ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի բոլոր մայրուղիները բաց են ու երթեւեկելի՝ հակառակ Դեկտեմբեր 15 գիշերը սկսած եւ շարունակուող առատ ձիւնին: Ըստ «Հայաւտոճան» ընկերութեան, մայրուղիներու երթեւեկելիութիւնը ապահովելու նպատակով, ընկերութեան համապատասխան մեքենաները ձիւնը կը մաքրեն եւ աղ ու աւազ կը սփռեն Բերդ-Ճամբարակ, Գաւառ-Մարտունի-Վարդենիս, Եղէգնաձոր-Վայք, Սիսիան-Գորիս-Կապան ճանապարհահատուածերուն մէջ:
Ըստ «Հայհիտրոմեթ»ի առաջատար մասնագէտ Գագիկ Սուրէնեանի՝ ձիւնի խաւի բարձրութիւնը Մարտունիի, Ապարանի եւ Աշոցքի մէջ աւելի քան 14 սանթիմեթր է, Արարատեան դաշտին եւ Երեւանի մէջ՝ 5-6 սանթիմեթր: