ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ա-Ինֆօ».- Հոկտեմբեր 16ին ԵԱՀԿ Ազգային փոքրամասնութիւններու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի Վրաստանի ներկայացուցչութենէն Չաւախք ժամանեց ծրագիրներու համակարգող Փաւլօ Պեալիք:
Ան այցելեց Ախալքալաքի ATV-12 եւ Նինոծմինդայի «Փարվանա» հեռատեսիլներու գրասենեակներ եւ հետեւեցաւ այնտեղ կատարուող աշխատանքներուն:
Յիշեցնենք, որ հեռատեսիլի այս կայանները հիմնադրուած են ԵԱՀԿ ազգային փոքրամասնութիւններու ծրագիրներով եւ մինչեւ այսօր ալ կը շարունակեն գործել նոյն ծրագիրներու շնորհիւ:
Նշենք նաեւ, որ ԵԱՀԿ Ազգային փոքրամասնութիւններու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի Վրաստանի ներկայացուցչութիւնը կը հովանաւորէ եւ համապատասխան կերպով կը վերահսկէ նաեւ Ախալքալաքի եւ Նինոծմինդայի «Լեզուի տուներու», ու Իվանէ Չաւախիշւիլիի անուան Թիֆլիսի պետական համալսարանի Չաւախքի մասնաճիւղը: