ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Գիտութեան եւ առաջատար արհեստագիտութիւններու ազգային հիմնադրամը 1997էն սկսեալ իրականացուցած է աւելի քան 4 միլիոն տոլար արժէքով տարբեր ծրագիրներ: Այս մասին յայտնեց հիմնադրամի նախագահ Յարութիւն Կարապետեան եւ նշեց, որ հայ-ամերիկեան երկկողմանի հետազօտական դրամաշնորհներու ծրագիրով տրամադրուած են 1.3 միլիոն տոլար ընդհանուր գումարով 55 հետազօտական դրամաշնորհներ: Այդ դրամաշնորհային ծրագիրներէն 42ը արդէն աւարտած են, իսկ անոնց ընդհանուր գումարի 80%ը տրամադրուած է հայկական գիտական խումբերուն:
Աւարտած դրամաշնորհային ծրագիրներու շրջանակներով, մասնակից գիտնականներուն կողմէն հրապարակուած են աւելի քան 500 գրախօսուող յօդուածներ եւ զեկոյցներ:
Կարապետեան նշեց նաեւ, որ ընթացքի մէջ գտնուող Ամերիկեան-հարաւկովկասեան քառակողմանի հետազօտական դրամաշնորհային ծրագիրով տրամադրուած է 300 հազար տոլար գումար, որուն 28%ը նախատեսուած է հայկական կողմի աշխատանքներուն համար:
Գիտութեան եւ առաջատար արհեստագիտութիւններու ազգային հիմնադրամը կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիական հետազօտութիւններու եւ զարգացման հիմնադրամի (CRDF) հետ համատեղ, սկսած է հիմնարար հետազօտութիւններ Հայաստանի համալսարաններուն մէջ, 300 հազար տոլար արժէքով:
Նշենք, որ հիմնադրամը կ’իրականացնէ նաեւ հետազօտական դրամաշնորհներու նախագիծերու կազմութեան եւ առնչակից հարցերու դասընթացքներ, կ’աջակցի օտար երկիրներու մէջ կազմակերպուող գիտաժողովներուն հայ գիտնականներու մասնակցութեան եւ գործընկեր կառոյցներ ուղեւորութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ գիտական համաժողովներ կազմակերպելու աշխատանքներուն: