝ կը շնորհաւորեմ ձեզ այս «բացառիկ»ին բացառիկութեան համար: Գիտնալով հանդերձ, որ շատեր մեծ ու փոքր ներդրումներ ունեցած են անոր յաջողութեան մէջ, սակայն իմ՝ մամուլի երկար տարիներու ծառայողի մը գլխաւոր գնահատականը կ’երթայ խմբագրութեան, որ արթուն կերպով կը հսկէ (անաղմուկ եւ առանց փողի ու թմբուկի՝ ինչպէս շատեր կը սիրեն ըսել), որ «Ասպարէզ» մնայ իր առաքելութեան ճիշդ ճամբուն վրայ: Օրաթերթ հանել, մանաւանդ այս օրերուն եւ մերօրեայ պայմաններով, հերոսական աշխատանք է:
Դժբախտաբար քիչեր կը գիտակցին այս իրողութեան եւ աւելի քիչ է թիւը նաեւ անոնց, որոնք գրիչ վերցնելով՝ կը շնորհաւորեն այդ իրողութիւնը:
«Բացառիկ»ին մէջ երկու յօդուածներ առաւելաբար ուշադրութիւնս գրաւեցին եւ տուն կու տան այս մտքին:
Յօդուածներ, մէկը Ա. մասին մէջ Անահիտ Սուքիասեանի հարցազրոյցը Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի հետ, միւսը՝ Բ. մասին մէջ Գրիգոր Աչըգեանի ստորագրած «Հայաստանի անկախութեան 15ամեակին առիթով», կը գտնեմ յոյժ հետաքրքրական: Երկուքն ալ անկեղծ, սրտցաւ եւ ախտաճանաչ գրիչէ ելած են, լաւ պիտի ըլլար եթէ պատկան մարմինները զանոնք պրոշիւրի վերածէին, գրքոյկի ձեւով թերեւս, եւ տրամադրէին (թէկուզ նաեւ անգլերէն թարգմանութեամբ) շարքերուն եւ անոնց երիտասարդ սերունդին, որպէսզի երիտասարդ տղաք ու աղջիկներ աւելի ուշադրութեամբ կարդային զանոնք, որ ձեւով մը իրենց կուսակցական-ազգային պատկանելիութեան մաս կազմել տային:
Երա՞զ մըն է արդեօք, կարելի՞ է, չեմ գիտեր (չեմ գիտեր եթէ արմատ կը բռնէ երիտասարդութեան մօտ), բայց կը կարծեմ, որ կ’արժէ ճիգը ընել: Թէեւ այս մէկը պիտի ծառայէ իբրեւ միջոց՝ երիտասարդին հետ «խօսելու», մեծ բաց մը, որուն բանալին տակաւին կը փնտռենք:
Երկարեցաւ! Նպատակս այսքան երկար գրել չէր, բայց այսպէս «ստացուեց»:
Կրկին շնորհաւորութիւններս «Ասպարէզ»ի մեծ ընտանիքին: Գրիչդ դալար:
Ձերդ՝
ԲԱՐՍԵՂ ԳԱՐԹԱԼԵԱՆ
Փետրուար 9, 2007
ԽՄԲ.- Տրուած ըլլալով, որ անձնական շեշտաւորումով գրուած նամակ մըն էր այս, նամակագիրին՝ Բարսեղ Գարթալեանի արտօնութեամբ կը հրապարակենք զայն՝ համապատասխան բաժիններու խմբագրական «հպումներով», սակայն հիմնականին մէջ, երիտասարդութեան առնչուող իր մտահոգութիւններէն մղուած: Կը բաժնենք երիտասարդութեան հետ «խօսելու», անոր առնչուելու ամէնէն ճիշդ ու յարմար «բանալին փնտռելու» Բ. Գարթալեանի մտահոգութիւնը: Ողջունելի կը գտնենք նաեւ այս ուղղութեամբ իր մասնայատուկ առաջարկը, որ անպայման, տեղ մը, հաշուի պիտի առնուի: