ՊԱՔՈՒ, «Նոյեան Տապան».- «Լրագրողներ առանց սահմանի» միջազգային կազմակերպութիւնը կոչ ըրած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն, որպէսզի ետ կանգնին «Ազատութիւն» ռատիոկայանի, «Ամերիկայի ձայն»ի եւ BBC-ի վերասփռումը դադրեցնելու իրենց մտադրութենէն:
Անցեալ շաբաթ Ատրպէյճանի Հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի ազգային խորհուրդը որոշած է, որ Յունուար 1էն սկսեալ Ատրպէյճանի երեք ռատիոկայանները, ինչպէս նաեւ պետական ռատիոն պէտք է դադրեցնեն նշուած արտասահմանեան կայաններու վերասփռումը:
«Այս որոշումը ուղղուած է միջազգային լրատուամիջոցներու դէմ, որոնց անկախութենէն Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը վախնան: Հեռատեսիլի եւ ռատիոյի ազգային խորհուրդը, դժբախտաբար, կը վերահսկուի քաղաքական իշխանութիւններու կողմէ, որոնք ամէնէն շատ կը ցանկան սահմանափակել արեւմտեան լրատուամիջոցներու ազդեցութիւնը», ըսուած է «Լրագրողներ առանց սահմանի» կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ: