ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Համաշխարհային երեւոյթ է մանաւանդ քսաներորդ դարու սկիզբէն ի վեր ու տակաւ շարունակուող՝ գիւղէն դէպի քաղաք գաղթը, պատճառ դառնալով մէկ կողմէ քաղաքներու ընդարձակման եւ ուռճացման, որուն ամէնէն յատկանշական հետեւանքներէն եղած են գերխճողումը, բնակչութեան խտութիւնը, ենթակառուցուածքներու եւ բնակարաններու անբաւարարութիւնը, ողողումները, աղքատ տնակային աւաններու ստեղծումը, ոճիրներու բազմացումը, մթնոլորտային ապականումը եւ ընկերային զանազան այլ հարցեր, իսկ միւս կողմէ՝ գիւղերու եւ աւաններու մարդաթափումը, իր հետ բերելով մշակելի հողամասերու լքուածութիւն, աղակալում եւ գիւղատնտեսական արտադրութիւններու արտահանութեան փոխարէն՝ անոնց ներածումը:
Նշուած բացասական երեւոյթներուն առաջքը առնելու միտուած էր 2014ին Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտիի կողմէ՝ Մահադմա Կանտիի առաջարկած իտէալական գիւղին (Adarsh Gram) եւ սեփական ներուժին ապաւինելու (Swaraj) քայլերուն եւ միջոցներուն որդեգրումը: Աւելի՛ն, վարչապետ Մոտի յորդորած էր երկրի խորհրդարանի իւրաքանչիւր պատգամաւոր, որ ստանձնէ գիւղի մը՝ իր սեփական «իտէալական գիւղի» տեսլականը, եւ զայն իրագործելու մարտավարութիւնը ներկայացնէ: Ժողովուրդին դիմելով՝ ան ըսած էր, որ գիւղը պէտք է ըլլայ ինքնաբաւ եւ յենարանը երկրի զարգացման, կրթութիւնը՝ առաջնահերթութիւն իւրաքանչիւր անհատի համար, եւ թէ Հնդկաստանը իր սնունդը ապահովելու համար պէտք է ըլլայ ինքնաբաւ. վերջապէս, գիւղի զարգացումը երկրի զարգացման առաջնորդող ճանապարհն է: Աւելին, ան արդէն իսկ որդեգրած է «խելացի գիւղ» (Smart Village) հասկացութիւնը եւ իր ամերիկեան սփիւռքի հայրենակիցներուն օժանդակութեամբ մեկնարկը տուած է անոր? արդէն իսկ 62 նման գիւղեր գոյութիւն ունին:
Հնդկաստան այդ քաղաքականութեամբ փաստօրէն երկար ճանապարհ կտրած է, ու թէեւ տակաւին ետ կը մնայ իր հարեւան Չինաստանէն, ան յաջողած է արդէն իսկ համաշխարհային տնտեսական ուժ դառնալ եւ դասուիլ առաջնակարգ երկիրներու շարքին՝ արդիւնաբերական եւ մանաւանդ արհեստական բանականութեան ոլորտին մէջ:
Այսօր համաշխարհային առումով հսկայական հաստատութիւններ իրենց կեդրոնները Չինաստանէն փոխադրած են Հնդկաստան կամ մասնաճիւղեր բացած այնտեղ:
Գիւղերը դատարկուելու երեւոյթը առկայ է նաեւ Եւրոպայի զարգացած երկիրներուն մէջ, եւ անոնք եւս մտահոգ են սոյն երեւոյթով ու սկսած են մտածելու տարբեր միջոցառումներու մասին, որոնցմէ առաջնայինը գիւղերու մէջ թուայնացումը արագացնելն է, իսկ երկրորդը՝ գիւղական զբօսարջութեան զարկ տալ: Զբօսաշրջութեան առումով, կարգ մը երկիրներ անշուշտ աւելի բախտաւոր են, տրուած ըլլալով, որ անոնք աւելի յարմարաւէտ եւ տեսարժան վայրերով օժտուած են, օրինակ՝ Զուիցերիա:
Զուիցերիան փոքր երկիր է եւ շատ հարուստ՝ իր խայտաբղէտ բնութեամբ: Այնտեղ կան լիճեր եւ գետեր, Ալպեան մարգագետիններ եւ բարձրունքներ, որոնցմէ առաջիններուն երկայնքին եւ շուրջը գտնուող գիւղաքաղաքներն ու գիւղերը՝ շատ արդիական ճանապարհներով կապուած են մեծ քաղաքներու հետ? հոն գործարաններ ու ընկերութիւններ հիմնուած են: Հետեւաբար, այդ գիւղերու բնակչութիւնը աշխատատեղիներով ապահովուած են: Ալպեան եւ հեռաւոր գիւղերը շատ գեղատեսիլ եւ զբօսաշրջութեամբ նշանաւոր վայրեր ըլլալով հանդերձ, բնակչութիւնը այդտեղ պահելու հարց գոյութիւն ունի: Պետութիւնը գիտակից ըլլալով այդ դժուարութիւններուն՝ արդէն իսկ սկսած է գիւղերը թուայնացնելու (digitalizing) աշխատանքին, նպատակ ունենալով՝ ի վերջոյ բոլոր գիւղերը խելացի գիւղերու (Smart Villages) վերածել:
Բայց ի՞նչ կը նշանակէ «խելացի գիւղ» հասկացութիւնը: Ատիկա պարզապէս այն գիւղն է, ուր առաջին հերթին համացանցը հասանելի է բոլորին, եւ անոր օգտագործումը հնարաւոր է ամէն տեղ, ապա՝ ճամբաները որակով ասֆալթապատուած են, ինչ որ պիտի ապահովէ գիւղին մաքրութիւնը եւ պիտի հեշտացնէ կապը այլ գիւղերու ու քաղաքներու հետ: Գիւղը ունի առողջապահական հաստատութիւն, մաքրութեան համակարգ, մաքուր ջուր, օրկանական եւ ջերմոցային գիւղատնտեսութիւն՝ կաթիլային որոգումով, մանուկներու խաղավայր, մշակութային նախաձեռնութիւններու համար վայր, դպրոց, եւ այլն: Սակայն, կարեւորագոյնը՝ ուրիշ գիւղերու եւ համայնքներու հետ միասնական աշխատանքն է, գտնելու համար լաւագոյն եւ յարմարագոյն լուծումներ՝ տուեալ գիւղերու աշխարհագրական, կլիմայական, ժողովրդագրական եւ այլ գործօններէ թելադրուած:
«Խելացի գիւղ» ստեղծելու համար, Եւրոպայի մէջ արդէն իսկ կայ 2017ին ստեղծուած ENRD (European Network for Rural Development) կառոյցը, որուն կ՛անդամակցին Եւրոպայի զանազան երկիրներէ ներկայացուցիչներ: Այս կառոյցը պարբերաբար կը կազմակերպէ սեմինարներ եւ գիտաժողովներ, մասնակցութեամբ այդ խելացի գիւղերէն ներկայացուցչական մարմիններու, արձանագրուած արդիւնքներուն մասին տեղեկատուութիւն փոխանակեկու միմիանց եւ հաղորդակից ըլլալու համար նորանոր մտայղացումներու:
Ի մտի ունենալով այս հասկացութեան նորարարութիւնը, նոյնիսկ Եւրոպայի մէջ, մենք շատ ուշացած չենք, նոյնիսկ երկչոտ փորձերու սկսած ենք Հայաստանի Լոռիի մարզի Դեբետ գիւղի օրինակով, սակայն աւելի լաւ եւ արագ արդիւնքներ արձանագրելու եւ այդ գաղափարը տարածելու համար, թերեւս անհրաժեշտ է կապ հաստատել ENRD-ի հետ, իրենց փորձէն օգտուելու համար, ինչպէս նաեւ՝ դիմել Սփիւռքի մեր կառոյցներուն, որ զօրավիգ կանգնին՝ Հայաստանի մէջ այս ծրագիրը տարածուն դարձնելու համար:
Մեր դրացի-թշնամի Ատրպէյճանը արդէն իսկ այդ տեսակի գիւղ մը հիմնած է վերջին պատերազմին իր վերագրաւած հողամասերէն Զանգելանի շրջանին մէջ, զոր այժմ կոչած է Ակալի եւ վերաբնակեցուցած զայն, նաեւ ծրագրած է երեք նոր նոյնանման գիւղեր կառուցել նոյն Զանգելանի մէջ: Ինչպէս կը տեսնենք, անիկա բաւականացած չէ միայն գրաւելով, այլեւ ձեռնարկած է եւ մտադիր՝ այդ հողերը արագօրէն վերաբնակեցնելու ատրպէյճանցիներով, այդ նպատակին յաջողութեան համար գրաւիչ պայմաններ ստեղծելով: Այս արագութիւնը հաւանաբար պայմանաւորուած է ատրպէյճանական մտավախութեամբ մը՝ միջազգային հանրութեան կողմէ տարածաշրջանին նկատմամբ ապագայ քաղաքականութեան փոփոխութեան կամ մեր եւ իրենց միջեւ ուժերու հաւասարակշռութեան խախտման պարագային՝ հաւանական պատերազմ մը:
Ատրպեճանցիները, ի տարբերութիւն մեր քաղաքական վերնախաւին, աւելի սթափ են ու աւելի նպատակաուղղուած. անոնք քաջ գիտեն, թէ հողը կը պահուի վրան ապրողներու ձեռքով: Մենք այդ մէկը նկատի չառինք, եւ հակառակ անոր որ տասնամեակներ շնորհուած էին մեզի այդ միտքը յաջողցնելու համար, մենք անտարբեր գտնուեցանք եւ երեսի վրայ թողեցինք այդ թանկագին հողերը: Ո՛չ միայն չվերաբնակեցուցինք զանոնք, այլ նոյնիսկ հանգիստ դիտեցինք Արցախի քաղաքներու եւ գիւղերու շարունակաբար դատարկուիլը:
Հայաստանի ներկայ իրավիճակն ալ նախանձելի չէ. մեր գոյութեան հիմնասիւներէն՝ սահմանամերձ ու ընդհանրապէս բոլոր գիւղերը կը նօսրանան, այնտեղ տիրող անմխիթար վիճակին պատճառով: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է ուժերու գերլարում եւ ի թիւս այլ քայլերու՝ առաջին հերթին ուշադրութիւն դարձնել գիւղական համայնքներուն, ինչի համար ալ հարկ է անյապաղ հետեւիլ զուիցերիական, հնդկական եւ եւրոպական այլ երկիրներու օրինակին:
Մեզի պէտք են «խելացի գիւղեր»ը… Adarsh Gram-ը եւ Swaraj-ը: