ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Առեւտուրի եւ տնտեսական զարգացման նախարութիւնը արտօնած է «Արմինեըն քափըր փրոկրամ» ընկերութեան, որ շարունակէ ուսումնասիրել եւ նպատակայարմարութեան պարագային շահագործել Թեղուտի պղնձամոլիպտենային հանքավայրը (Թումանեանի տարածաշրջան): Կազմուած նախագիծին, որ արդէն ներկայացուած է բնապահպանութեան նախարարութիւն, բնագիտական փորձաքննական խումբը տուած է դրական եզրակացութիւն:
Ըստ Հայաստանի Կանաչներու միութեան նախագահ Յակոբ Սանասարեանի, հանքարդիւնաբերութեան տրամադրուող 1970 հեքթար անտառատարածքը, որու բուսական եւ կենդանական աշխարհի նմոյշներէն շատեր արձանագրուած են Հայաստանի եւ միջազգային Կարմիր գիրքերու մէջ, հանքի շահագործումէն յետոյ կրնան ի սպառ ոչնչանալ: Շահագործման ընթացքին, ըստ Յ. Սանասարեանի, պիտի հատուին 27 հազար զանազան տեսակի ծառեր: Հանքավայրէն բխող ըմպելի եւ ոռոգման ջուրի աղբիւր հանդիսացող Շնող գետը ու անոր չորս վտակները, որոնցմէ կ’օգտուին շրջանի քանի մը բնակավայրեր, 15 տարի յետոյ կը դառնան անօգտագործելի, նաեւ Թեղուտ եւ Շնող համայնքները սնող հարիւրաւոր հեքթար գիւղատնտեսական հողեր կը փճանան:
Բնապահպանութեան նախարարութիւնը արդէն հաստատած է այս նախագիծը, սակայն պատրաստ է անգամ մը եւս լսելու, քննարկելու, ընդունելու արդիւնաւէտ առաջարկներ: