ՕԹԹԱՈՒԱ, «Հորիզոն».- Հոկտեմբեր 18ին, պաշտօնական այցով Քանատա գտնուող ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանի ի պատիւ յատուկ ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ Քանատայի խորհրդարանին մէջ: Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան եւ Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործակցութեամբ կազմակերպուած այս ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան 20 երեսփոխաններ, հանգստեան կոչուած հայազգի ծերակուտական Ռէյմոնտ Սէթլաքուի, վարչապետ Ս. Հարփըրի խորհրդարանական քարտուղար Ճէյսըն Քէնի, ՀՀ դեսպանատան հաւատարմատար Արման Յակոբեան, դեսպանատան անձնակազմը, Խաժակ արք. Յակոբեան, Բագրատ եպս. Գալստանեան, վեր. Մհեր Խաչիկեան, Հ.Յ.Դ. Քանատայի Կեդրոնական Կոմիտէն, Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագրութիւնը եւ այլ հիւրեր:
Բացման խօսք ուղղեց Հայ-քանատական խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան նախագահ՝ երեսփոխան Կէրի Կուտյիր, որ յատկապէս անդրադարձաւ հայ-քանատական կառավարական մակարդակի յարաբերութիւններու սերտացման անհրաժեշտութեան: Ան նշեց նաեւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վարչապետ Հարփըրի անցնող Ապրիլին կատարած յայտարարութիւնը եւ շեշտեց, որ այդ քայլով Քանատա անցեալի վէրքի մը ապաքինման նպաստած եղաւ: Ան աւելցուց նաեւ, որ Հայ-քանատական խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան վերակազմումով, Հայաստանի եւ Քանատայի միջեւ գործակցութեան նոր հորիզոններ պիտի բացուին:
Նախարար Օսկանեան ելոյթ ունենալով յայտնեց, որ Քանատա հարաւային Կովկասի մէջ աւելի գործօն դերակատարութիւն պէտք է ունենայ եւ նպաստէ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան, կայունութեան եւ ժողովրդավարական սկզբունքներու ամրապնդման գործընթացին: Այս բոլորին կողքին, նախարարը շեշտեց, որ Քանատա իր փորձառութեամբ կրնայ մեծապէս օժանդակել նաեւ տարածաշրջանի ականազերծման աշխատանքներուն: Տնտեսական բնագաւառէն ներս, նախարարը հաստատեց, որ Քանատա մեծ դեր կրնայ ստանձնել Հայաստանի տնտեսական զարգացման առնչութեամբ եւ զարկ տալ տնտեսական գործակցութեան:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն, նախարար Օսկանեան շեշտեց, որ երկու երկիրներու խաղաղ գոյակցութիւնը կ’իրականանայ՝ եթէ Թուրքիա ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ այս ուղղութեամբ իր շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց բոլոր այն երկիրներուն, որոնք ճանչցած են Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Իր խօսքի աւարտին, նախարարը Հայ-քանատական խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան անդամ երեսփոխաններուն հրաւէր ուղղեց այցելելու Հայաստան:
Խօսք առաւ նաեւ երեսփոխան Ճէյսըն Քենի, որ անդրադարձաւ Քանատայի զարգացման գործընթացին մէջ քանատահայութեան բերած հսկայական ներդրումին եւ աւելցուց, որ Քանատայի կառավարութիւնը փոխադարձաբար իր ներդրումը պիտի բերէ Հայաստանի ընկերային եւ տնտեսական զարգացման ուղղութեամբ:
Նոյն օրուան երեկոյեան, նախարար Օսկանեան պաշտօնական հանդիպում ունեցաւ Քանատայի իր պաշտօնակից Փիթըր Մըքքէյի հետ: