2023ին, ռուսական զօրքերու խմբաւորումները եւ խաղաղապահները պիտի շարունակեն իրականացնել իրենց խնդիրները Արցախի եւ Սուրիոյ մէջ: Այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու՝ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան անձնակազմին հետ ունեցած ընդլայնուած նիստին ընթացքին։
«2023ի առաջնահերթ խնդիրներն են` շարունակել ռազմական յատուկ գործողութիւնը, մինչեւ խնդիրներու ամբողջական կատարումը, ռուսական զօրքերու խմբաւորումներուն եւ ուժերուն հետ ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի եւ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանումը», շեշտեց Շոյկու։