ԽԱՂԱՂԱՊԱՀՆԵՐԸ 25 ԹՈՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ ՏԵՂԱՓՈԽԵՑԻՆ
Արցախի մէջ դարձեալ կազ չկայ: Ստեփանակերտէն յայտնեցին, որ Ատրպէյճան դարձեալ արգելափակեց Հայաստանէն մտնող միակ կազատարը:
Շրջափակման շուրջ երկու ամիսներուն ընթացքին, Արցախ կապոյտ վառելանիւթէն կը զրկուի արդէն 7րդ անգամն ըլլալով:
«Պարբերաբար ընդհատելով եւ մասնակիօրէն վերականգնելով գազամատակարարումը ադրբեջանական կողմը նպատակ ունի ոչ միայն խորացնելու հումանիտար (մարդասիրական) ճգնաժամը, այլեւ` անորոշութեան զգացողութիւնը», յայտարարեցին Արցախէն:
Ռուսական խաղաղապահներու «Թելեկրամ»ի ալիքը հաղորդեց, որ զօրախումբի զինուորները Ստեփանակերտի կաթնամթերքի գործարանին փոխանցեցին 25 թոն մարդասիրական օգնութիւն:
«Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի զինծառայողները՝ «Հայեր միացէք» միջազգային բարեգործական կազմակերպութեան հետ համատեղ Լեռնային Ղարաբաղ տեղափոխեցին եւ Ստեփանակերտի կաթնամթերքի գործարանին փոխանցեցին 25 թոն մարդասիրական օգնութիւն», կը կը տեղեկացնէ ալիքը:
Ասոր զուգահեռ, Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին միջնորդութեամբ եւ ընկերակցութեամբ 8 Փետրուարին Արցախէն Հայաստան տեղափոխուեցան 17 անձեր։ Այս մասին կը հաղորդէ ԿԽՄԿի պատուիրակութեան հաղորդակցման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի:
«Ընտանիքի վերամիաւորման նպատակով մեր միջնորդութեամբ 17 անձ տեղափոխուել է Հայաստան», նշեց ան։
Յայտնենք, որ Կարմիր Խաչի միջնորդութեամբ, ընտանիքի վերամիաւորման նպատակով, Արցախէն Հայաստան տեղափոխուածներու թիւը հասաւ 58ի: