ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կարս-Ախալքալաք-Թիֆլիս-Պաքու երկաթուղիի կառուցումը զուտ քաղաքական նախագիծ է, որովհետեւ բացարձակապէս տնտեսական հիմնաւորում չունի, եւ Հայաստանի շրջափակումը ամրացնելու, հիմնաւորելու միտում ունի: Այս մասին Փետրուար 7ին յայտարարեց ԱԺ փոխնախագահ Վահան Յովհաննիսեան՝ անդրադառնալով նոյն օրը Թիֆլիսի մէջ երկաթուղիի շինարարութեան վերաբերեալ ստորագրուելիք համաձայնագիրին:
«Թուրքիայի հաշուարկն առնուազն այն է, որ եթէ ճանապարհն աշխատի, Թուրքիայի նկատմամբ ճնշումը՝ Հայաստանի հետ երկաթուղին բացելու ուղղութեամբ, կարող է թուլանալ: Սակայն, կարծում եմ, դա սխալ հաշուարկ է, որովհետեւ միայն մենք չէ, որ հասկանում ենք, որ սա քաղաքական նախագիծ է եւ հաղորդակցութեան, տնտեսութեան հետ որեւէ կապ չունի», ըսաւ ԱԺ փոխնախագահը:
Ըստ Վահան Յովհաննիսեանի, եթէ հայկական կողմը կարենայ ճիշդ դիւանագիտական լուծումներ գտնել, այդ նախագիծը կրնայ առնուազն շատ ձգձգուիլ, քանի որ այն հեշտ իրականացուելիք չէ. շատ դժուարամատչելի տարածքներով պէտք է անցնին նոր կառուցուող հատուածները: Ֆինանսաւորման խնդիրներն ալ այդքան հեշտ պիտի չըլլայ լուծել, յատկապէս այն բանէն յետոյ, երբ Միացեալ Նահանգներ արգիլեց որեւէ մասնակցութիւն այդ նախագիծի ֆինասաւորման. «Պէտք է կարողանանք այնպէս անել, որ Եւրոմիութիւնը նոյնպէս այդ արգելքին միանայ, եւ, կարծում եմ, հէնց այդ ուղղութեամբ պէտք է աշխատի մեր դիւանագիտական ամբողջ համակարգը», նշեց Վ. Յովհաննիսեան:
Ի դէպ, Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը, Վ. Յովհաննիսեանի գլխաւորութեամբ, պիտի մասնակցի Փետրուարին Վիեննայի մէջ նախատեսուող ԵԱՀԿ ԽՎ ձմեռնային նստաշրջանի աշխատանքներուն, որուն օրակարգին մէջ ընդգրկուած են նաեւ ուժանիւթի ապահովութեան եւ, այդ ոլորտին հետ կապուած՝ նաեւ հաղորդակցութեան գիծերու հարցեր: