ՀԱՊԿ-Ն ԵՒ ՌՈՒՍԻԱ ԿԸ ՀԱԿԱԶԴԵՆ
10 Յունուարին, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ ՀԱՊԿի զօրավարժութիւնները այս տարի Հայաստանի մէջ տեղի պիտի չունենան՝ նշելով միայն, թէ այս իրավիճակին մէջ Հայաստան այդ մէկը նպատակայարմար չի նկատեր:
Տարեսկիզբին, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ Հայաստանի մէջ «Անխորտակելի եղբայրութիւն 2023» նշանաբանով միացեալ զօրավարժութիւնները իրականացնելու մասին:
Փաշինեան ըսաւ, թէ կայ թիւրըմբռնում: «Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը ՀԱՊԿ միաւորուած շտաբին գրաւոր տեղեկացրել է, որ մենք Հայաստանում նման զօրավարժութիւն անցկացնելը այս իրավիճակում նպատակայարմար չենք համարում: Այդ զօրավարժութիւնները յամենայնդէպս այս տարի Հայաստանում չեն կայանայ», յայտարարեց ան:
Խօսելով ՀԱՊԿի ու Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն մասին` Փաշինեան ըսաւ, որ 44օրեայ պատերազմէն ետք, Հայաստանի հիմնական թեման Ռուսիոյ հետ ապահովական օրակարգով եղած է այն հարցը, որ Ատրպէյճան պիտի փորձէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ ոտնձգութիւններ կատարել:
«Այդ խօսակցութիւնների ժամանակ մենք ստացել ենք հաւաստիացումներ, որ Հայաստանի սահմանները կարմիր գիծ են անվտանգութեան ոլորտի մեր դաշնակիցների համար: Երբ տեղի ունեցան 2021ի Մայիսի իրադարձութիւնները Սոթք-Խոզնավար հատուածում, մենք ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնների շրջանակում ակնկալել ենք կոնկրետ (յստակ) գործողութիւններ ՌԴ գործընկերներից: Ի պատասխան մեր դիմումների, ստացել ենք պատասխան, որ ՀՀ եւ Ադրբեջանի միջեւ սահմանները դէմարկացուած (սահմանագծուած) չեն», ըսաւ Փաշինեան՝ աւելցնելով. «Երեւանում կայացած գագաթաժողովում մեր առաջադրած հիմնական խնդիրն այն էր, որ գործնական խնդիր ունենք ի ցոյց դնելու ու հասկանալու` որն է ՀԱՊԿ պատասխանատուութեան գօտին Հայաստանում, ու մենք ասել ենք, որ առանց այս գծի արձանագրման որեւէ այլ փաստաթղթի ընդունում չենք պատկերացնում»:
Ան նաեւ դիտել տուաւ` Ատրպէյճան Արեւմուտքի մէջ կը զարգացնէ խօսոյթ մը, ըստ ուրոն՝ իբր թէ Հայաստան Ռուսիոյ հետ միացեալ յարձակողական գործողութիւններու պիտի ձեռնարկէ Ատրպէյճանի նկատմամբ, առ այդ, իրենք կանխարգելիչ գործողութիւններու կը դիմեն: Ասիկա, ըստ Փաշինեանի, անհեթեթ է, բայց ուքրանական իրադարձութիւններու լոյսին տակ, այդ խօսոյթը հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ: «Մենք Ռուսաստանի մեր գործընկերների ուշադրութիւնը հրաւիրում ենք այդ փաստին` արձանագրելով, որ նրանց չարձագանգման պայմաններում ՌԴ ներկայութիւնը ոչ միայն չի երաշխաւորում ՀՀ անվտանգութիւնը, այլ նաեւ սպառնալիքներ է ստեղծում ՀՀ անվտանգութեան համար: Մենք այս փաստերն արձանագրում ենք: Մենք աշխատում ենք այս խօսակցութիւնը պահել աշխատանքային խորհրդապահական մակարդակում», ըսաւ Փաշինեան:
Փաշինեանին պատասխանեցին ՀԱՊԿէն եւ Ռուսիայէն։ ՀԱՊԿն յայտարարեց, թէ Հայաստանի մէջ նախատեսուած զօրավարժութիւնները կրնան տեղի ունենալ այլ երկրի մը մէջ: «Այժմ Միացեալ ղեկավարման մարմինին մէջ կը մշակենք այդ վարժանքները կազմակերպութեան անդամ այլ երկիրներու տարածքին մէջ իրականացնելու առաջարկներ եւ 2023ին, Հաւաքական անվտանգութեան ուժերու եւ միջոցներու ձեւաւորման ու անոնց կառավարման օրգաններու պատրաստութեան միացեալ ծրագիրի յստակացումներ կը կատարենք», կ՛ըսուի ռազմական դաշինքին տարածած յայտարարութեան մէջ։
«Ռիա Նովոսթի» գործակալութիւնը, վկայակոչելով Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքովի խօսքերը՝ յայտնեց, որ Ռուսիա կը պատրաստուի պարզաբանել 2023ին Հայաստանի տարածքին Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) զօրավարժութիւնները իրականացնելէ՝ Երեւանի հրաժարելուն վերաբերող յայտարարութիւնը:
«Ասիկա Հայաստանի վարչապետին կողմէ բաւական նոր յայտարարութիւն է: Կը կարծեմ, թէ ՀԱՊԿի գծով գործընկերները կապի մէջ կ՛ըլլան, կը յստակեցնեն Հայաստանի դիրքորոշման մանրամասնութիւնները: Ամէն պարագայի, Հայաստան մեր շատ մտերիմ դաշնակիցն է: Մենք կը շարունակենք երկխօսութիւնը, նաեւ՝ այն հարցերուն վերաբերեալ, որոնք այժմ շատ բարդ են», ըսաւ Փեսքով՝ մեկնաբանելով Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը: