Ուրբաթ, 13 Հոկտեմբերի երեկոյեան, սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, Էնսինօ, հանդիսաւորապէս նշուեցաւ «Սրբոց երիցս երանեալ հարցն մերոց, հոգեշունչ թարգմանչաց» նախատօնակի արարողութիւնը, նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց եւ սարկաւագաց դասերուն։ Նախատօնակի աւարտին, առաջնորդ սրբազանը հոգեշունչ քարոզ մը ուղղեց ներկաներուն, յիշելով, թէ «թարգմանիչ հայրերը երկրաւոր փառքը արհամարհեցին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի գահը հաստատեցին, Մովսէսի նման աստուածային նշանագրերը Հայաստան աշխարհ բերին եւ Ս. Հոգիով լեցուած՝ աստուածգիտութեան ծածկուած խորհուրդը մարդոց յայտնեցին»։ Առաջնորդ սրբազանը նշեց նաեւ, որ այսօրուան պէս Դպրեվանքի մէջ ալ նոյն այս արարողութիւնը կը կատարուի, որովհետեւ «Դպրեվանքին ներշնչում տուող, Դպրեվանքը վերանորոգող, մնայուն ոգի ջամբող ախոյեաններն են թարգմանիչ հայրերը»։
Արարողութեան յաջորդեց Դպրեվանքի սանուց միութեան կազմակերպած ճաշկերոյթ տարեկան ձեռնարկը, եկեղեցւոյս «Աւետիսեան» սրահէն ներս։ Աւելի քան 450 անձեր ներկայ էին ճաշկերոյթին, նախկին դպրեվանեցիներ եւ Դպրեվանքի առաքելութեան հաւատացող բարերար-բարեկամներ։ Երեկոյթին հիւրընկալներն էին՝ Դպրեվանքի նախկին սաներէն Զօհրապ եւ Լիզա Մանուկեաններ, որոնք 30 հազար տոլարի նուիրատուութեամբ քաջալերած էին ձեռնարկը։
Թարգմանչաց նուիրուած «Որք զարդարեցին» շարականի երգեցողութեամբ հոգեւորականաց թափօրը, գլխաւորութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր, մուտք գործեց սրահ։ Ապա ներկայ դպրեվանեցիները միաբերան երգեցին «Սիրտ ի սիրտ» դպրեվանուց քայլերգը, որմէ ետք կատարուեցաւ սեղանի օրհնութեան աղօթքը։
Բարի գալստեան խօսք արտասանեցին օրուան հանդիսավարներ՝ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան եւ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան, որմէ ետք օրուան պատգամաբեր Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան, իր խօսքին մէջ վեր առաւ Դպրեվանքի երէկի եւ այսօրուան առաքելութիւնը եւ անոր բերած նպաստը ազգի ու հայրենիքի ծառայութեան մէջ։
Օրհնութեան խօսքը փոխանցեց առաջնորդ սրբազանը, յիշեցնելով ներկաներուն, թէ անցնող տարուան նոյն այս ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը Արամ Ա. կաթողիկոսին։ Առաջնորդ սրբազանը, խօսելով Դպրեվանքի առաքելութեան մասին ըսաւ, որ Դպրեվանքը բոլոր դպրեվանեցիները թրծեց կրօնի հուրով եւ ազգին սիրով, որովհետեւ այս երկու նուիրական սրբութիւններուն ծառայելը իւրաքանչիւր դպրեվանեցիի կոչումը եղած է։ Խօսքի աւարտին, սրբազանը գնահատեց Դպրեվանքի սանուց միութեան կազմակերպիչ յանձնախումբը, առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինը, Ազգային վարչութիւնը եւ կաթողիկոսութեան Ազգ. կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը եւ բոլոր բարերարները, որոնք իրենց նիւթաբարոյական աջակցութեամբ սատար կը հանդիսանան Դպրեվանքի վերելքին, հոգեւորական ու ղեկավար մարդու պատրաստութեան անոր առաքելութեան։
Պաշտօնական առաջին այս բաժնէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ նախկին դպրեվանեցի եւ յեղափոխական երգերու մեկնաբան՝ Գառնիկ Սարգիսեան, որ երեկոն ծաղկեցուց եւ ներկաները ներշնչեց յեղափոխական եւ ազգային երգերու կատարումով, մասնակցութեամբ՝ «Քնար» նուագախումբին։
Ձեռնարկէն խանդավառ, ազնիւ բարերարներու եւ դպրեվանասէր ժողովուրդի ազնիւ զաւակներու քաղցր նուիրատուութեամբ հաւաքուած գումարը հասաւ աւելի քան 85 հազար տոլարի։
Ուշ գիշերին, ներկաները լիցքաւորուած եւ գոհունակ սրտով՝ վերադարձան իրենց տուները։