
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան իր հանդիպումներուն եւ հեռաձայնային զրոյցներուն ընթացքին քննարկեց Արցախի մէջ տիրող կացութիւնը՝ Բերձորի միջանցքի փակման լոյսին տակ։
23 Դեկտեմբերին ան ընդունեց Արցախի պատուիրակութիւնը` Դաւիթ Բաբայեանի գլխաւորութեամբ: Քննարկուեցան Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի արգելափակման արդիւնքները եւ Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակի մանրամասնութիւնները:
Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի եւ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի Միացեալ Նահանգներու ու Ֆրանսայի համանախագահներուն հետ Միրզոյեանի հեռաձայնային զրոյցներուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանային ապահովութեան ու կայունութեան հարցերուն:
Միրզոյեան ներկայացուց Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման պատճառով ստեղծուած իրավիճակը, ներառեալ` մարդկային ճգնաժաը Արցախի ժողովուրդին համար:
«Հայաստանի ԱԳ նախարարը զրուցակցին է ներկայացրել Դեկտեմբերի 12ից Ադրբեջանի կողմից Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը` ընդգծելով, որ Ադրբեջանի գործողութիւններն ուղղուած են Լեռնային Ղարաբաղում հումանիտար (մարդասիրական) աղէտ ստեղծելուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեանն էթնիկ (ցեղային) զտման ենթարկելուն», կ՛ըսուի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ, ուր նաեւ կ՛ըսուի, թէ Միրզոյեան նաեւ ընդգծեց, որ Ատրպէյճան կը խախտէ 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած իր պարտաւորութիւնները եւ կոպտօրէն կ՛ոտնահարէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքը: Ան կարեւոր նկատեց միջազգային հանրութեան հասցէական արձագանգը Լաչինի միջանցքով անխոչընդոտ երթեւեկութեան վերականգնման պարունակին մէջ:
Միացեալ Նահանգները մտահոգ է Լաչինի միջանցքով տեղաշարժի արգելքներով եւ կոչ կ՛ուղղէ բոլորովին վերականգնել տեղաշարժը:
Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակեց Սպիտակ տունը՝ ներկայացնելով Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ճէք Սալըւընի` Հայաստանի անվտանգութեան խորհրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու վարչութեան պետ Հիքմեթ Հաճիեւի հետ 22 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցին արդիւնքները:
Նշուեցաւ, որ զրոյցներուն ընթացքին ամփոփուեցան Ուաշինկթընի մէջ 27 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած անոնց միացեալ հանդիպումէն ետք Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ ընթացող խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ տեղ գտած յառաջընթացը: Բոլորը հաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը բանակցային գործընթացին, որուն նպատակը խաղաղութեան համաձայնագիրի ամբողջականացումն է։
Կը նշուի, որ Սալըւըն երկու կողմերը յորդորեց դիտարկել քայլեր, որոնք պիտի մեղմեն լարուածութիւնը եւ հիմերը նախապատրաստեն ապագայ բարիդրացիական յարաբերութիւններուն համար:
«Ան հաստատեց, որ այս պահուն կը շարունակեն մտահոգուած մնալ Լաչինի միջանցքի տեղաշարժի արգելքներով եւ այդ իրավիճակէն բխող հետզհետէ ծանրացող մարդկասիրական կացութեամբ եւ կոչ ուղղեց՝ բոլորովին վերականգնելու միջանցքով ազատ տեղաշարժը», կ՛ըսուի Սպիտակ տան հաղորդագրութեան մէջ։