
Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը խոր ցաւով կը գուժէ վաստակաւոր համազգայնական Եդուարդ Մսրլեանի անժամանակ կորուստը, որ պատահեցաւ 27 Դեկտեմբերին: Հանգուցեալ ընկերը մաս կազմած էր Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ հիմնադիրն էր Սան Ֆրանսիսքոյի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղին:
Այս առթիւ Շրջանային վարչութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ անոր կնոջ՝ Վերժին Մսրլեանին, եւ բոլոր սիրելիներուն:
Համազգայինի Սան Ֆրանսիսքոյի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղը խոր ցաւով կը գուժէ իր հաւատաւոր հիմնադիրներէն եւ բարերարներէն Եդուարդ Մսրլեանի անժամանակ մահը։
Տէր եւ տիկ. Եդուարդ եւ Վերժին Մսրլեան ամոլը միշտ սատար կանգնած է Համազգայինի մեծ ընտանիքին։
Այս շատ տխուր առիթով, Համազգայինի Սան Ֆրանսիսքոյի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղը եւս իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ անոր կնոջ՝ Վերժին Մսրլեանին եւ բոլոր հարազատներուն։
Հանգուցեալ ընկ. Եդուարդ Մսրլեանի յիշատակը անմար է։
***
ՄԱՀԱԶԴ
ԷՏՈՒԸՐՏ (ԵԴՈՒԱՐԴ) ՄՍՐԼԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 11 Յունիս, 1938ին, Հալէպ, Սուրիա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին՝ Էտուըրտ Մսրլեանի մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 27 Դեկտեմբեր 2022ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երեքշաբթի, 10 Յունուար 2023ին, առաւօտեան ժամը 11ին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, 51 Commonwealth Ave., San Francisco, ապա թաղումը՝ Cypress Lawn գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Վերժին Մսրլեան
Զաւակը՝ Միհրան եւ Ժանին Մսրլեան եւ զաւակները՝ Լոնտըն եւ Վիվիան
Զաւակը՝ Նարեկ եւ Սարին Մսրլեան
Եւ համայն հարազատներն ու բարեկամնեհո
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի։
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Սան Ֆրանսիսքոյի Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղին կամ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ։