
26 Յունուարին, Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ տեղի ունեցաւ Լաչինի միջանցքի փակման ստեղծած մարդասիրական ճգնաժամին վերաբերող քննարկումը, որուն ընթացքին կեանքի ուղիի բացման կոչ ուղղեցին տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչներ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»ը:
Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին հայկական պատուիրակութեան անդամ Հայկ Մամիջանեան պատուիրակներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքը փակելուն պատճառով յառաջացած մարդասիրական լուրջ հարցերուն վրայ՝ զանոնք յորդորելով մտածել 120 հազար հայերուն մասին:
«Մեզնից ոմանք այսօր նիստից յետոյ կը գնան Ստրասբուրգում ռեստորան: Եւ խնդրում եմ ձեզ՝ մինչեւ կ՛ընտրէք ձեր ընթրիքը, յիշէք, որ 120 հազար մարդ Լեռնային Ղարաբաղում ոչինչ չունեն ընտրելու՝ բացի մակարոնից կամ հնդկաձաւարից. ոչ բանջարեղէն, ոչ մրգեր, ոչինչ: Եւ, յարգելի գործընկերներ, երբ դուք կը հասնէք հիւրանոցի ձեր յարմարաւէտ ու տաք սենեակներ՝ թաքնուելու սառը քամուց եւ նորութիւններ նայելու, խնդրում եմ՝ յիշէք, որ 120 հազար հայ ոչ գազ ունեն, ոչ ելեկտրաեներգիա օրը 6-8 ժամ: Ձեզնից նրանք, որոնք երեխայ ունեն, խնդրում եմ պատկերացրէք, թէ դուք ինչ կ՛անէիք, եթէ աշխարհում ինչ-որ մէկը խանգարէր նրանց կրթութեանը, եթէ դասասենեակներում այնքան ցուրտ լինէր, որ դպրոցները ստիպուած լինէին փակուել շուրջ 1 ամիս»:
Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Կիպրոսի պատուիրակ Կոնսթանթինոս Էֆսթատիուն Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակումը եւ արցախցիներուն համար մարդկային ճգնաժամի ստեղծումը նկատեց ցեղասպանական արարք՝ կոչ ուղղելով անյապաղ դադրեցնելու միջանցքի շրջափակումը:
Ան նկատել տուաւ, որ ասիկա աղէտալի ազդեցութիւն պիտի ունենայ ոչ միայն հայերուն եւ ատրպէյճանցիներուն, այլ նաեւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին վրայ:
Ան ընդգծեց, որ մարդիկ սովամահ ընելը, առանց ելեկտրականութեան, դեղորայքի ձգելը ցեղասպանական արարք է: Ցեղասպանութեան տարրերէն մէկն է ստեղծել կեանքի այնպիսի ծանր պայմաններ, որոնց նպատակն է մարդոց խումբի ֆիզիքական ոչնչացումը:
«Ցեղասպանութեան վճռորոշ պահ է, եկէք չզոհենք մարդիկը՝ քաղաքական պայմաններէ կամ ազգային շահերէ մեկնելով: Այս աշխարհին մէջ իւրաքանչիւր անձի իրաւունքն է արժանապատիւ կեանք ապրիլ: Ուղերձը պէտք է յստակ ըլլայ՝ դադրեցուցէք Լաչինի միջանցքի շրջափակումը», եզրափակեց Կիպրոսի պատուիրակը:
Մեծն Բրիտանիոյ ներկայացուցիչ Ճիլ Մորթիմըր յայտնեց, որ Լաչինի միջանցքը փակող ցուցարարները միայն պատճառ կը դառնան ճգնաժամի վատթարացման՝ անկախ իրենց շարժառիթներէն:
Ան շեշտեց, որ վերջին 30 տարիներուն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տեղի ունեցած պատերազմները մնայուն լուծման եւ երկու երկիրներու միջեւ դրական յարաբերութիւններու չեն հասցուցած:
«Ես Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի կառավարութիւններուն կոչ կ՛ուղղեմ՝ ներգրաւուելու ԵԱՀԿի ջանքերու՝ ապահովելու խաղաղութիւն եւ կայունութիւն: Այժմ մենք կը տեսնենք դանդաղ քայլերթ դէպի մարդկային աղէտ: Մենք պէտք է կանխենք զայն», ըսաւ ան:
Ան հաստատեց, որ Ատրպէյճան պէտք է երաշխաւորէ մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու ապահով անցումը Լաչինի միջանցքի երկայնքով՝ երկու ուղղութիւններով: Ան նաեւ շեշտեց, որ շրջանը դէպի քաոս եւ հակամարտութիւն տանող որեւէ քայլ պէտք է կասեցուի:
Շուէտի պատուիրակութեան անդամ Պորիանա Ապերկ նշեց, որ Ատրպէյճան կ՛անտեսէ Լաչինի միջանքը բանալու բոլոր կոչերը՝ հակառակ միջազգային զգալի ճնշման:
Ան խոր ափսոսանք յայտնեց, որ խորհրդաժողովին մէջ ստիպուած են դարձեալ քննարկելու Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամը: Ան շեշտեց, որ բանավէճը օրակարգի ամէնէն վերջին կէտերէն է, եւ անդամներէն քիչեր ներկայ են:
«Լեռնային Ղարաբաղի 120 հազար անձերու տառապանքը աւելի մեծ ուշադրութեան արժանի էր: Բայց նախ եւ առաջ անոնք արժանի են, որ յարգուին իրենց հիմնարար իրաւունքները: Ասիկա տարածքային ամբողջականութեան հարց չէ, Հայաստանի կամ Ատրպէյճանի հարց չէ, ասիկա մարդու իրաւունքներու հարց է», շեշտեց ան:
Ապերկ հաստատեց, որ ատրպէյճանական կողմը թոյլ չի տար նորոգել ելեկտրամատակարարման բարձրավոլթ հաղորդալարը, որով Արցախը ելեկտրականութիւն կը ստանայ Հայաստանէն:
Ան յիշեցուց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին եւ Եւրոպական խորհրդարանին կոչերը՝ բանալու Լաչինի միջանցքը՝ աւելցնելով, որ միջազգային զգալի ճնշում կայ, սակայն Ատրպէյճան որոշած է անտեսել այս կոչերը: «Կ՛ուզեմ հարց տալ՝ ի՞նչ գործողութիւններու պէտք է ձեռնարկուին, որպէսզի Ատրպէյճան կատարէ իր պարտաւորութիւնները՝ իբրեւ Եւրոպական խորհուրդի անդամ», եզրափակեց Ապերկ: