
Ինչպէս օրին հաղորդած էինք, 28 Յունուարին, Պեվըրլի Հիլզի ոստիկանութիւնը յայտարարած էր, թէ սկսած է հետապնդել քաղաքին տարածքին եւ անոր մօտակայ շրջաններուն մէջ տեսնուած հակահայ թռուցիկները, որոնք ատելութեամբ լեցուն սպառնական գրութիւններ կը պարունակէին։ Թռուցիկները տարածուած էին այն օրը, երբ ՀԵԴն Արցախի պաշարման դէմ քայլարշաւ-բողոքի ցոյց կազմակերպած էր Ատրպէյճանի հիւպատոսարանին առջեւ։ Սակայն, Պեվըրլի Հիլզի ոստիկանութիւնը Երեքշաբթի օր յայտարարեց, թէ որոշած է կասեցնել հետապնդումը, որովհետեւ հասած է այն եզրակացութեան, որ թռուցիկներուն մէջ արտայայտուածները պաշտպանուած է Միացեալ Նահանգներու Սահմանադրութեան առաջին յաւելուածով, որ կը վերաբերի արտայայտուելու ազատութեան։
Յիշեցնենք, որ թռուցիկներուն վրայ գրուած է հետեւեալը. «Ատրպէյճան, Թուրքիա, Փաքիստան եւ Իսրայէլ 4 եղբայրներ են, որոնք քարտէսէն պիտի ջնջեն Հայաստանը, եթէ Աստուած կամենայ»։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան քննադատեց Պեվըրլի Հիլզի ոստիկանութեան այս անպատասխանատու որոշումը՝ շեշտելով, որ վայրագութեան սպառնալիքի յստակ կոչերը եւ ազգի մը հասցէագրուած ցեղասպանական սպառնալիքները պաշտպանուած չեն Սահմանադրութեան առաջին յաւելուածով, յուսախաբութիւն յայտնելով ոստիկանութեան կեցուածքին նկատմամբ։
Ան շեշտեց, թէ ատելութիւն հրահրողները եւ ցեղասպանութեան դիմելու սպառնալիքներ կատարողները պէտք է պատժուին, իրենց սպառնալիքները գործադրութեան դնելէ առաջ։
Յիշեցնենք, որ օրին Պեվըրլի Հիլզի քաղաքապետ Լիլ Պոս, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Քերըն Պես, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան եւ շարք մը այլ քաղաքական գործիչներ եւ հրէական կազմակերպութիւններ դատապարտած էին ատելութիւն հրահրող նշեալ թռուցիկները։