Հայաստան դիմեց ՄԱԿի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին (Լա Հէյ)՝ Ատրպէյճանի դէմ Ցեղային խտրականութեան վերացման կոմիտէի վարոյթի ծիրին մէջ:
Միջազգային դատարանին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան յայտնեց, որ Հայաստան կը խնդրէ դատարանէն՝ Ատրպէյճանէն պահանջել դադրեցնել Լաչինի միջանցքի շրջափակումը եւ ապահովել միջանցքով մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու անխափան եւ ազատ տեղաշարժը: