Ատրպէյճանի բանակի ընդհանուր հրամանատար Քերիմ Վելիեւ այցելեց Քարվաճարի եւ Բերձորի շրջաններու կարգ մը զօրամասերը եւ ստուգեց ստորաբաժանումներու մարտական պատրաստուածութիւնը: Այս մասին յայտնեցին ատրպէյճանական լրատուամիջոցները՝ վկայակոչելով այդ մասին պաշտօնական հաղորդագրութիւնը:
Ըստ այդ րապարակումներուն՝ Վելիեւ յանձնարարականներ տուաւ, մասնաւորապէս՝ «ժամանակին եւ վճռականօրէն կասեցնելու որեւէ սադրանք»:
Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն՝ Հայաստանի հետ սահմանին գտնուող զօրամասերը հրամանատար Վելիեւ այցելած էր նաեւ 17 Յունուարին: