Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ կոչ ուղղելով անյապաղ բանալու Լաչինի միջանցքը:
Ըստ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան՝ Պլինքըն ընդգծեց, որ Լաչինի միջանցքին մէջ մարդասիրական ճգնաժամը կը վտանգէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հեռանկարները:
«Նախարարը խրախուսեց նախագահ Ալիեւը՝ կրկնապատկել ջանքերը Հայաստանի հետ երկկողմ խաղաղ բանակցութիւններուն մէջ» կ՛ըսուի հաղորդակցութեան մէջ:
Պլինքըն հեռաձայնային զրոյցին մասին գրած է իր «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ՝ ըսելով. «Միացեալ Նահանգները յանձնառու է աջակցելու այդ ջանքերուն»:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս նախորդ շաբաթ յայտարարած էր, որ՝ «այս հարցը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի համար անձնական առաջնահերթութիւն է»: