ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ

Կեանքը, հին թէ՞ նոր: Կեանքը՝ ապրուած իր օրերով, պահերով եւ կամ տակաւ գալիք իր մարտահրաւէրներով:
Մտածելով, որ «հին»ը անցեալի «նոր»ն էր, իսկ նորը ժամանակակից պահերն են, որոնք ի սպառ, երբեմն անըմբռնելի կը մնան մինչեւ անոնց «հին» դառնալը:
Իսկ նո՛րը, նորո՛գը, այնքան արագ կը յայտնուի եւ կամ կը մարի, որ խորը թափանցելու, ընտելանալու եւ կամ վայելելու առիթն անգամ չե՛նք ունենար: Իսկ անցեալը իր յուշերով, խոր ապրումներով խորաթափանց իրողութիւն կը դառնայ ու կը մնայ մեր մտապատկերին ու հոգիին խորքը:
Յատկապէս մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, ընտանեկան պարագաներու կապն ու յարաբերութիւնը, ընկերային մտերմութիւնն ու անոնց «ցկեանս» տեւողութիւնը ու անոր հետ կապուած յուշերը՝ միշտ կը մնան աւանդապաշտի մեր «սրբութիւն սրբոց» ցանկին վրայ:
Մեծամասամբ կը հաստատենք, թէ մեր ծնողներէն մեզի հասած տնային առարկաներն ու փոխանցուած զանազան իրերը, ուտեստի, արուեստն ու բաղադրութիւնները, համն ու բոյրը, մթնոլորտն ու տաքութիւնը, նիստն ու կացը, սովորոյթն ու աւանդոյթը, խօսոյթն ու ապրումը եւ վերջապէ՛ս, դոյզն մտածում, ապրում եւ արարք մեզի համար անկեղծ ու հարազատ, սիրելի՛ ու յարգելի՛ եւ անժամանցելի՛ կը թուէին ըլլալ ու կը փոխանցուէին՝ սերունդէ սերունդ:
Այսօր, որոշ չափով կը շարունակուի այդպիսին ըլլալ ու մնալ, յատկապէս խորհրդապաշտ անհատներու համար, որոնք կեանքի խորհուրդն ու պատգամը կը տեսնեն ու կը գտնեն՝ հո՛ն միայն, անցեալի՛ն եւ սո՛սկ «հին»ին մէջ:
Իսկ այսօ՛ր, նոր դարաշրջանի, նորերն ու նորոգ՝ նորերը եւ դեռ գալիք «նորութիւն-նորութեանց»ները ափսո՜ս, որ արագ մարո՜ղ ու երբե՛ք փնտռուող «յուշ» մը իսկ չեն դառանար:
Վերջապէ՛ս մտաբերե՛նք, փափաքելի եւ կամ հասկնալի՝ նոր սկիզբի մը համար, թէ ի՞նչ է նո՛րը, մտածելով որ, մարդկային միտքն ու հոգին շատ աւելի անսահման եւ խորունկ են, որ շատ աւելին կը ցանկայ ու կ՛երազէ, նաեւ կը հաւատայ ու կը ծրագրէ, քան ինչ որ կ՛արտայայտէ, կ՛արարէ եւ կամ ի վերջոյ կը փորձէ իրականացնել:
Պահ մը մտածենք, որ մեր լաւագոյն եւ երանելի պահերը եղած են ու կը մնան, մեր անցեալի յուշերն ու յիշատակներով լեցուն կեանքի հանգրուանները:
Մարդկային հոգին իր խորութեամբ եւ ծանրութեամբ, պատեանն է ու կը մնայ, խորհրդաւոր մարդ անհատի «երեւոյթ»ին կառչած «վահան»ը:
Կեանքի պարտաւորութիւններն ու առօրեայ հեւքը, երբե՛ք եւ երբե՛ք, պէտք չէ որ արգելք հանդիսանան եւ կամ անկարելի դարձնեն, մեր մտքի ու հոգիի երազներուն ու թռիչքներուն ընկալումը եւ անոնց իրականացումն եւ վայելելը:
Արմատական փոփոխութիւնը կարելի չէ, այլ պէտք է վերանորոգել հինը, նոր «համեմ»ներով, ձեւերով, տրամադրութեամբ եւ կամ նոր տեսլականով օժտել եւ հարստացնել զայն նոր հասկացողութեամբ եւ ընտելացումով: Ամբողջական հասկացողութիւնն ու իւրացումը՝ առաւել բարիք եւ վայելք կը դառնան մեր մտքին ու հոգիին մէջ ստեղծուած՝ նորանոր ըմբռնումներուն եւ արարքներուն, որով մենք մեր անձերը կը ճանչնանք եւ կամ կը վայելենք՝ առաւել հասուն գիտակցութեամբ եւ խոր ըմբռնումներով:
Հինը, որքան որ սիրելի է, նորոգուածն ու նորը նաեւ հետաքրքրական եւ սիրելի պէտք է ըլլան, որպէսզի օր մը, դառնան նաեւ, ապագայի նոր «հին»ը:
Արդ, մարդ անհատը երեւակայութեան եւ մտածումի սահմանափակում պէտք չէ ապրի, այլ, հաւատայ, որ մտքի ու հոգիի անսահման թռիչքն է, որ մեզի կը փոխանցէ՝ նոր վարկ եւ արժէք, մեր իսկ անձերուն հանդէպ:
Այսպէս, առաւել արժէք եւ սէր կը տածենք մենք մեր հանդէպ եւ առաւել ինքնավստահութեամբ կը մօտենանք մեր յարաբերութեանց: Կը հաւատանք, որ պէտք չէ վարանիլ եւ կամ վհատիլ, այլ պէտք է խոյանալ եւ նոր փորձառկումներով, նոր փորձառութիւններ ձեռք ձգել եւ ինքնակամ որոշումներով ամրապնդուիլ եւ յառաջանալ, մեզի հետ յառաջացնելով նաեւ մեր շրջապատը:
Կը յիշեմ, երբ հայրս անմեղ բարութեամբ մը յաճախ կը կրկնէր. «Տարին երկու անգամ «Նոր Տարի» պէտք է ունենանք»: Յաճախ լսած էի հօրս այս յանկերգը, սակայն երբե՛ք եւ երբե՛ք չէի մտածած եւ կամ ըմբռնած այդ խօսքին՝ դրդապատճառն ու խորքը: Այսօր առաւել հասունցած եւ խորացած կեանքի տուեալներով եւ պահանջներով, կը մտաբերեմ ու կը հասկնամ, որ «Նոր էջ» պէտք է բանալ կեանքի մեր հանգրուաններուն հետ առընթեր, որոշ պայմաններով մեզի հասած՝ բարդութիւններուն եւ կամ դժուարութիւններուն համար, առաւել նոր յոյս եւ յուսալի նոր սկիզբ մը ապահովելու համար…:
Նորոգ եւ վերանորոգ:
Անցեալին վրայ հիմնուելով, սակայն նոր միտքերով եւ նոր մօտեցումներով կրնանք նորոգել մեր տրամադրութիւններն ու նայուածքը՝ մեր կեանքի հանգրուաններուն, արարքներուն ինչպէս նաեւ հետեւանքներուն հանդէպ, որոնք լաւագոյն փորձառութիւնները կը համարուին մեր «փորձութիւններուն» եւ յատկապէ՛ս երբեմն ինքնակամ կատարուած մեր ընտրութիւններուն եւ մեր շրջապատին հանդէպ մեր տածած համոզումին ու հաւատքին. վերանորոգել նաեւ անցեալի «նորը» եւ նորոգ ու առաւել բարձր տրամադրութեամբ յարմարիլ եւ տեղ գտնել ժամանակակից կեանքի մթնոլորտին մէջ, սակայն երբե՛ք եւ երբե՛ք, տեղի չտալ եւ չհրաժարիլ մեր բարի սկզբունքներէն, որոնք կազմած եւ թրծած են մեր անհատականութիւնն ու առաւել եւս մեր «ազգային ինքնութիւնը», միշտ յիշելով եւ կրկնելով, անցեալէն մեզի հասած եւ նորոգ պայմաններուն իսկ յարմարող մեծ գրող Ռ. Պատկանեանի (Գամառ Քաթիպա)՝ «Նոր Տարին» քերթուածը.
Երնէկ, թէ այս նոր տարին
Վերջ տար հայի ցաւերին,
Չարը կորչէր ու բարին
Բուն դնէր մեր սրտերին:
Երնէկ, թէ այս նոր տարին
Ազատ շնչէր Հայաստան,
Եւ շուրջ Մասիս մեր սարին
Փայլէին վարդ-անդաստան:
Երնէկ, թէ այս նոր տարին
Հայ ազգ ի մի գումարուէր,
Ի գլուխ Կարնոյ հայ ամրին
Հայի դրօշակ ծածանէր:
Երնէկ, թէ այս նոր տարին
Ոտքի կանգնէր Հայաստան,
Եւ կիսաքանդ մեր Կարին
Լինէր քաղաք մեր ոստան:
Հայեր, երբեք չերկմտիք,
Կը կատարուի այդ ամէն,
Եթէ ի սպառ մենք հանենք
Փոքրոգութիւն մեր սրտէն:
Վերջապէ՛ս, նորահաս ու նորոգ այս ժամանակաշրջանով, եկէ՛ք միասնաբար պահպանե՛նք ու մեր շուրջը տարածե՛նք.
Հաւատք եւ կորով,
Յոյս եւ ջանք,
Ազնիւ մօտեցում եւ խաղաղ հոգի, որպէսզի ապահովենք՝ համատարած խաղաղութիւն եւ բարութիւն ամենուրեք:
Ի վերջոյ,
Նորոգ թէ՞ վերանորոգ, թող որ մենք մեր հարազատ ՄԵ՛ՆՔը դառնանք: