Պատրաստեց Եւ Վարեց՝
ՎԱՐԴԻ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ

Նախաձեռնողի տաղանդ ունենալը ինքնուրոյն մտածելակերպ դրսեւորելուն մէջ է, որ ի յայտ կու գայ մարդուս անմիջական թէ ընկերային կեանքին մէջ: Այդպիսի խառնուածքի տէր մարդիկ օժտուած կ՛ըլլան արարողի՛, ստեղծագործողի, տաղանդով, որ իրենց ինքնավստահութեան աղբիւրն իսկ է: Հազուադէպօրէն կը հանդիպինք այսպիսիներուն:
Ինքնուրոյն ըլլալու համար, արարողի՛, ստեղծագործողի՛ հաւատք պէտք է ունենալ, տեղ մը, ներսիդին աճող, որ կը սնանի ի վերուստ տրուած բացառիկ տաղանդով մը, որ օր մը կը մերժէ ամէն կաղապար եւ կ՛ըլլայ ինքզինք:
Ասոնց հոգին կը ճառագայթէ իրենց անձէն դուրս, կը ճաճանչէ դէմքին վրայ: Ան ներկայ է ի՛ր ձեւաչափերով եւ ոչ՝ ուրիշի: Այդ հոգին ինքն իր մէջ ամբողջական է, եւ անիկա իր գրաւչութիւնը ունի, որ կը վարակէ շուրջինները: Այս զարտուղի մարդիկը ներկայութիւն են հոն, ուր իրենց արարելու տաղանդով կը յաջողին անկարելին կարելի դարձնել:
Ահաւասիկ այդպիսիներէն է դոկտ. Օննիկ Քէշիշեան, ի վերուստ կարգուած՝ իբրեւ նոր ուղիներ, նոր յղացքներ որոնող մարդ, ճամբայ հարթող ուսուցիչ: Հաղորդական է իր խօսելակերպը, համեմուած՝ անեքտոթներով (մանրավէպ) եւ սրամիտ ակնարկներով, բայց նաեւ առինքնող՝ իր լրջախոհ բանիմացութեամբ եւ ինքնուրոյն եզրակացութիւններ կայացնելու կարողութեամբ։ Իտէալապաշտ է, բայց նաեւ՝ անուրանալօրէն իրապաշտ: Երիտասարդ սերունդին համար փնտռուած իմաստուն գիտնական-դասախօսն է գաղափարներու մշտանորոգ շտեմարանը, մատչելի ու իրա՛ւ:
Ան մեր ազգային սրբագոյն արժէքներու կրողներէն է մեր մէջ։ Ակնածանքով կը խօսուի իր իրականացուցած ծրագիրներուն, յաղթահարած մարտահրաւէրներուն եւ ազգանուէր գործունէութեան մասին: Ուղղամիտ է եւ պարկեշտ, բայց նաեւ՝ պահանջատէր: Գործնական է իր մօտեցումը եւ իրապաշտ՝ մեր բոլոր նախաձեռնութիւններուն առընչութեամբ, այնքան ատեն որ անոնք կը ծառայեն մեր ազգային եւ համահայկական նպատակներուն:

Ժառա՞նգը իր ծնողներէն: Համեստութիւնն է, որ իր անձին շուքը դարձած նկարագրի գիծ է, եւ նաեւ իրեն փոխանցուած համակ նուիրումը՝ մեր ազգին, մեր եկեղեցւոյ, մեր մայրենիին ու ընտանիքին: Իր ականջներուն մէջ բոյն դրած հօր պատգամը ամէնօրեայ յուշ մըն է, ուղղուած՝ իրեն, եւ իր եղբօրը՝ Օշինին.
«Եթէ որպէս կեանքի ընկերուհի չընտրէք հայուհի, հայրական օրհնանքս չէք ստանար»։
Տարբեր չէր ալ կրնար ըլլալ: Օննիկ Քէշիշեան 1961ին կ՛ամուսնանայ Քրիստին Ռուբինեանի հետ, որուն ծնողները Լեւոն եւ Մարի Ռուբինեաններն էին: Քրիստինը Օննիկին հետ, միասնաբար, չորս սերունդի հայեցի դաստիարակութիւնը ապահոված՝ իրենց կեանքերը այսօր Աստուծոյ կողմէ օրհնուած կը համարեն ու հոգիները՝ խաղաղած: Բախտաւորուած են երկու զաւակներով՝ Նարեկ եւ Գէորգ: Նարեկը ժառանգած է իր հօր տաղանդը: Շատ սիրուած ու փնտռուած ուսուցիչ է, իսկ Գէորգը, որ կը կրէ իր հօրենական մեծ հօրը անունը, ամուսնացած է հայուհիի մը՝ Թալինին հետ, եւ ունին 3 զաւակներ՝ Արամ, Կարէն եւ Դալար:
Զինք մտիկ ընելու, իր կեանքի պատմութեան աւելի մօտէն ծանօթանալու համար անոնց կ՛այցելեմ: Ահա Օննիկը, իր կեանքի 90 տարիները գրպանածի, եւ նոր ամեակներ գլորելու զուարթամտութեամբ մը կ՛ընէ իր եւ իր ծնողքին պատմութիւնը, որ, ըստ իրեն, ոչինչով կը տարբերի Սփիւռքի մէջ ապրող որեւէ ընտանիքի ապրած կեանքէն: «Ընդամէնը ջարդէն ճողոպրած եւ որեւէ հայկական գաղթօճախի մը մէջ կայք հաստատած, աւելի ճիշդը, եթէ կ՛ուզես, հայու տաքուկ բոյն հաստատած սփիւռքահայու պատմութիւն է», կ՛ըսէ ան:
Ազգն ու ազգայինը առաջնահեթութի՞ւն են ձեզի համար,- կը հարցնեմ։
«Անշո՛ւշտ: Բայց զիս կը մտահոգէ մեր ժողովուրդին անտարբերութիւնը, եւ կը յուսամ, որ սխալած ըլլամ հաշիւներուս մէջ, սակայն կը զգամ, որ այս անտարբերութիւնը ամէն հայկական բանի հանդէպ, մեր գոյութեան վերջակէտը պիտի դնէ, ընդամէնը 2 սերունդ, շատ շատ՝ 3 սերունդէ ետք, եւ՝ վերջ։ Ծօ միջնադարուն, հայերը Էջմիածինէն եպիսկոպոսներ, վարդապետներ, սրբազաններ կը խնդրեն, որ տեղի հայութիւնը համատարած կաթոլիկութեան մէջ չձուլուի: Էջմիածինը չունէր, որ ղրկեր. իսկ Լեհաստանի եպիսկոպոսը կը դառնայ կաթոլիկ եւ ժողովուրդը կը ձուլուի: Վերջ: Ես շատ մտահոգ եմ. ո՞ւր կ՛երթանք, ի՞նչ պիտի ըլլան գաղութները, տե՛ս, Լիբանանը ի՞նչ էր, ի՞նչ կ՛ըլլայ կոր…: Համալսարանական դասաւանդութեանս ընթացքին ունէի աշակերտներ, որոնք կ՛ըսէին, որ իրենք ծագումով հայ են: Անոնցմէ մէկը օր մը պատմեց, թէ ինչպէ՛ս իր մեծ մայրը, Շաբաթ օրերը, անձեռոց մը կը փռէ եղեր գետինը, որուն վրայ ծունկի կու գան աղօթելու, բայց հայերէն աղօթել չէին գիտեր: Կրնա՞ս երեւակայել: Իսկապէս մտահոգուած եմ: Մե՞նք ալ հոն պիտի հասնինք: Տեսէ՛ք, Լիբանանի մէջ, Հալէպի մէջ, հո՛ս ալ, դպրոցներ կը փակեն, խառն ամուսնութիւնները հետզհետէ կը շատնան, նոյնիսկ տեղացի արաբ իսլամներու հետ կ՛ամուսնանան… աս բաները աներեւակայելի էին քանի մը տարի առաջ…: Դարը փոխուած է, եւ աս համաշխարհայնացումը պզտիկ ազգերու համար սպանութիւն է, ինչո՞ւ չենք տեսներ…:
«Երբ աչքիս առջեւ կը բերեմ երեւանցիներու այսօրուան կենցաղը, աշխարհին անտարբերութիւնը հանդէպ՝ այսօր իսկ, Արցախի մէջ կատարուածին, մեր, կարծես սովորական երեւոյթ դարձած կոտորածներուն, որոնց հանդէպ, ամբողջ «մարդկային իրաւունքներէ» խօսող աշխարհը կռնակ է դարձուցած, ես, ինքս, խեղճացած, բզկտուած կը զգամ իբրեւ մարդ, իբրեւ ապրելո՛ւ իրաւունքի տէր մարդ:

«Աւելի՛ն, դիտեցէ՛ք, չէ, բացէ՛ք սա «ֆէյսպուք» ըսուածը, եւ լսեցէք ականջ խուլցնող բամբասանքը մե՛ր մասին, մինչ անդին, մեր թշնամին պատառ-պատառ Սիւնիքը կը ծամծմէ: Ժամանակին, եւ դեռ հիմա ալ, խեղճ ու կրակ հայ գիւղացին էր մեզ պահողը եւ ոչ թէ քաղքենիացածները, որոնց օտարամոլութիւնը դարձած է մեր ազգային նկարագիրը: Հայը, միշտ ալ օտարինն է որ նախընտրեր է, Խորենացիէն ի վեր…:
«Մենք ենք մեր թշնամիները, Օննիկ։ Մենք ենք զիրար յօշոտողները, ու չենք ամչնար իսկ», կ՛ըսէ Քրիստինը
«Հայրս ծնած է Մարաշ: Տարագրութեան պատճառով կը փախչի Հալէպ: Հոնկէ կ՛անցնի Ֆրանսա եւ Անգլիա: Կ՛երթայ, որ իր դերձակութեան կապերը զօրացնէ: Կու գայ Երուսաղէմ: Հայրս կ՛ուզէ տարագրութեան ատեն այրի մնացած մօրս հետ ամուսնանալ, որ իր հետ կը բերէր քոյրս՝ Անգինէն: Ընտանիքը կ՛ուզէ, որ հայրս կապեն մօրաքրոջս հետ, որ տակաւին ամուսնացած չէր: «Աղջիկ չէ փնտռածս, ես ընտանիք կ՛ուզեմ, տուն շինող կին կ՛ուզեմ, ընտանիքի մայր կ՛ուզեմ», կ՛ըսէ եւ կ՛ամուսնանայ մօրս հետ: Իր առաջին գործը կ՛ըլլայ քոյրս՝ Անգինէն որդեգրելը: Մայրս բողոքական էր. հայրս կ՛ըսէ. «Մենք լուսաւորչական ենք: Հոս վանք կայ, եկեղեցի կայ». եւ կ՛ամուսնանան Սրբոց Յակոբեանց եկեղեցւոյ մէջ։
«Մեծ հայրս բողոքական պատուելի էր, իսկ հօրեղբայրս՝ Հայկազուն Քէշիշեան, որ նշանաւոր ուսուցչապետ էր, Ճիպէյլի որբանոցին («Թռչնոց Բոյն»ին) հոգածուներէն եղած է: Իսկ մօրս հօրեղբայրը, Ամերիկայի մէջ, առաջին հայ աւետարանական քարոզիչը եղած է: Այդ օրերուն զինք համալսարան ղրկած են, որ պատուելիութիւնը զարգացնէ, եւ երբ ատեն մը ետք, Միջին Արեւելքի մէջ խնդիրներ սկսած են, ըսած է, որ պէտք է վերադառնայ, որովհետեւ աւելի կարեւոր է, որ ինք հոն ըլլայ: Իր մասին շատ բան գրուած է՝ իբրեւ շատ կարող հոգեւոր առաջնորդ:
«Ես տարիներ ետք իմացայ, որ Լիբանանի մէջ, երբ Բարեգործականը Անթիլիասին յատկացուելիք գումարները կը դադրեցնէ, Զարեհ վեհափառը, որ հօրս մօտիկ բարեկամն էր, վարդապետի մը միջոցաւ լուր կը ղրկէր հօրս, որ դրամ բերէ: Մենք լուր իսկ չենք ունեցած այդ բոլորէն: Այսպէս ապրած ենք: Հայրս միշտ մեզի կ՛ըսէր. «Ինչի որ պէտք ունիք հիմա, սիրով ձեզի կու տամ, բայց մեռնելէս ետք ինձմէ «մէրէս» (ժառանգ) մի՛ սպասէք: Այն ատենները հայրս, Սմբատ վարդապետին տուած է կէս միլիոն տոլարի գումար մը, որ յանձնէ Զարեհ վեհափառին, եւ խնդրած է անկէ, որ 2 տողէն աւելի բան չի գրուի այդ մասին: Այդ գումարով կը գնեն «Զարեհեան» անունով հաստատութիւնը:
«Այս մէկն ալ կարեւոր է, պատմեմ: Հայրս երբ մահացաւ Ամերիկա, ես այն ատեն Նիւ Եորքի համալսարանը կը դասաւանդէի: Խորէն վեհափառը երբ հոն եկաւ, Սիրաքիւզի մէջ մեծ ճաշկերոյթ մը կազմակերպուեցաւ, եւ զիս հրաւիրած էին իբրեւ բանախօս: «Ի՞նչ կ՛ընես հոս, մայրդ Լոս Անճելըս է, հոն պէտք է երթաս», ինծի ըսաւ Խորէն կաթողիկոսը։ Երբ ինք Լոս Անճելըս ալ այցելեց, մօրս՝ Էօժէնի Քէշիշեանին, պարգեւեց «Կիլիկեան Իշխանուհի» շքանշանը՝ ըսելով. «Ասկէ միայն 2 հատ կայ: Միւսը տուած ենք Լիլիա Գարակէօզեանին: Լիլիա Գարակէօզեանը միլիոնատէր կին մը եղած է, որ միլիոններ նուիրած է Անթիլիասի կաթողիկոսարանին: Այդ «Կիլիկեան Իշխանուհի» շքանշանը մայրս փոխանցած է Սմբատ սրբազանին ձեռքով՝ տիկնոջս՝ Քրիստինին, եւ պատգամած է՝ ըսելով. «Ասիկա կը փոխանցես կա՛մ աղջկադ, կա՛մ՝ հարսիդ, պայմանաւ որ հայու հետ ամուսնանան»: Տարիներ ետք, Քրիստինը զայն փոխանցեց մեր հարսին, Գէորգին տիկնոջը՝ Թալինին եւ այսպէս՝ անիկա պիտի փոխանցուի սերունդէ սերունդ»:
Կը դիմէ ինծի: «Վարդի, կը հարցնէիր, թէ ես ի՞նչ ազդեցութիւններ կրած եմ ծնողներէս: Ես այս ամբողջը գիտցած եմ աւելի ուշ, եւ ասոնք շատ ազդած են իմ վրայ: Կազմած են իմ նկարագիրս, աշխարհահայեացքս: Մեր տան մթնոլորտին կը պարտիմ նաեւ մանաւանդ երաժշտական ճաշակս: Հոն մարզած եմ նաեւ լեզուս, հայերէնս: Ծնողներէս սորված եմ անվերջ տալ, բաշխել բոլորին եւ ամէն ինչ, ուրկէ՝ սէրս ուսուցչութեան հանդէպ: Անկասկած, որ մեր տան մթնոլորտը կողմնորոշիչ դարձաւ նաեւ համալսարանական ուսմանս, նոյնիսկ՝ մասնագիտութեանս»:
Օննիկի հայրը՝ Գէորգ Քէշիշեան, Մարաշէն փախչելէ ետք, նախ Հալէպ, ապա՝ Երուսաղէմ հաստատուած այս «արանց դերձակը», ճանչցուած էր իբրեւ «Աթէնքէն մինչեւ Քարաչիի (Փաքիստան) միակ դերձակը»՝ այսպէս գրուած է իր մասին, այն ատեն դերձակներու ասպարէզին նուիրուած եւ Լոնտոն հրատարակուող եռամսեայ պարբերականի մը մէջ:
Օննիկը կը յիշէ համով անեքտոթ մը՝ իր հօր եւ Յորդանանի թագաւորին հետ առընչութիւն ունեցող.
«Երբ պզտիկ տղայ էինք, ըսինք հօրս, որ հայրս իր նամակաթուղթին վրայ պէտք է գրէ «By appointment of the King of Jordan»: Հայրս ըսաւ, որ թող թագաւո՛րը գրէ իր թուղթերուն վրայ «by appointment, I make my suits at Keshishian»:

«Թէ՝ ինչպիսի մթնոլորտի մէջ մեծցած եմ, կը հարցնես: Ահաւասիկ:
Հօրս բարեկամները շատ յաճախ մեր տունը հիւր կու գային: Յակոբ Օշական, որ մեզի դրացի էր, շատ յաճախ մեզի կու գար: Կային շատ ուրիշներ, բայց ասոնք լաւ կը յիշեմ: Շահան Պէրպէրեան, Արտաւազդ Պէրպէրեան, որուն տղուն՝ Պարէտին հետ ընկերներ էինք, Եղիշէ արքեպիսկոպոս Դուրեան, Օհան Տուրեան, որ իմ արաբերէնի ուսուցիչս եղած էր եւ ուրիշներ: Ասոնց նշանաւոր հայեր ըլլալուն մասին շատ աւելի ուշ իմացած եմ, թէ բոլորն ալ արժէքաւոր, ճանչցուած մարդիկ եղած են, բայց այն ատեն չէինք գիտեր, մենք բոլորին պէս, չէինք նոյնիսկ զգար, որ մենք մտաւորականներով շրջապատուած էինք: Շատ հաւանական է, որ հայրս լաւ կը ճանչնար զիրենք, կը սիրէր անոնց մտերմութիւնը: Այդ ատեն 14 տարեկան էի, եւ հիմա կրնամ ենթադրել, որ թերեւս հայրս անոնց ալ կրնայ ըլլալ, որ օգտակար եղած է:
«Մայրս՝ Էօժէնի Քէշիշեան, հօրս պէս ազգանուէր անձ էր: Ան, Երուսաղէմի մէջ, Լիբանանի թոքախտաւորներու հիւանդանոցին համար հանգանակութիւններ կ՛ընէր: Խանութներուն մէջ տուփեր դրած էր, դեռ այդ տարիներուն, որ հոն հաւաքուած գումարները ղրկէ հիւանդանոցին: ՀՕՄուհի էր: Հիանալի ձայն ունէր: Եկեղեցւոյ տօնական օրերուն, պատրիարքին խնդրանքով կ՛երգէր պատարագի շարականներէն, որ կը վերացնէր եկեղեցի յաճախած ժողովուրդը: Այդ ատենները արգիլուած էր կիներու երգեցողութիւնը եկեղեցւոյ մէջ։
«Հետաքրքրականը՝ մօրս, իրեն յատուկ ձեւով բոլորին հետ կապ պահելու կերպերն էին: Թոռնիկներէն իւրաքանչիւրը օր եւ ժամ ունէր հետը զրուցելու: Տղուս՝ Գէորգին օրը Չորեքշաբթի էր: Ամէն Չորեքշաբթի Գէորգը կը հեռաձայնէր եւ իր մեծ-մօր հետ կը խօսէր: Այդպիսով, գոնէ շաբաթը անգամ մը, իրենց մեծ մօր ներկայութիւնը կը վայելէին, զինք կը լսէին: Մենք թէեւ չէինք սպասեր, բայց Գէորգը չմոռցաւ իր Չորեքշաբթի օրուան ժամադրութիւնը մեծ մօր հետ: Իր մեղրալուսինի շաբթուան Չորեքշաբթի օրը, որոշուած ժամուն, հեռաձայնեց, որ խօսի իր մեծ մօր հետ…:
«Բնական է, որ մեր տան մէջ խօսուածները եւ լսուածները կը դրսեւորեն նիստ ու կացդ, իմ պարագայիս մասնաւորաբար սէրս՝ երաժշտութեան հանդէպ:
Մայրս տան մէջ յաճախ կ՛երգէր, իսկ քոյրս Անգինէն, մօրմէս ժառանգած ձայնով դարձաւ օփերայի երգչուհի: Հայրս ուզեց, որ քոյրս Նշան Փալանճեան ճեմարան երթայ իբրեւ գիշերօթիկ, բայց մայրս դէմ կեցաւ: Աւելի ուշ, երբ քրոջս ձայնը աւելի կազմուեցաւ, գնաց Փարիզ, որ Մեսումենցէն սորվի՝ թէ «Ծիծառնիկ»ը ինչպէս կ՛երգեն: Գրեթէ միակ աղջիկն էր, որ կ՛երգէր այս երգը («Ծիծառնիկ»՝ հեղինակ՝ Խորէն արք. Նարպէյ, 1831-1892. երաժշտութիւնը՝ Աւետիս Մեսումենցի (Վ.Դ.))
«Ես կը յիշեմ, երբ Պէյրութի մէջ քոնսեր (համերգ) մը պիտի տար, կարծեմ Կոմսն էր, որ կ՛ըսէ քրոջս, թէ փոխանակ օփերայի երգերով հանդէս գալու, ինչո՞ւ գողտրիկ հայկական երգերով ելոյթ չես ունենար: Պուրճ Համուտի Մարաշի ակումբին մէջ շատ յաջող ելոյթ մը ունեցաւ Անգինէն, հայկական ժողովրդական երգերով: Երգն ու երաժշտութիւնը մեր տան շնչելիք օդին մէջն էին: Երբ նման մթնոլորտի մէջ կ՛ապրիս, այդ տարիքիդ չես զգար անոր առաւելութիւնը, եւ անոնց ազդեցութիւնները՝ ճաշակիդ կազմաւորման վրայ»։
Այս տարուան 18 Փետրուարին, դոկտ. Օննիկ Քէշիշեանի 90րդ տարեդարձն էր: Ան իր վաստակաշատ կեանքին առիւծի բաժինով, 1974էն մինչեւ նոյնիսկ վերջերս, մօտաւորապէս 50 տարին, անմնացորդ նուիրումով ծառայած է մեր ազգային կեանքին: Երբ կը խօսի իր գործունէութեան մասին, այնքան կրակ ու խանդաղատանք կայ հայկականին ու հայրենիքին, հայ մանուկին եւ երիտասարդին ու հայ համայնքին առած իւրաքնչիւր քայլին հանդէպ, մանաւանդ՝ երբ կը խօսի մեր վարժարաններու արձանագրած յաջողութիւններուն եւ նոյնքան ցաւով՝ փակուած դպրոցներուն մասին: «Ինչ պիտի ըլլայ մեր լեզուն, փրկութեան լաստ մը տեղ մը նետող պիտի ըլլա՞յ»ն ամէնօրեայ մղձաւանջ է, այս գաղթաշխարհին մէջ շատ տաք ու պաղ տեսած 90ամեայ ազգայինին համար:

Դեռ 1966ին, դոկտ. Օննիկը կը ստանձնէ Այտահոյի Նահանգային համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու եւ միջազգային յարաբերութիւններու դասախօսի պաշտօնը (Political Science and International Relations): Համալսարանի ուսանողութիւնը բարձր գնահատանքով կը խօսի իր մասին տեղական թերթին մէջ: «Դոկտ. Քէշիշեանի դասերը համեմուած են անեքտոթներով, անոնցմէ մին է՝ թէ ինչպէս Յորդանանի ապագայ թագաւոր Հիւսէյն եւ ինք, նախակրթարանին մէջ նոյն դասարանն էին, եւ սիրահարուած էին նոյն աղջկան: Սէր, որ կը տեւէ մինչեւ դպրոցին ամավերջի հանդէսը, որմէ ետք իրենց հայրերը զիրենք կ՛առաջնորդեն շատ տարբեր դպրոցներ»։
1970ին դասախօս է Նիւ Եորքի երկու նահանգային համալսարաններու երկու մասնաճիւղերուն՝ Փոթսթամի եւ Փլացպըրկի (Potstam and Plattburgh), ինչպէս նաեւ Վըրճինիայի Փոլիթեքնիքին (Virginia Polytechnique Institute) մէջ: Աշխատունակ եւ շատ ինքնատիպ իր դասաւանդութեան շնորհիւ, իր շուրջ կը խմբուի ուսանողութիւն մը, որ կը փնտռէ ապագայի տեսլական ունեցող եւ լայն հորիզոններ բացող ուսուցիչ մը: Ներշնչող այս մթնոլորտը կը խթանէ դոկտ. Քէշիշեանը ո՛չ միայն մասնակցելու զանազան գիտաժողովներու, այլեւ՝ իր ուսանողները մղելու, որ իրենց մասնակցութեամբ փորձառութիւններ ձեռք բերեն, իւրովի կարծիք դրսեւորելու եւ զանոնք հրապարակաւ պարզելու մտային մարզանքին մաս կազմեն:
Այս նոյն շրջանին է, որ փրոֆ. Պըրտմանի հետ համագործակցաբար, իր տեսակին մէջ առաջին անգամ ըլլալով, կը հրատարակեն «Ակորա» (Agora) պարբերաթերթը, որ լայն արձագանգ կը գտնէ Ամերիկայի բոլոր նահանգներուն մէջ: Պարբերաթերթը կը դառնայ գաղափարներու հարթակ:
Ամերիկայի Արեւելեան գօտիին մէջ բնակիլը այլ մարտահրաւէր էր Քէշիշեան ընտանիքին համար: Կ՛ապրէին Մեսինա, աւելի մօտիկ էին Մոնթրէալին քան՝ Պոսթընին: Հեռու էին բոլոր հայկական կամ հայաբոյր միջավայրերէն: Զաւակներուն մէջ դարբնելու համար թէ՛ մայրենիի իմացութիւնը եւ թէ՛ ազգային ինքնութեան ճանաչումը, կ՛որոշեն շաբաթավերջերը անցընել Մոնթրէալի մէջ, ուր կային թէ՛ շաբաթօրեայ վարժարան մը եւ թէ եկեղեցիներ, եւ մանաւանդ՝ հայ բարեկամներ:
«Թէեւ բաւական յոգնեցուցիչ էր ամէն շաբաթավերջին այս արշաւը կատարելը, բայց ազգին ու ազգայինի պահպանման համար, ամէն տեղ կ՛երթայինք, առանց դոյզն ճիգ խնայելու», կ՛ըսէ տիկին Քրիստինը:

ԴՈԿՏ. ՔԷՇԻՇԵԱՆԸ ՏՆՕՐԷՆ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ
Եւ ահա, 1974ին, այդ բախտորոշ թուականին, դոկտ. Քէշիշեանը Քալիֆորնիայէն կը ստանայ Մոնթեպելլոյի Մեսրոպեան վարժարանին տնօրէն դառնալու հրաւէրը:
Առանց տատամսելու, եւ երկու համալսարաններու եւ Վիրճինիայի Փոլիթեքնիքի դասախօսի պաշտօնները թողնելով ետին, զաւակներու հայեցիութիւնը ապահովելու խանդավառութեամբ՝ կ՛ընդունի առաջարկուած պաշտօնը, ուր ինք, տնօրէնութեան կողքին, ստանձնած էր նաեւ Հայ Դատ դասաւանդելու պարտականութիւնը: Հոս էր, որ ան իր տարերքին մէջ կ՛ըլլար, երբ շաբաթը քանի մը ժամով հոգուով սրտով կը տրուէր աշակերտներուն՝ խօսելու իրեն շատ հարազատ Հայ Դատի մասին:
Զաւակները շրջանաւարտ կ՛ըլլան Մեսրոպեան վարժարանէն, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս ծրագրած էին Քէշիշեան ծնողները: Իր պաշտօնավարութեան շրջանին վարժարանը զգալի վերելք կ՛ապրի, ուրկէ նաեւ՝ «Մեսրոպեան»էն շրջանաւարտներու զգալի ներկայութիւնը մեր ազգային կեանքին մէջ: «Մեսրոպեան»ի տնօրէնութեան եւ դասաւանդութեան զուգահեռ, դոկտ. Օննիկը կը դասաւանդէր նաեւ Կլենտէյլի համայնքային քոլեճին մէջ:
1980ին ան կը հրաւիրուի Ալէք Փիլիպոս վարժարանի տնօրէնութեան: Իր օրինակով կը դաստիարակուին աշակերտները, որոնք ամէնէն աւելի կը տոգորուին ազգային ոգիով եւ լաւագոյնին ձգտումով: Այս շրջանին է, որ դոկտ. Քէշիշեան, իբրեւ Հայ Դատի ներկայացուցիչ՝ կը բողոքէ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի թիւ 63 որոշումին դէմ, որմով կը պահանջուէր անգլերէնի վաւերացումը իբրեւ Քալիֆորնիոյ պաշտօնական լեզու: Քաղաքագէտ դոկտ Քէշիշեանի հեռատես միջամտութիւնը իր կարեւոր դերը կ՛ունենայ այդ որոշման չեղեալ համարուելուն մէջ, որովհետեւ ան լաւ գիտէր, թէ նման որոշում մը ինչպէս կրնար վնասել ազգային փոքրամասնութիւններու ինքնութեան պահպանման իրաւունքներուն:
1984ին կը նշանակուի Լոս Անճելըսի Միացեալ կրթաշրջանի՝ Hollywood High School-ի, տնօրէնի օգնականի պաշտօնին: Այդ շրջանին, դոկտ. Քէշիշեան զուգահեռաբար կը վարէ նաեւ Լոս Անճելըսի Միացեալ կրթաշրջանի հայկական հարցերու պատասխանատու յանձնախումբին ատենապետութիւնը:
Հոս պէտք է նշել, որ Hollywood High School–ի մէջ եւ տնօրէնուհի Dr. Jeanne Hon-ի որոշումով եւ կազմակերպութեամբ, եւ երկուստեք ժրաջան աշխատանքով կրցած էին դպրոց հրաւիրել Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. կաթողիկոսը: Կաթողիկոսը իր խօսքը պիտի ըսէր վարժարանին հայ աշակերտութեան: Հրաւիրուած էին նաեւ պետական այլ վարժարաններու հայ աշակերտները եւ հայկական դպրոցներու տնօրէնները: Հակառակ անոր, որ արգիլուած էր կրօնական առաջնորդներ դպրոցին մէջ ընդունիլը, տնօրէնուհին եւ անոր աշխոյժ օգնականը՝ Օննիկը, յաջողած էին մինչեւ իսկ Գարեգին Ա. կաթողիկոսի անունը եւ «Բարի Գալուստ»ը զետեղել դպրոցին պաստառին վրայ. «Wecome Karekin I Catholicos of All Armenians»: Նոյնպիսի ընդունելութեան կ՛արժանանան աւելի ուշ՝ գրող եւ հրապարակագիր Մարք Արաքսի եւ բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեան:
Տէր եւ տիկին Քէշիշեանները մեր ազգային կեանքի թոհուբոհին մէջ ինչ-ինչ զոհողութիւններու գնով ձեռք բերուած թէ՛ հայեցի եւ թէ՝ ազգայինին զուգահեռ ընթացող ընտանեկան դաստիարակութիւնը, ամէնէն աւելի մօր ուսերուն բարձուած տիւ ու գիշեր աշխատանք է:
«Բայց այդ չէ՞ մայր ըլլալը։ Մեր կեանքը այդպիսով է, որ կ՛իմաստաւորուի, չէ՞». կ՛ըսէ հրեշտակի ժպիտով Քրիստինը։
Ճիշդ է: Դոկտ. Օննիկ Քէշիշեան երբեմն գիշերներ կը լուսցնէ դպրոցի հարցերով, կուսակցական ժողովներով, դասաւանդուելիք նիւթերու ծրագրաւորումով, աջ ու ձախ տուած դասախօսութիւններու պատրաստութեամբ: Ազգային, տեղական թէ եկեղեցական, դպրոցներու հոգաբարձուական ժողովները կու գան ծանրաբեռնելու իր առօրեան: Իսկ ազատ օր (եթէ ունենայ) կը յատկացուի դպրոցի մակարդակի բարելաւման համար աշխատելաձեւի որոնումներու, ծրագրերու մշակումներու եւ անոնց իրականացման համար մարդոյժի որոնման եւ իրագործման: Դասախօսի համեմատաբար հանդարտաբարոյ կեանքէն ետք, այս մէկը իսկապէս մարտահրաւէր է ամէն ժամ եւ վայրկեան:
Դոկտ. Քէշիշեանի տիկինը՝ Քրիստինը զերծ չէ այս թոհուբոհէն: Ուսուցչուհի է, եւ նաեւ՝ դաշնակահարուհի: Երկու ամուսինները կը միանան թէ՛ երաժշտութեան եւ թէ ուսուցչական ոլորտներուն մէջ: Առաւել՝ նաեւ ազգային գործիչի դերով, տիկին Քէշիշեան եղած է Մեսինայի մասնաճիւղի ՀՕՄուհի, (Նիւ Եորքի շրջան), ապա՝ Մոնթեպելլոյի «Նայիրի» եւ Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղերու անդամ: Եղած է նաեւ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան անդամ: Քրիստին Քէշիշեան շրջանաւարտ է Պէյրութի BCW-էն (Beirut college for Women)։ Իր BA վկայականը ստացած է Լոս Անճելըսի Cal-State LA-էն Business Administration–ի մէջ, իսկ Մագիստրոսի (M.A.) վկայականը՝ ֆրանսերէնի մէջ՝ SUNY poditum-էն։ Ան Դասաւանդած է ֆրանսերէն Garfield բարձրագոյն վարժարանին մէջ, եւ անոր շնորհիւ, ֆրանսերէնը այդ դպրոցին մէջ կը դասաւանդուէր AP ծրագիրի մակարդակով:

Ամառնային արձակուրդնե՞րը:
«Ամառները կ՛երթայի մինչեւ Պոսթընի «Քեմփ Հայաստան»՝ իբրեւ խորհրդատու։ Կ՛երթայի ուր որ ըլլար, ուր որ կրնայի բանով մը օգտակար ըլլալ, այնքան ատեն, որ անոնք հայուն եւ մեր ազգային կեանքին հետ կապուած ըլլային: Ամբողջ կեանքս այդպէս էր: Հոս, Լոս Անճելըս եղած ատենս, սարկաւագութիւն եւ դպրապետութիւն ըրած եմ: «Ֆերահեան»ը, իբրեւ վարժարան դեռ չկար, «Ֆերահեան»ի ատենապետն էի: Իմ ատենապետութեանս օրով դպրոցը հիմնեցինք: Իսկ դպրոցը կեանք առաւ, երբ ռումանահայերը Լոս Անճելըս հասան, աշակերտութեան թիւը շատցաւ, եւ դպրոցը բարգաւաճեցաւ», կ՛ըսէ ան։
Յաճախ զուգահեռաբար աշխատա՞ծ էք նաեւ այլ կազմակերպութիւններու մէջ,- կը հարցնեմ։
«Այո, Այտահոյի համալսարանի դասախօսի պաշտօնիս զուգահեռ, Նահատակաց եկեղեցւոյ երեսփոխան էի», կ՛ըսէ,- կարծէք ըսելով, թէ եթէ պէտք է, ինչո՞ւ ոչ։
Հարցումիս՝ թէ բազմաբնոյթ հարցեր ներկայացնող ձեր կեանքին մէջ անճրկման պահերը ինչպէ՞ս կը դիմագրաւէիք, կը պատասխանէ ամենայն հանդարտութեամբ.
«Ամէն օր դժուարութիւններ եղած են, կան եւ պիտի ըլլան: Այդ վայրկեանին, անոնք անլուծելի կը թուին, բայց կը տեսնես, որ ամէն բան իր լուծումը կը գտնէ, նոյնիսկ ակնկալածէդ աւելի լաւ ձեւով: Երբ «Մեսրոպեան»էն եւ անկէ ետք «Ալէք Փիլիպոս»էն ուզեցին, որ ձգեմ, դժուար ժամանակներ էին: Բարեբախտաբար տիկինս կ՛աշխատէր եւ տան հոգերը ինք վերցուցած էր: Շրջաններ եղած են, երբ ես փոխարինող ուսուցիչ եղած եմ: Երբեմն կը մտածեմ, որ եթէ այլ ձեւ ընէինք աւելի լաւ կ՛ըլլա՞ր: Ո՛չ, կ՛ըսէինք: Եղածը եղած է, եւ շատ լաւ եղած է: Կարեւորը՝ գալիքը դրական հունի մէջ դնելն է»:
Ո՞վ է «կին»ը ձեզի համար:
«Անոր դերը շատ մեծ է: Ես կը խօսիմ ի՛մ տիկնոջս մասին, որ ինծի համար կատարեալ է, նաեւ՝ ընդհանրապէս՝ բոլոր «մայր»երուն: Կինդ ընտանիքդ քեզի հետ ստեղծողն է, երբեմն քոյր է, երբեն՝ մայր է քեզի, բայց կեանքի կարճ ընթացքին մէջ՝ հոյակապ ընկերուհի է: Տան հաւասարակշռութիւնը պահողն է, գլխաւոր դաստիարակողն է, թէ՛ տան մէջ եւ թէ դուրսը: Հայերէնի մնայուն բառարանն է, յուշարարն է, կեանքի զանազան փորձառութիւնները համեմողն է, մեզ մարմինով, միտքով ու հոգիով առողջ պահողն է: Քրիստինը, օրինակ՝ ամէն ինչ ընել յանձն կ՛առնէ, միայն զաւակները եւ թոռները հայ մնան: Կը հաւատամ, որ մեր հայ մնալուն գաղտնիքը հայ կնոջ մօտ է, հայ ոգին առոյգ պահողը եւ զայն անտարբերութենէ պաշտպանողն ալ հայ կինն է: Հայրս այդ մէկը լաւ գիտէր»:
Իսկ եկեղեցի՞ն:
«Հոգեպարար բան մը ունի մեր եկեղեցին: Անոր համար ալ նուիրումով կ՛ընէի դպրապետութիւնն ալ, սարկաւագութիւնն ալ: Այսօր, եկեղեցիներ կը կառուցուին աջ ու ձախ, ընդհանրապէս՝ իբրեւ շահու աղբիւր, բայց մենք պէտք է օգտուինք անոնցմէ, եկեղեցին ժողովուրդը հայ պահելու գլխաւոր միջոցներէն մէկն է»։
Իսկ Եղե՞ռնը:
«Եղեռնը անշիջելի կրակ է, ամէն վայրկեան եւ ամէն ժամ, որմէ չես կրնար ձերբազատուիլ»:
Ո՞վ էր ձեր կուսակցական կնքահայրը: Ո՞ր տարիքին շարքերը անցաք:
«Պէյրութ, Ժողովրդային տան մէջ, ընկերներով որոշեցինք շարքերը անցնիլ: Դրօն էր մեր կնքահայրը: Իմ երկու զաւակներս ալ, առանց ինծի իմացնելու կուսակցական եղան, բայց հիմա քաշուած են, որովհետեւ խրտչած են: Իմ կարծիքով, կուսակցութիւնը սփիւռքի համար սկսած կազմակերպութիւն է, եւ երբ փորձեցինք Հայաստանի մէջ ալ հաստատել, չյաջողեցանք: Մենք երկար ատեն կը հաւատայինք, որ Դաշնակցութիւնը միակ կուսակցութիւնն է, որ ազգը կրնայ միացնել, կառավարել: Հայաստանի մէջ՝ աճապարեցինք, առանց հողը պատրաստելու, կարծեցինք որ պիտի յաջողինք: Չեղաւ»։
Այցելա՞ծ էք Մարաշ, Արեւմտահայաստան:
«Ոչ: Բայց Խորհրդային Հայաստանի ժամանակ, 4 անգամ եղած եմ Հայաստան, իսկ անկախութենէն ետք, թոռնիկերուս հետ վայելած եմ վերանկախացած Հայաստանը: Այդ զգացումը եւ ապրումները աննկարագրելի են»։
Օննիկ, մենք «Լարք»ի մէջ հանդիպած ենք, եւ մեր բարեկամութիւնը հոնկէ սկսած է: Ի՞նչ կը ներկայացնէ «Լարք»ը ձեզի համար:
«Քրիստինը եւ ես «Լարք»ի հետ ունինք հարազատ ընտանիքի յարաբերութիւն: Կը մասնակցինք բոլոր ելոյթներուն, ըլլան անոնք դասախօսութիւններ, համերգներ, աշակերտական վկայականներու բաշխման հանդէսներ, օփերաներ եւ գեղարուեստական ու ընկերային երեկոներ: Հսկայ աշխատանք կը տանի հոն «Լարք»ի տնօրէն Վաչէ Պարսումեան: Հոն հիմնած եմ «Հայք» անունով հայագիտական ուսմանց լսարան մը, ուր դասաւանդած եմ նաեւ ես, միւս դասախօսներու շարքին: Լուրջ եւ պատասխանատու հայկական հիմնարկ է, մեծ մասամբ՝ երաժշտանոց, ուր աշակերտները կը յաճախեն մեծ խանդավառութեամբ:»
Սիրելի՛ Օննիկ, քայլերուդ մօտէն հետեւող իւրաքանչիւր հայ կրնայ վկայել, թէ ինչո՛ւ յօդուածիս նախաբանը աւելի՛ քան արդար է, քու մասին իմ տուած վերլուծականով: Արարո՛ղ ուսուցիչ եղած ես, որ ինքնին կ՛ենթադրէ նուիրում յանուն բարիին, ճշմարիտին եւ արդարութեան: Կ՛ուզեմ հաւատալ, որ քեզի աշակերտած մեր երիտասարդներէն մի քանին իսկ, ներշնչուելով, քեզմէ իրենց անցած հոգեկան եւ ոգեկան հասունութեամբ, իրե՛նք կերտեն ա՛յն նորը, որուն մասին խօսած էք ձեր Հայ Դատի դասաւանդման ընթացքին:
Թոյլ տո՛ւր, որ շնորհաւորեմ նախ՝ այս բեղուն կեանքիդ 90ամեակդ, երկար տարիներու վրայ տարածուող քու վաստակդ, մանաւանդ՝ մեր ազգային կեանքին մէջ, որուն անմնացորդ նուիրումդ դարձուցած ես կեանքիդ գլխաւոր նպատակներէն մէկը: Օրհնուած է քու ծնունդը ի շահ հայուն եւ հայկականին ու նաեւ ինչու չէ՝ համայն մարդկութեան: Հպարտ ենք քեզմով, եւ ուսանողներդ, շատ հաւանաբար, շնորհակալ են քեզի, քու միջոցաւ իրենց փոխանցուած գիտակցուա՛ծ ազգային ինքնութեան զարթնումին եւ անոր ճանաչման համար:
***
ՕՆՆԻԿ ՔԷՇԻՇԵԱՆ – ԿԱՐԵՒՈՐ ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐ
Ծննդեան թուական՝ 1932
Միացեալ Նահանգներ կը հասնի 1956ին
Ամուսնութիւն՝ 1961
Ուսումնառութիւն
1932+10 – 1942ին կ՛աւարտէ նախակրթարանը Երուսաղէմի մէջ
1942-1943 կ՛աւարտէ Պէյրութի Աւետարանական քոլեճը
1950ին AUB կը մտնէ BA պատրաստելու համար
1956ին Cal State LA՝ կը ստանայ BA–MA – Political Science
1956ին Ամերիկա կը հասնի
1957ին LA Times, ուր կ՛աշխատի 6 ամիս եւ կը զօրակոչուի: Զայն իբրեւ զինուոր կ՛ուղեւորեն Լիբանան, ուր կը կատարէ թարգմանիչի պաշտօն: Ծառայած է իբրեւ զինուոր թէ՛ Գերմանիոյ եւ թէ Ֆրանսայի մէջ:
LA Times-ը 1957ին (18 Օգոստոս) անոր մասին կը գրէ հետեւեալը.
«Օննիկ Քէշիշեան ամբողջացուցած է 7 տարուան քոլեճի ծրագիր 2 երկիրներու մէջ: Կը տիրապետէ 4 լեզուներու՝ հայերէն, անգլերէն, թրքերէն եւ արաբերէն: Պէյրութի մէջ ղեկավարած է երկու գիշերային դպրոցներ: Եղած է նաեւ խմբագիրի օգնական Անգլերէնով հրատարակուող թերթի մը։ Կազմակերպած եւ իբրեւ խմբագիր թերթեր ներկայացուցած է իր յաճախած դպրոցներուն եւ համալսարաններուն մէջ:
Աշխատակցած է լուրերու Ամերիկեան գլխաւոր գործակալութիւններու հետ»:
Claremont Graduate University, CA – Ph.D. Political Science
Dissertation topic: Integrative and Dysfunctional Factors In The formation of the Armenian Nation.
1966-ին Idaho State University՝ դասախօս:
1970- Potstam and Plattsburgh Universities՝ դասախօս
1970- Virginia Polytechnical College՝ դասախօս – Sumo Studies
1970 – Փոտսթամի եւ Փլացպըրկի մէջ, ուր փրոֆ. Պըրթմանի հետ, կը սկսին հրատարակել «Ակորա» պարբերականը, որ կը դառնայ գաղափարներու հրապարակ, եւ որ լայն արձագանգ կը գտնէ համայն Ամերիկայի տարածքին:
Կը վերակազմաւորէ Այտահոյի համալսարանին մէջ «Միացեալ Ազգերու քոլեճական խորհուրդը» (Model United Nations, որուն գլխաւոր կիզակէտը ուսանողին մէջ հիմնաւորել էր միջազգային կապերու կարեւորութիւնը, խորացնելու անոնց հասկացողութիւնը ՄԱԿի կատարած եւ ծրագրուած գործողութիւններու առընչութեամբ:
ISU eu SUNY – դասախօսութիւններ – սփիւռքագիտութեան մասին։