ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի «Համազգային»ի թատրոնի դահլիճին մէջ, Նոյեմբեր 20-30ին տեղի պիտի ունենայ «Նռան հատիկ» մանկապատանեկան 6րդ թատերական փառատօնի եզրափակիչ փուլը։
«Նռան հատիկ»ի մարզային փուլը տեղի ունեցած էր Ապրիլ-Յուլիս ամիսներուն, որուն մասնակցող մարզերու, մայրաքաղաքի եւ Արցախի 22 թատերախումբերէն ընտրուած 14 լաւագոյն թատերախումբերը ելոյթներ պիտի ունենան եզրափակիչ փուլին։
Փառատօնը կառավարութեան օժանդակութեամբ կազմակերպած են «Նախաբեմ» կրթամշակութային միութիւնը, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը: «Նռան հատիկ» փառատօնին համար 2006ի ամավարկէն յատկացուած է 2 միլիոն դրամ։