ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ա-Ինֆօ».- Հոկտեմբեր 17-19ին, BBC-ի նախաձեռնութեամբ Ախալցխայի ժողովրդական համալսարանի շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային փոքրամասնութիւններու վերաբերեալ լրագրողական խորհրդաժողով:
Խորհրդաժողովին կը մասնակցէին բրիտանական մէկ այլ՝ IWPR կազմակերպութեան կողմէ հիմնադրուած եւ Սամցխէ-Չաւախքի մէջ երկու լեզուներով (հայերէն, վրացերէն) հրատարակուող «Հարաւային դարպաս» թերթի թղթակիցները: Խորհրդաժողովի ընթացքին լրագրողները ծանօթացան ազգային փոքրամասնութիւններու կեանքը լուսաբանելու BBC-ի փորձառութեան: