
Ամերերկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովը եւ Ազգային վարչութիւնը կը գուժեն Գէորգ Գարաճրճեանի մահը, որ պատահեցաւ 29 Նոյեմբեր 2022ին:
Հանգուցեալը իր կեանքին ընթացքին ծաւալած է ազգային-հասարակական-ճարտարապետական գովելի գործունէութիւն եւ իր եկեղեցասէր ու ազգանուէր բծախնդիր ոգին, ճարտարապետական շնորհը, տաղանդը եւ փորձառութիւնը ի սպաս դրած՝ Հայ եկեղեցւոյ եւ հայկական գաղութներու, յատկապէս նշանակալի դեր ունենալով հայկական կառոյցներու շինարարական բարեզարդման ծրագիրներու՝ Հալէպէն մինչեւ Լիբանան եւ Միացեալ Նահանգներ: Անոր ճարտապետական յղացման արգասիքն են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի մուտքի շէնքերը, հոյակերտ Վեհարանը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի վերնատունը, «Զարեհեան» դամբարանը, ինչպէս նաեւ ժողովրդային բնակարաններ, Ծերանոց եւ այլ հաստատութիւններ:
Իր արձանագրած փայլուն յաջողութիւններուն եւ նուաճումներուն համար ան արժանացած է օրհնութեան գիրերու՝ վեհափառ հայրապետներէ եւ առաջնորդ սրբազաններէ, «Էլիս Այլընտ» պատուոյ շքանշանին, ինչպէս նաեւ մեծաթիւ մրցանակներու պետական եւ միութենական շրջագիծին մէջ: Նոյեմբեր 2004ին, ան նաեւ արժանացած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշանին՝ ձեռամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի:
Այս տխուր առիթով, Ազգային առաջնորդարանի մեծ ընտանիքը ցաւակցութիւն կը յայտնէ հանգուցեալի տիկնոջ՝ Սաթենիկին, զաւակներուն՝ Արային, Լիլիթին, Մարալին, Վիգէնին, Աբոյին եւ անոնց ընտանիքներուն, թոռներուն, ինչպէս նաեւ հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն:
Պիտի կատարուի Ազգային թաղում:
Մանրամասնութիւնները կը ծանուցուին մամուլով:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ