3 Դեկտեմբերին Շուշի-Քարինտակ խաչմերուկի հատուածին մէջ, քաղաքային հագուստներով խումբ մը ատրպէյճանցիներ բնապահպանական պատճառաբանութեամբ փակեցին Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղին:
Արցախի տեղեկատուական շտապէն յայտնեցին, որ ակնյայտ է, թէ Ատրպէյճանի այս քայլը սադրանք է, որուն նպատակն է Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ցամաքային կապը ընդհատել եւ խաղաղ բնակչութիւնը հոգեբանական ահաբեկչութեան ենթարկել:
Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուներու՝ ատրպէյճանական կողմին հետ առաւել քան երեք ժամ տեւած բանակցութիւններէն ետք, Արցախը Հայաստանին կապող միակ մայրուղին երկկողմանի կերպով վերաբացուեցաւ ամէն տեսակի փոխադրամիջոցներու երթեւեկութեան համար:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ, ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու, Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ տեսակցած ատրպէյճանցիները մտահոգութիւն յայտնեցին Արցախի մէջ օգտակար հանածոներու «ապօրինի շահագործման եւ այդ գործունէութեան արդիւնքներուն վերաբերեալ»: Անոնք կարեւոր նկատեց տեղւոյն վրայ հսկողութիւնը, գոյքագրումը եւ բնապահպանական ուսումնասիրութիւնը:
Ըստ Ատրպէյճանի բնապահպանութեան նախարարութեան՝ քննարկումներու հիմամբ սկսած է այդ աշխատանքներու իրականացման համար ճամբու քարտէսի նախապատրաստութիւնը:
Ըստ Պաքուի՝ հանդիպում մը տեղի ունեցած է ռուս խաղաղապահներու Խոջալուի հրամանատարական կեդրոնին մէջ, ապա ատրպէյճանցիները վերադարձած են բռնագրաւեալ Շուշի:
Միւս կողմէ, 4 Դեկտեմբերին, ռուս խաղաղապահներուն ուղեկցութեամբ Մատաղիս-Քարվաճառ ճամբով հերթական կերպով կազմակերպուեցաւ ատրպէյճանական բեռնատարերու շարասիւնի երթեւեկը: Բեռնատարներէն բացի, շարասիւնին մէջ գտնուեցաւ մարդատար ինքնաշարժ մը՝ քաղաքային հագուստով 4 ատրպէյճանցիներով: Այս մասին կը հաղորդէ Արցախի ոստիկանութիւնը:
Շարասիւնը թեքնիք պատճառներով կանգ առաւ Մարտակերտի շրջանի Գետաւան համայնքին մէջ, այնուհետեւ մարդատար ինքնաշարժի ատրպէյճանցիները ինքնաշարժէն իջան եւ սկսած սանձարձակ եւ սադրիչ վարք դրսեւորել հոն գտնուող հայ երիտասարդներու նկատմամբ: Այդ պատճառով ծագեցաւ վիճաբանութիւն, որուն ընթացքին նշուած ատրպէյճանցիներուն միացան նաեւ բեռնատարերու վարորդները եւ բռնութիւն գործադրեցին հայ երիտասարդներուն նկատմամբ:
Վէճը դադրեցնելու նպատակով, նոյն տեղը հասան նաեւ երիտասարդներուն հարազատները, ծայր առաւ քաշքշուք: Արձանագրուեցան վիրաւորներ: Վնասուեցաւ նաեւ ատրպէյճանական մարդատարը:
Ըստ նախնական տեղեկութիւններուն՝ քաղաքային հագուստով անձերը Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու եւ ռազմական ոստիկանութեան ծառայողներ են, մինչդեռ ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ նշուած ճամբու պարբերաբար օգտագործումը պէտք է ունենար միայն մարդասիրական նպատակներ:
Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանութիւնը քայլերու ձեռնարկեց՝ դէպքի հանգամանքները պարզելու եւ փաստագրելու համար: Միջադէպի մասին տեղեակ պահուեցաւ նաեւ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը:
Դէպքին արձագանգեց Արցախի պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան՝ վստահեցնելով, որ ատրպէյճանցիներուն կողմէ շահարկուող բնապահպանական խնդիրներ չկան Արցախի մէջ:
«Ալիեւեան «բնապահպանական ակտիւիստները (գործիչները)» փաստօրէն ոչ մի բնապահպանական խնդիր ու ճանապարհ չգտան խոշորագոյն հանքեր ու կոռումպացուած (զեղծարար, փտած) իշխանութիւններ ունեցող Ադրբեջանում, որ այդ հարցերը բարձրացնեն ու իրենց ճանապարհները փակեն: Նրանց կողմից շահարկուած բնապահպանական խնդիրները չկան Արցախում, քանի որ Արցախի Կաշէնի հանքի պոչամբարը միջազգային լաւագոյն չափորոշիչներին է համապատասխանում, որը պարբերաբար անցնում է միջազգային մակարդակի փորձագիտական ստուգումներ: Կաշենի հանքը գտնւում է ադրբեջանական ամենամօտիկ գիւղից՝ Ղափանլիից շուրջ 19 կմ. հեռաւորութեան վրայ եւ շատ հեռու է նրանց ջրային ռեսուրսներից (միջոցներէն): Չեմ զարմանայ, որ մէկ օր էլ ալիեւեան «Մարդու իրաւունքների ակտիւիստները» ցանկանան փակել Արցախ-Հայաստան միակ ճանապարհը՝ պահանջելով Ալիեւից ազատ արձակել ադրբեջանցի քաղաքական բանտարկեալներին», իր էջին վրայ գրած է Բեգլարեան:
Իր կարգին, Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան միջազգային հանրութեան հիմնական դերակատարներէն պահանջեց հասցէական եւ կոշտ քայլերով ձեռնարկել պատժիչ ու կանխարգելիչ միջոցներու՝ Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ Ատրպէյճանի կատարած ահաբեկչութեան եւ ցեղասպանական քաղաքականութեան հերթական դրսեւորումներուն դէմ, որպէսզի կարելի ըլլայ նման դէպքերու կրկնութենէն եւ մեծ աղէտէ խուսափիլ: Ան շեշտեց, որ Արցախը Հայաստանին կապող մայուղին փակելու դիտաւորեալ փորձ կայ: «Ադրբեջանի կողմից Արցախ-Հայաստան միակ ճանապարհի դիտաւորեալ փակումը Արցախի ժողովրդի նկատմամբ իրականացուող ահաբեկման եւ ցեղասպանական քաղաքականութեան հերթական դրսեւորումն է: 2022 թուականի Դեկտեմբերի 3ին կէսօրից յետոյ ադրբեջանական կողմը կեղծ բնապահպանական պատճառաբանութեամբ Շուշիի հատուածում փակել է Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղին, որը Արցախը արտաքին աշխարհի հետ կապող միակ ճանապարհն է:
«Այս պահին Արցախի 120 հազար ժողովուրդը ամբողջական շրջափակման մէջ է՝ կանգնելով հումանիտար (մարդասիրական) վերահաս աղէտի առջեւ, որի յանցաւոր պատասխանատուն ադրբեջանական իշխանութիւններն են», շեշտեց ան:
Ստեփանեան յիշեցուց զինադադարի հաստատումէն ի վեր Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ բնականոն կեանքը վտանգելու նպատակով բազմիցս կատարուած ենթակառուցուածքները դիտաւորեալ թիրախ դարձնելու եւ անոնց գործունէութիւնը խափանելու վերաբերող գործողութիւնները, որոնք Արցախը ցեղային զտման ենթարկելու ընդհանուր քաղաքականութեան բաղադրիչներէն են: Աւելի՛ն, «նոյնիսկ վերջին շրջանում ադրբեջանական կողմը շարունակաբար կեղծ տեղեկատուական առիթներ էր յօրինում ճանապարհի հնարաւոր փակումը լեգիտիմացնելու (օրինականացնելու) նպատակով»:
Ստեփանեան ընդգծեց, որ նման վտանգներու կրկութեան վերաբերեալ ահազանգած են տարբեր խողովակներով ու միջոցներով, սակայն պատշաճ եւ հասցէական կանխարգիլման բացակայութեան պատճառով, Ատրպէյճան կը գործէ անպատժելիութեան վարքագիծով, որուն վերջնականապէս պէտք է վերջ դրուի: