ՀՕՄի «Նայիրի» մասնաճիւղը կազմակերպած է Զարուհի Փիլիկեանի նկարներու ցուցահանդէսը, որու բացումը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 3, 2006ին, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի «Թումանճեան» սրահին մէջ:
Ձեռնարկը կը վայելէ հովանաւորութիւնը ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան: Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
Զարուհի Փիլիկեանի գործերը կը բաղկանան իւղանկարներէ եւ ջրաներկով նկարուած պաստառներէ: