Երեքշաբթի, 24 Յունուարի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան ընդունեց այցելութիւնը Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութեան եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան ներկայացուցիչներէն Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան նախագահ դոկտ. Նազարէթ Տարագճեանի, գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանի, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութեան հովիւ վեր. Հենրիկ Շահնազարեանի եւ փոխնախագահ վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի, որոնք Ազգային առաջնորդարան եկած էին սրբազանին հետ քննարկելու հայութիւնը յուզող զանազան հարցեր:
Զրոյցի աւարտին հիւրերը իրենց խորին ցաւակցութիւնները յայտնեցին Թորգոմ եպիսկոպոսին՝ թեմի նախկին առաջնորդ Եփրեմ արք. Թապագեանի վախճանման առիթով:
Հուսկ, առաջնորդ սրբազանը դրուատեց Աւետարանական համայնքի ազգային-քրիստոնէական, գաղութային եւ հայրենական գործունէութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին՝ իրենց ապագայ ծրագիրներուն մէջ: