ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հինգշաբթի, Դեկտեմբերի 14ին, Ֆրանսայի մշակոյթի եւ հաղորդակցութեան նախարար Ռենօ Տոնետիօ տը Վապր եւ Հայաստանի դեսպան Էտուարտ Նալբանդեան Փարիզի «Քոնսիերժըրի» սրահին մէջ բացումը կատարեցին «Հայաստանի 12 մայրաքաղաքները» նիւթով ցուցահանդէսին, որ պիտի տեւէ մինչեւ յառաջիկայ տարուան Մարտ 18:
Ֆրանսայի մշակոյթի նախարարը իր բացման խօսքին մէջ, բարձր գնահատելով ցուցահանդէսի նշանակութիւնը, զայն համարեց Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի տարուան առանցքային ձեռնարկներէն մէկը, որ լաւագոյն պատկերացումը կու տայ Հայաստանի հարուստ պատմութեան եւ քաղաքակրթութեան մասին:
Դեսպան Է. Նալբանդեան նշեց, որ Հայաստանի մայրաքաղաքներու այդ «բազմութիւնը» կը ցոլացնէ հայ ժողովուրդի փոթորկոտ եւ հարուստ պատմութիւնը, ժողովուրդ, որ դարերու ընթացքին պահպանած է իր մշակութային եզակի ժառանգութիւնը՝ իբրեւ ժամանակի կողմէ թելադրուած միակ ուղենիշ:
Մօտաւորապէս 1200 քառակուսի մեթր տարածութեամբ սրահին մէջ ցուցադրուած են պատմական Հայաստանի 12 մայրաքաղաքներու վերաբերեալ (Վանէն Արտաշատ, Տիգրանակերտէն Դուին, Վաղարշապատէն Անի, Սիսէն մինչեւ Երեւան) տեղեկութիւններ, հին եւ ժամանակակից լուսանկարներ, Երեւանի Պատմութեան թանգարանի հաւաքածոներէն զարդարուեստի իրեր, ազգային տարազներ, ասեղնագործութեան նմոյշներ, հին գորգեր, խաչքարեր եւայլն:
Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Ֆրանսայի մշակոյթի եւ արտաքին գործոց նախարարութեանց, Ֆրանսայի Ազգային յուշարձաններու կենտրոնի, Փարիզի նշեալ սրահի, Ֆրանսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի միացեալ ճիգերով: Ցուցահանդէսի հեղինակներն են ճարտարապետ Նարեկ Սարգսեան եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արուեստի հիմնարկի ճարտարապետութեան բաժնի վարիչ Մուրատ Հասրաթեան: