19 Յունուարին, Եւրոպական խորհրդարանը Լաչինի միջանցքին հարցով ընդունեց «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շրջափակման մարդասիրական հետեւանքները» վերտառութեամբ բանաձեւը, որ Ատրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ՝ անյապաղ բանալու Արցախը աշխարհին կապող միակ ուղին եւ ձեռնպահ մնալու Հայաստանի ու Արցախի միջեւ երթեւեկութեան, ուժանիւթի եւ հաղորդակցական կապերը խափանելու գործելակերպէն:
Բանաձեւին միջոցաւ քննադատուեցաւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ հայութեան նկատմամբ խտրական հռետորաբանութիւնը, ինչպէս նաեւ կարեւոր նկատուեցաւ առանց նախապայմաններու եւ ԵԱՀԿի Հելսինքեան Եզրափակիչ համաձայնութեան հիման վրայ բանակցութիւններու վերսկսիլը:
Եւրոպական Միութեան օրէնսդիր մարմինի ներկայացուցիչները կը դատապարտեն նաեւ ռուս խաղաղապահներուն անգործութիւնը, ՄԱԿին կամ ԵԱՀԿին կոչ կ՛ուղղեն՝ փաստահաւաք առաքելութիւն գործուղելու Լաչինի միջանցքը եւ կը յորդորեն կողմերը՝ վերսկսելու խաղաղութեան բանակցութիւններուն:
«Ես մտահոգ եմ Լաչինի միջանցքի միամսեայ շրջափակման պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին հետզհետէ աւելի ծանրացող մարդասիրական իրավիճակով», յայտարարեց Իսլանտայի արտաքին գործոց նախարար եւ Եւրոպական խորհուրդի Նախարարներու կոմիտէի նախագահ Թորտիս Քոլպրուն Ռէյքֆեորտ Կիլֆատոթիր:
Ան կոչ ուղղեց՝ անյապաղ վերականգնելու միջանցքով տեղաշարժի ազատութիւնը իրավիճակի հետագայ վատթարացումէն խուսափելու համար՝ կողմերը յորդորելով մտահոգութիւնները կարգաւորելու երկխօսութեան միջոցով:
Եւրոպական խորհուրդի Նախարարներու կոմիտէի նախագահին իբրեւ պատասխան՝ Պաքու կոչ ուղղեց՝ «ըլլալու անկողմնակալ եւ զերծ մնալու գործողութիւններէ եւ յայտարարութիւններէ, որոնք կրնան վտանգել տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը: Ատրպէյճանի տարածքին մէջ անօրինական տնտեսական եւ ռազմական գործողութիւններուն դէմ բողոքի ցոյցերը Ատրպէյճանի քաղաքացիներուն իրաւունքն է, եւ անոր հետ պէտք է յարգանքով վերաբերիլ», յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւին արձագանգեց Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը՝ Եւոպական Միութեան գործադիր իշխանութենէն ակնկալելով յստակ գործողութիւններ:
Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ այս գործընթացը կը յանգեցնէ Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմիններուն վրայ ճնշման, որպէսզի վերջիններս իրենց կարգին ճնշում բանեցնեն Ատրպէյճանի վրայ՝ վերջ տալու իր վարած ցեղային զտման քաղաքականութեան եւ վերադառնալու խաղաղ բանակցութիւններուն՝ ԵԱՀԿի Հելսինկեան եզրափակիչ յայտարարութեան հիմնարարար սկզբունքներուն հիման վրայ: