ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Երէկ, Իրաքի հարաւը գտնուող Ամարա քաղաքին մէջ, բուռն բախումներ տեղի ունեցան զինեալներու եւ իրաքեան ապահովական ուժերու միջեւ, հարցականի տակ առնելով երկիրը կառավարելու իրաքեան կառավարութեան կարողութիւնը եւ ապահովական հակակշիռը իրաքեան կողմին յանձնելու ամերիկեան ծրագիրները:
Հարիւրաւոր շիի զինեալներ յարձակում գործեցին երեք ոստիկանատուներու վրայ ու հրդեհի մատնեցին շէնքերը, մինչեւ որ շիի կրօնապետ Մուքթատա Սատր հանդարտութեան կոչ ուղղեց: Հարիւրաւոր ոստիկաններ փորձեցին հակակշռել զինեալներու գործողութիւնները քաղաքին մէջ:
Այս բախումներուն ընթացքին, 10 ոստիկաններ եւ 15 զինեալներ սպաննուեցան՝ ըստ բրիտանական ուժերու բանբերի մը:
Բրիտանական ուժերը Ամարա քաղաքին հակակշիռը երկու ամիս առաջ յանձնած էին իրաքեան իշխանութիւններուն:
Մուքթատա Սատրի համակիր զինեալներու՝ «Մեհտիի բանակ»ի բանբեր մը ըսաւ, թէ կրօնապետը նամակ մը յղած է զինեալներուն, որպէսզի հանդարտին: Նոյն բանբերին համաձայն, բախումները ծայր տուած են այն ատեն, երբ երկու օր առաջ ոստիկանութիւնը տուներ խուժելով ձերբակալութիւններ կատարած է: Ան աւելցուց, որ «Մեհտի բանակը չի հակակշռեր քաղաքը, որ կը պատկանի բոլոր իրաքցիներուն: Մեհտի բանակը չի հակակշռեր ոստիկանատուները եւ այս մասին փոխանցուած բոլոր տեղեկութիւնները սխալ են»:
Բրիտանական իշխանութիւնները, իրենց կարգին, Սատրը ամբաստանեցին, որ հրահրած է այս բախումները:
Այս կացութեան մէջ, Ուրբաթ օր Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ նախագահ Պուշ դէմ է իր իրաքեան վարքագիծը փոխելու բոլոր առաջարկներուն, հակառակ անոր, որ այս առաջարկները սկսած են գալ հետզհետէ աւելի մեծ թիւով հանրապետական քոնկրէսականներէ: Հաղորդուեցաւ նաեւ, որ վաղը, Կիրակի, Սպիտակ տան մէջ արտակարգ, չնախատեսուած եւ ընդարձակ խորհդակցութիւն մը տեղի պիտի ունենայ, քննելու համար Իրաքի կապակցութեամբ նոր ռազմավարութիւն որդեգրելու հարցը: