ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի նախկին վարչապետներ Սելիմ Հըս, Օմար Քարամէ եւ Ռաշիտ Սոլհ Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15ին գումարեցին նիստ մը, որմէ ետք պատասխանեցին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի այն յայտարարութեան, որ կ’առնչուէր երկու օր առաջ կատարած իրենց կոչին։
Անոնք դիտել տուին, որ ներկայ կառավարութիւնը բոլոր լիբանանցիները չի ներկայացներ։ Նախկին վարչապետները աւելցուցին, որ Լիբանանի մէջ չէ եղած քաղաքական կողմ մը, որ անհամաձայն գտնուի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով կազմուելիք միջազգային ատեանին։
Նախկին վարչապետները կոչ ուղղեցին երկխօսութեան սեղան վերադառնալու։ Անոնք հարց տուին, որ արդեօք ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութիւն պահանջող կողմերը կը սխալի՞ն, որովհետեւ կ՚ուզեն երկիրը փրկել իր տագնապէն։
Անոնք յայտնեցին, որ ո՛չ իշխանութիւնը եւ ոչ ալ աթոռը նշանակութիւն մը կրնայ ունենալ, եթէ երկիրը սուղ պիտի վճարէ անոնց գինը եւ պիտի կորսնցնէ իր ազգային միասնականութիւնը։
Նախկին վարչապետները յայտնեցին, որ Լիբանանի իշխանութեան կացութիւնը կարելի է «կոկել» միայն խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններ կազմակերպելով՝ ի մտի ունենալով արդար եւ հաւասարակշռուած ընտրական օրէնք մը։