ԼԱՇՔԱՐ ԿԱՀ, Աֆղանիստան, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 19ին, անձնասպանական արարք մը եւս ցնցեց հարաւային Աֆղանիստանը, որու հետեւանքով սպաննուեցան «քանի մը աֆղաններ» եւ վիրաւորուեցան հինգ բրիտանացի զինուորներ, որոնք յարձակումին թիրախն էին:
Նոյն օրը, իտալացի լրագրող մը առեւանգած աֆղան խմբակ մը կոչ ըրաւ Իտալիոյ իշխանութիւններուն, որ անմիջապէս իտալական ուժերը հեռացնէ Աֆղանիստանէն, սպառնալով այլապէս սպաննել լրագրողը:
Չորեքշաբթի օր, ՆԱԹՕի ուժերու եւ թալեպաններու միջեւ բախումները հարաւային Աֆղանիստանի մէջ 20 քաղաքային զոհ պատճառած էին, ըստ տեղական ոստիկանութեան։ Զոհերուն 12ը արձանագրուած էին, երբ «կորսուած» հրթիռ մը հարուածած էր բնակարան մը։
Յայտնենք, թէ այս տարուան ընթացքին աւելի քան 3000 զոհ արձանագրուած է Աֆղանիստանի տարածքին տեղի ունեցած յարձակումներուն: Սպաննուած են նաեւ 150է աւելի օտարահպատակ խաղաղապահ զինուորներ: