Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդունեց Ռուսիոյ նախագահի օգնական Իկոր Լեւիթինը: Այս մասին կը հաղորդէ «Թերթ»ը:
Հանդիպումի ընթացքին կողմերը գոհունակութիւն յայտնեցին ռուս-ատրպէյճանական երկկողմ յարաբերութիւններու, ներառեալ տնտեսական կապերու զարգացման վերաբերեալ: Անոնք շեշտեցին փոխադրամիջոցներու եւ ենթակառոյցներու ոլորտներուն մէջ միացեալ աշխատանքի կարեւորութիւնը:
Զրոյցին ընթացքին երկկողմ եւ շրջանային հարթութեան վրայ քննարկուեցան փոխադրամիջոցներու, տարանցման, նաեւ Հիւսիս-հարաւ փոխադրամիջոցային միջանցքի եւ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ի կարելիութիւններու ընդլայնման վերաբերող հարցեր: