Սուրիոյ Կարմիր Մահիկը կոչ ըրաւ՝ վերցնելու Սուրիոյ դէմ հաստատուած միակողմանի պատժամիջոցները` երկրաշարժի հետեւանքները վերացնելու համար: Կազմակերպութեան ղեկավար Խալետ Հպուպաթի Դամասկոսի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Սուրիոյ յատուկ մեքենաներու եւ սարքերու մատակարարումը անհրաժեշտ է:
Իր կարգին, Չինաստան կոչ ուղղեց Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն, որ անմիջապէս դադրեցնէ Սուրիոյ դէմ գործադրուած տնտեսական պատժամիջոցները, որոնք արգելք կը հանդիսանան միջազգային ընտանիքի մարդասիրական օգնութիւնները Սուրիա հասցնելու։
«Սուրիոյ մէջ մարդասիրական կացութիւնը ահաւոր է, եւ ասիկա իրողութիւն մըն է, զոր կարելի չէ անտեսել», յայտարարեց Միջազգային Կարմիր Խաչը:
Նշենք, որ երկրաշարժի զոհերու ընդհանուր թիւը՝ հասաւ 20,000ի, մեծամասնութեամբ՝ Թուրքիոյ մէջ արձանագրուած: