

ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Հայ եւ ասորի բնակչութիւն ունեցող Մալաթիոյ Չաւուշօղլու եւ Սալքիոփրիւ թաղամասերուն մէջ երկրաշարժը մեծ աւեր պատճառած է։ Յիշեալ երկու թաղամասերու հին տուներուն 90 տոկոսը քանդուած է կամ վնասուած։ Նախքան րկրաշարժները, հայ եւ ասորի համայնքներէն այս թաղամասերուն մէջ կ՛ապրէին շուրջ 60 անձեր։ Անոնցմէ 4ը երկրաշարժին զոհ գացին, իսկ ողջ մնացողները ստիպուած հեռացան քաղաքէն, կը տեղեկացնէ թրքական «Տուվար»ը։
Ըստ նոյն աղբիւրին՝ Սալքիոփրիւ թաղամասի բնակիչները պատմած են, որ աւերակներուն մէջէն սեփական ջանքերով դուրս հանած են երկրաշարժէն տուժածները։ Օրինակ՝ Թապաշ հայ ընտանիքի դրացիները կը յայտնեն, թէ այդ ընտանիքէն ոչ մէկ անդամ փրկուած էր երկրաշարժէն՝ աւելցնելով, որ եթէ կառավարութիւնը ժամանակին ուղարկէր փրկարարներ կամ գոնէ արտօնէր, որ իրենք մօտենային աւերակներուն, հաւանաբար կարելի ըլլար փրկել զանոնք։
Պոնճուքի այն փողոցին մէջ, ուր ծնած է Հրանդ Տինք, մեծ թիւով տուներ քանդուած են։
Մալաթիոյ Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցին եւս վնասուած է։