Սան Ֆրանսիսքօ, թուական՝ Հոկտեմբեր 22, 2006, հայ Մշակոյթի օրուան տօնակատարութիւն, ճոխ յայտագիր, նուագ, երգ, արտասանութիւն ու հայկական ճաշերու տեսակներ, քիչ մը աղմուկ ու իրարանցում: Հադիսավարուհին՝ Ռուբինա Գասպարեան, խանդավառութեամբ կը շարունակէ յայտագիրը, այս բոլորի ընթացքին մեծարուեցան, յարգուեցան «Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական» ազգ. վարժարանի ուսուցչուհիները մէյմէկ գեղեցիկ գիրքերով:
Ես ալ իբրեւ պարտականութեանս գիտակից համազգայնական, ծոյլ-ծոյլ նստած կը հետեւիմ յայտագրի գործադրութեան, կատարելու համար իմ թղթակիցի պարտականութիւնս: Յանկարծ, հանդիսավարին խօսքերուն վերջին մասերը կարծես կ’արթնցնէ զիս, կը լսեմ հետեւեալ խօսքերը. «Ինչպէս ըսինք, գիրն ու գրիչը մեծ դեր ունին մեր հայ գրականութեան մէջ, այս առիթով նաեւ կ’ուզենք անդրադառնալ մեր գաղութի ընկերներէն, Սան Ֆրանսիսքոյի «Համազգային»ի մասնաճիւղի հիմնադիրներէն անհատի մը, որ ամենայն սիրով եւ համեստութեամբ ներկայ կը գտնուի գաղութի հայկական ձեռնարկներուն եւ իր համեստ գրիչով 3 տարիներէ ի վեր կը կատարէ Սան Ֆրանսիսքոյի գաղութի թղթակցութիւնները «Ասպարէզ» օրաթերթին»:
Քիչ մը շշմած, անդրադառնալով լսածներուս, կ’ըսեմ՝ այս ինչ անտեղի ու աւելորդ խօսակցութիւններ են, գէշ կը զգամ, նեղ կացութեան կը մատնուիմ հանդիսականներու ներկայութեան, ու տակաւին մեր Ռուբինան կը շարունակէ իր պատմութիւնը, ու յանկարծ կը լսեմ. «Սիրելի ընկ. Նուպար, առ ի գնահատանք ձեր ազնիւ ծառայութեան, «Համազգային»ի վարչութիւնը ձեզ կ’ուզէ գնահատել, նուիրելով ձեզի գրիչ մը եւ կ’ըսենք՝ գրիչդ անսպառ»: Ապա կը հրաւիրէ զիս բեմ, ստանալու իմ նուէրը:
Պահ մը այլայլած, չէի գիտեր ինչ ընել, ծափահարութիւնները ստիպեցին զիս, որ երթամ ու նուէրս առնեմ: Յամրաքայլ ու ակամայ մօտեցայ Ռուբինային, յանկարծ բացագանչեց՝ «ընկեր Նուպար, վարկեան մը պիտի սպասես, որովհետեւ նուէրդ մոռցած եմ պայուսակիս մէջ…» ու յանձնարարեց մէկու մը, որ գտնեն պայուսակը ու բերէն նուէրը: Շուրջ երկու վարկեան տեւեց, մինչեւ որ գրիչը գայ: Այդ երկու վարկեանները ինծի համար վերածուեցան երկու ժամուան, ու ինչե՜ր միտքէս անցաւ այդ անվերջանալի երկու վարկեաներու ընթացքին, նախ ըսի. «Չէ, չէ այս անկարելի բան է, գրիչ մը նուէր ստանա՞լ,- որոշեցի երթալ ու տեղս նստիլ,- ի՞նչ պիտի ըսեն այն բոլոր թղթակիցները երբ լսեն, հապա հայ մամուլի մեծամեծնե՞րը, արդեօք անոցմէ որեւէ մէկը գրիչ ստացա՞ծ է»: Տակաւին ինչե՜ր կը մտածէի չեմ գիտեր, երազէ մը արթննալու պէս լսեցի. «Ընկեր Նուպար, հրամմեցէք ձեր նուէրը». դողդոջուն ձեռքերով առի ծրարը, ամբողջ մարմնէս սարսուռ մը անցաւ, յանկարծ, դարձեալ Ռուբինային ձայնը. «Ընկեր Նուպար, հիմա գրիչը ետ պիտի առնենք, որովհետեւ անունդ վրան փորագրելու ժամանակ չունեցանք»: Անմիջապէս ետ տուի գեղեցիկ տուփը, գիտէի, որ գրիչ մը նուէր ստանալու չափ վաստակ չունիմ ես թղթակցական ասպարէզին մէջ: Ինքզինքս թեթեւցած զգացի, ձեռնունայն գացի ու նստեցայ տեղս, նուէրին բեռը թեթեւցած վրայէս:
Այս քանի մը տողերով կուզեմ մեծապէս գնահատել Սան Ֆրանսիսքոյի «Համազգային»ի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան գնահատանքի ազնիւ մտածումը, օրինակելի մտածումը: Փափաքելի է, որ այս գնահատանքի գաղափարը բարի օրինակ դառնայ «Համազգային»ի մեծ ընտանիքին բոլոր վարչութիւններուն, գնահատելու իրենց շրջապատին մէջ գործող, արուեստի ու գրականութեան զանազան մարզերուն մէջ աշխատողները:
Այս առիթով, կ’ուզեմ իմ երախտագիտութիւնը յայտնել «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան, որ ուսուցիչներու կարգին մտածած են նաեւ իմ մասին.. Կը խոստանամ բոլորիդ՝ շարունակել «Ասպարէզ»ի թղթակցութիւններս այնքան ատեն, որ ուղեղս, աչքերս, մատներս ու համակագիչը սիրալիր ու համերաշխ կը գործակցին իրարու հետ:
Կը վստահեցնեմ բոլորիդ, որ այս «Գրիչը» պիտի կրկնապատկէ պարտաւորութիւններս մեր սիրելի գաղութին համար: