Թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանն ու Ազգային վարչութիւնը գոհունակութեամբ կը յայտնեն Ազգային վարժաններու Խնամակալ մարմինի նոր կազմին նշանակումը։ Նորակազմ Խնամակալ մարմինի անդամ նշանակուած են հետեւեալ ազգայինները.-
Դոկտ. Արմինէ Յակոբեան, Սօսի Յովսէփեան, Մարիսա Սարեան, Աւօ Քէշիշեան, Վարդգէս Թովմասեան, Քրիս Քէօսեան, Արա Պետրոսեան, Ճորճ Չորպաճեան եւ Մարք Կէտիկեան:
Երկուշաբթի, 16 Հոկտեմբերին, ի ներկայութեան Ազգային վարչութեան փոխատենապետ եւ Խնամակալ մարմինի մօտ ներկայացուցիչ՝ տոքթ. Յակոբ Տէր Մկրտիչեանին, նորակազմ Խնամակալ մարմինը իր առաջին նիստը գումարեց եւ ընտրեց իր դիւանը հետեւեալ ձեւով.-
Ատենապետ՝ Աւօ Քէշիշեան, ատենադպիր՝ դոկտ. Արմինէ Յակոբեան, գանձապահ՝ Մարք Կէտիկեան
Յանուն առաջնորդ սրբազան հօր եւ Ազգային վարչութեան, կը շնորհաւորենք նորակազմ Խնամակալ մարմինն ու նորտընտիր դիւանը, յաջողութիւն մաղթելով իրենց յառաջիկայ կրթանուէր աշխատանքներուն, ի խնդիր Հայ նոր սերունդի մեր զաւակներուն բարւոք ապագայի կերտման։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՉՆՈՐԴԱՐԱՆԻ