Լիբանանի նախորդ նախագահ Միշէլ Աուն հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ իր իշխանութեան վեցամեայ ժամանակաշրջանին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դիմագրաւելիք յաջորդ փուլին:
Ան մաղթեց, որ Լիբանան 2023ին բարեփոխուի, եւ վերջ գտնեն անոր ապրած ու վկայած տագնապները:
Այս շրջագիծին մէջ, Աուն հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ հիմնական պատասխանատուն է Լիբանանի ներկայ իրավիճակին: «Ես լաւատես եմ ապագայով եւ կրնամ հաստատել, որ նախորդ վեց տարիներուն ընթացքին անձամբ բացայայտեցի տիրող վարչակարգին սխալները, եւ պէտք է շարունակենք մեր սկսած պայքարը: Վստահ էի, որ մղելիք այս պատերազմիս մէջ պիտի ձախողիմ, սակայն դիմադրութեամբ կրցայ պահպանել իրաւունքս, իսկ լիբանանցիներէն զօրակցութիւն կը խնդրեմ, որովհետեւ նպատակս յստակ է` բարեկարգումներու գործադրութիւնն է», հաստատեց ան:
Աուն նկատել տուաւ, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եղաւ իր իշխանութեան ժամանակաշրջանին գլխաւոր արգելակողը: «Քաջ գիտեմ, որ Պըրրի համաձայն չէր, որ հանրապետութեան նախագահ ընտրուիմ, եւ արգելակեց 18 թղթածրարներ, որոնց վրայ կ՛աշխատէի: Պըրրիի պահուածքին մասին «Հըզպալլա»ին չեմ հարցուցած բնաւ, իսկ անոնք ոչինչ ըսած են այս մասին», ըսաւ Աուն:
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Աուն յայտնեց, որ իր ուշադրութիւնը գրաւած են պայթումէն ետք կատարուած հիմնական երկու յայտարարութիւններ, որոնցմէ մէկը կատարուած էր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի, իսկ միւսը` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ: «Երկուքին յայտարարութիւնները կ՛ակնարկէին հարուածի մը, սակայն այդ յայտարարութիւնները անհետացան», ըսաւ ան:
Աուն իր հարցազրոյցը եզրափակեց՝ ընդգծելով, որ Լիբանանի վարչակարգին հարցը այն է, որ ան երեք գլխանի է` համախոհական ժողովրդավարութեամբ, հետեւաբար այդ շրջագիծին մէջ ոչ ոք կրնայ սեղանը շրջել: «Իսկ պետութիւնը կարելի չէ կերտել, եթէ օրէնքները չյարգուին, եւ ոմանք իրենց պաշտօնը օգտագործեն` խանգարելու համար աշխատանքը եւ հարուած հասցնելու սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն», շեշտեց Աուն:
Պըրրի, պատասխանելով Աունի կատարած յայտարարութիւններուն, նշեց, որ ինք Նոր տարին շնորհաւորելու փոխարէն ստիպուած կը զգայ ըսել հետեւեալը. «Աշխատանքդ արգելակելու ոչ ոքի կարիք ունէիր. մեզի խոստացար դժոխքը ցոյց տալ եւ խոստումդ յարգեցիր ու նոյն ընթացքով շարունակեցիր: Յիշողութեան համար կը հաստատենք, որ 74 օրէնքներ հրապարակուած են եւ չեն գործադրուած, ո՛չ ալ դարակներուն մէջ զետեղուած են: Այդ օրէնքներուն առաջին եւ ոչ թէ վերջինը կը մնայ ելեկտրականութեան վերաբերող օրէնքը: Մեզի զրկեցիր գիշերուան աստղերը տեսնելէ եւ անոր փոխարէն կէսօրուան աստղերը ցոյց տուիր», շեշտեց Պըրրի: