Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան կարգաւորման ընթացքին կ՛իրականացուին Ռուսիոյ հետ համատեղ մշակուած խաղաղութեան նախաձեռնութիւնները: Այս մասին «Արմէնփրէս»ը տեղեկացաւ «Թասս» գործակալութենէն:
«Այս տարածաշրջանը բառացիօրէն կարելի է անուանել հանգուցային տարածաշրջան, նաեւ տարածաշրջան մը, ուր դեռ յոյս կայ, որ կ՛իրականացուին խաղաղութեան այն նախաձեռնութիւնները, որոնք կողմերը (Հայաստան եւ Ատրպէյճան-Խմբ.) մշակած են Ռուսիոյ հետ միասին», ըսաւ Զախարովա «Սփիւթնիք» կայանի եթերէն:
Ան անպարկեշտութիւն նկատեց Հարաւային Կովկասի մէջ ներգրաւուելու՝ Արեւմուտքի փորձերը: Ըստ անոր՝ այսպիսի քաղաքականութիւն մը կը տարուի ոչ թէ հակամարտութիւնը կարգաւորելու համար, այլ «ճիշդ հակառակ նպատակներով»:
«Դժբախտաբար, մենք երկար տարիներ այստեղ կը նկատենք այդպիսի միտում մը, այժմ Արեւմուտքը ա՛լ աւելի աշխուժացած է զայն», ըսաւ Զախարովա՝ յիշեցնելով, որ արեւմտեան գործընկերներու մասնակցութեամբ հակամարտութիւններու կարգաւորման յաջող օրինակներ չկան, մինչդեռ «Հաւաքական Արեւմուտքի պատճառով եւ նախաձեռնութեամբ հակամարտութիւններուն թիւը կ՛աւելնայ»:
Զախարովա յայտնեց, որ հոն, ուր ոտք կը դնէ հաւաքական Արեւմուտքը, իրավիճակը աւելի լաւ չի դառնար: