ՀԲԸՄը խորապէս մտահոգ է Արցախի ժողովուրդին սպառնացող մարդասիրական լուրջ տագնապի նախանշաններով, արձանագրելով իր ընդվզումը ատրպէյճանցիներու լկտի միջոցառումներուն նկատմամբ։ ՀԲԸՄը նաեւ ապշած է միջազգային հանրութեան կողմէ ցուցաբերուած անբացատրելի կրաւորական կեցուածքին պատճառով:
Ի գործ դնելով ռազմական յանցագործներու յատուկ յայտնի միջոցները, Ալիեւ եւ իր կառավարութիւնը, դաւադրաբար, պարզ քաղաքացիները կը զրկեն ապրելու համար անհրաժեշտ կենցաղային միջոցներէ, դադրեցնելով ուժանիւթի մատակարարումը եւ փակելով հաղորդակցութեան միակ ճանապարհը: Ատրպէյճանի վարչակարգը ամէն միջոց ի գործ կը դնէ Արցախը աշխարհէն արգելափակելու համար: Գոցելով Հայաստան-Արցախ միակ ճանապարհը եւ դադրեցնելով կազի մատակարարումը հայկական հողամասերուն՝ Ատրպէյճան 120,000 բնիկ հայ ժողովուրդը զրկած է ուտելիք, ջերմութիւն, վառելանիւթ եւ դեղորայք ապահովելու միջոցներէն: Արցախ մուտք եւ ելքի ճանապարհը գոց պահելով՝ Ատրպէյճան կ՛արգիլէ մարդասիրական կազմակերպութիւններու, որոնց շարքին ՀԲԸՄի մուտքը Արցախ, մահացու աքցանի մէջ առնելով Արցախը:
Հայաստանը Արցախին կապող Լաչինի միակ միջանցքին արգելափակումը, ռուսական միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայացած եռակողմ համաձայնութեան բացայայտ խախտում է, որ մարդկային տարրական իրաւունքի ոտնակոխում կը հանդիսանայ: Եթէ տուեալ արգելափակումը շարունակուի, անիկա մահաբեր պիտի ըլլայ յատկապէս մանուկներու եւ տարեցներու համար:
Այս շաբթուան ընթացքին ցուցադրուած լրատուական լուսանկարներէն եւ տեսաերիզներէն ակնյայտ է, որ իբր քաղաքացի բողոքողներ ներկայացող անձեր, յատուկ ծառայութիւններու եւ զինեալ ծայրայեղական ազգայնամոլներու «Գորշ Գայլեր» անունով ծանօթ խորհրդարանական շարժումի անդամներ են:
Ատենին ապահով նկատուած այս միջանցքի ապահովութիւնը 9 Նոյեմբերի եռակողմ համաձայնագիրով վստահուած էր ռուսական խաղաղապահ ուժերու հսկողութեան:
ՀԲԸՄի Նախագահ Պերճ Սեդրակեան խստիւ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի անխիղճ գործելակերպը՝ իբրեւ տարածարշրջանի բնիկ հայ ժողովուրդին ուղղուած ցեղային զտման փորձ: «Աշխարհը բազմիցս ականատէս եղած է այս հրէշային ծրագիրին: Մենք կոչ կ՛ուղղենք աշխարհի տարածքին կշիռ ունեցող քաղաքական ուժերուն՝ գործնական միջոցներ գործադրելու, որպէսզի Ատրպէյճան դադրեցնէ իր ապօրինի գործողութիւնները, որոնք ակնյայտ բռնարարք կը հանդիսանան եւ խախտում են Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները ապահովող յետ-պատերազմեան եռակողմ համաձայնութեան: Աշխարհի առաջնորդները պէտք չէ կրաւորական դիտողի դերին մէջ գտնուին, ինչպէս անցեալին, հայերու սպառնացող այս ճգնաժամին դիմաց: Դարձեալ անմեղ կեանքեր լրջագոյն վտանգի տակ են, ինչպէս քսաներորդ դարու սկիզբը»:
ՀԲԸՄը, որ առաւել քան երեք տասնամեակներ հաւատարիմ մնացած է Արցախին զօրակցելու իր յանձնառութեան՝ կոչ կ՛ուղղէ աշխարհատարած հայութեան, անյապաղ իրազեկելու իրենց տեղական համապատասխան քաղաքական առաջնորդները եւ ներկայացուցիչները Արցախի ժողովուրդին սպառնացող ճգնաժամին մասին: Ժամանակը էական է եւ արագ գործելու անհրաժեշտութիւնը հրամայական է: