Երեւան գտնուող ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ, կովկասեան բանակցութիւններու հարցերու աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըրը տեսաուղերձով հանդէս եկաւ` նշելով, որ պաշտօնը ստանձնելէն ետք ասիկա իր երկրորդ այցելութիւնն է Հայաստան: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ Ռիքըր ըսաւ, որ կը շարունակէ տպաւորուած մնալ ընդհանուր ժողովրդավարական արժէքներու նկատմամբ Հայաստանի յանձնառութեամբ` ի հեճուկս երկրին դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներուն:
Ան անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ ունեցած հանդիպումներուն՝ նշելով, որ շաբթուան սկիզբը նման հանդիպումներ ունեցաւ Պաքուի եւ Թիֆլիսի մէջ։ «Միացեալ Նահանգները բարձրագոյն մակարդակի վրայ` ի դէմս արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ Ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ճէք Սալըվընի, ներգրաւուած է եւ կ՛աջակցի Հայաստան-Ատրպէյճան ուղիղ բանակցութիւններուն: Մենք յանձնառու ենք Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ խաղաղ ապագայի ապահովման», ըսաւ Ռիքըր:
Ըստ անոր՝ շարունակական ուղիղ երկխօսութիւնը, այսինքն` ոչ թէ ռազմական գործողութիւնը, այլ դիւանագիտութիւնը, առանցքային է հարցերու կարգաւորման եւ տեւական խաղաղութեան հասնելու առումով:
«Բոլորս ալ կը գիտակցինք, որ ասիկա դիւրին չէ, սակայն ես կ՛ուզեմ կրկնել նախարար Պլինքընի դիտարկումը արտաքին գործոց նախարարներ Միրզոյեանի եւ Պայրամովի հետ հանդիպման ընթացքին: Միացեալ Նահանգները յանձնառու է ընել ամէն ինչ` աջակցելու կայուն խաղաղութեան հաստատման ձեր ջանքերուն», եզրափակեց Ռիքըր: