ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու գլխաւոր յանձնակատար Ֆոլքեր Թիւրք կոչ ուղղեց՝ անյապաղ եւ ամբողջութեամբ բանալու Լաչինի միջանցքը եւ ապահովելու ազատ տեղաշարժը: Այս մասին գրուած է ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի «Թուիթըր»ի պաշտօնական էջին վրայ:
«Ուտելիքի, դեղորայքի եւ այլ հիմնական ապրանքներու եւ ծառայութիւններու անսահմանափակ հասանելիութիւնը էական նշանակութիւն ունի տուժած բնակչութեան կողմէ մարդու իրաւունքներու իրագործման համար», կ՛ըսուի գրառման մէջ: