
ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին կազմակերպութեամբ, դոկտ. Ումիթ Քիւրթ, Ուրբաթ, 9 Դետեմբերին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, հանրային դասախօսութիւն մը պիտի տայ՝ քննարկելով Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին տեղական կառավարական մարմիններու, ղեկավարներու եւ անհատներու ունեցած կենսական դերակատարութեան մասին նիւթը։
Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ համալսարանին Գործարարական բաժանմունքի «Փիթըրզ» սրահին մէջ: Ինքնաշարժները կարելի է անվճար պահել P5 կամ P6 կանգառներուն մէջ, գաղտնաթիւ մը ստանալով Հայագիտական ծրագիրէն։
Դոկտ. Ումիթ Քիւրթ ուսումնասիրած է յատկապէս Օսմանեան կայսրութեան ընթացքին հայերէն կալուածներու բռնագրաւման ծալքերը եւ մասնագիտացած է Հայոց Ցեղասպանութեան, զանգուածային բռնարարքներու, հարստութիւններու փոխանցումներու, տեղական վերնախաւերու, թուրք ազգայնականութեան եւ Այնթապի հայութեան պատմութեան մարզերուն մէջ եւ հեղինակն է քանի մը հատոնրներու: Դոկտ. Քիւրթ 2016ին դոկտորի կոչում ստացած է «Քլարք» համալսարանէն եւ հեղինակը եւ համահեղինակն է շարք մը ուսումնասիրական յօդուածներու ու հատորներու, ինչպէս նաեւ խմբագրած է մասնագիտական թերթեր: Ան ներկայիս կը դասաւանդէ Աւստրալիոյ «Նիւքէսըլ» համալսարանին մէջ։
Դասախօսական ձեռնարկին մուտքը ազատ է։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը: